ՏԻԳՐԱՆ ՀԱԽՈՒՄԵԱՆ (ծնունդ՝ 17 Յունուար, 1894)
Թարգմանիչ ու գրականագէտ Տիգրան Հախումեան թարգմանական նշանակալից վաստակ ձգած է։ Ծնած է Երեւանի մէջ, 17 Յունուար, 1894ին։ 1912ին աւարտած է Պաքուի ռէալական դպրոցը, իսկ 1917ին՝ Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական եւ պատմա-բանասիրական ճիւղերը։ Նոյն թուականին, հաստատուած է Թիֆլիս, ուր մինչեւ 1920 աշխատած է իբրեւ «Ժողովրդի ձայն» եւ «Մշակ» թերթերու խմբագրութիւններուն մէջ։
Վրաստանի խորհրդայնացումէն ու «Մշակ»ի փակումէն ետք (1921), Հախումեան վերադարձած է Երեւան։ Այնուհետեւ, աշխատած է Լուսաւորութեան նախարարութեան քաղաքական կրթութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ, «Մաճկալ» ու «Խորհրդային Հայաստան» թերթերուն, ապա՝ «Վերելք» ամսագրի խմբագրութեան մէջ։ Միաժամանակ, 1923-1931ին դատապաշտպան եղած է։
Հախումեանի լրագրական ու իրաւական գործունէութեան ընկերացած է գրական գործունէութիւնը։ 1923ին լոյս տեսած է «Բանաստեղծութիւններ» ժողովածուն, իսկ 1931ին Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան պետական թատրոնը բեմադրած է «Թշուառներ» թատերախաղը։ Գրական ու ապա դասախօսական գործունէութիւնը սկսած է աւելի կարեւոր տեղ ստանալ 1930ական թուականներուն։ 1934ին Հախումեան Գրողներու Միութեան անդամ դարձած է, 1939ին ստանալով «Պատուոյ նշան» շքանշանը, իսկ 1943ին՝ Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը։ 1944-1945ին հրատարակած է երկու ուսումնասիրական հատորներ՝ ռուս նշանաւոր գրողներ Անտոն Չեխովի եւ Ալեքսանտր Կրիպոյետովի մասին։
Հախումեան հեղինակած է մէկ ու կէս տասնեակ թատերախաղեր, որոնց մէկ քանին բեմադրուած են Երեւանի, Թիֆլիսի, Պաքուի, Ռոստովի եւ Լենինականի (Գիւմրի) թատրոններուն մէջ։ Առանձնապէս բեղուն եղած է իր թարգմանական գործունէութիւնը. այլ գործերու շարքին, ռուսերէնէ թարգմանած է 99 թատերախաղեր։ 1943-48ին դասախօսած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկին, Երեւանի պետական համալսարանին եւ Վալերի Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ։ 1951ին «Դերենիկ Դեմիրճեանի դրամատուրգիան» նիւթով իր ուսումնասիրութիւնը պաշտպանած է եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան ստացած, իսկ 1961ին՝ փրոֆեսորի տիտղոս։
Ռուսերէն հրատարակած է գրական յօդուածներու եւ յուշերու երկու հատոր (1965 եւ 1970), իսկ հայերէն արժէքաւոր յուշերը լոյս տեսած են յետմահու (1987)։
Տիգրան Հախումեան իր մահկանացուն կնքած է Երեւանի մէջ, 25 Մարտ, 1973ին։