ԵՐԿՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒՍ ԿՈՐՈՒՍՏԸ՝ ԵՐԿՆԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Հոգեւոր հայրը՝ հոգելոյս Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան, լաւագոյնս ճանչնալով իր հոգեզաւակինբազմատաղանդ շնորհները, քահանայական ձեռնադրութեան առթիւ զինք կոչեց Մեղրիկ, միջնադարուանուանի երաժշտագէտ Մեղրիկ Վարդապետի անունով: Անցնող երեք տասնամեակներուն, Մեղրիկվարդապետ, եւ ապա Եպիսկոպոս, լաւագոյնս արդարացուց իր անունին բոլոր յատկութիւնները, որպէս իրէութեան արտացոլացում: Բաւ է հպանցիկ ակնարկ մը նետել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսիհովանաւորած հոգեւոր թէ ժողովրդային բնոյթ ունեցող արուեստի այն բոլոր ձեռնարկներուն վրայ, եւ պիտիտեսնենք, թէ ինչպէս Հայր Մեղրիկը համեմատաբար երիտասարդ, եւ ապա չափահաս խմբավար, հիացմունք առթեց հայ թէ օտար երաժշտագէտներու եւ երաժշտասէրներու: Իր ուսուցիչը եւ հոգեւոր հայրըսրտի խոր գոհունակութեամբ միշտ հետեւեցաւ շնորհալի հոգեզաւակի յաջողութեանց, քաջալերելով անորփոքր թէ մեծ յառաջխաղացումը:
1997 թուականին Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ հոգելոյս Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Աշճեանիհրաւէրով, Հայր Մեղրիկ ժամանեց Նիւ Եորք՝ բազմակողմանի առաքելութեամբ: Առաջին հերթին, իրբարձրագոյն ուսումը կատարելագործեց Mannes երաժշտանոցը, արժանանալով պատուոյ վկայականի (with honors): Ուսման կողքին, Հայր Սուրբը պատրաստեց թեմական միացեալ երգչախումբ մը՝ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական առաջին այցելութեան առթիւ: Երգչախումբին կը մասնակցէինՆիւ Եորքի, Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆիլատելֆիոյ մեր երկսեռ երաժշտասէրները: Որքան որ տպաւորիչ էրերգչախումբը, Հովուապետի մատուցած Պատարագի բացառիկ կատարողութեամբ, նոյնքան եւ հիանալի էրանոր երիտասարդ խմբավարին կատարելութեան սիրով բորբոքած զոհողութիւնը, երբ երեք ամիսներուվրայ ամէն շաբաթ՝ փորձերու համար կը ճամբորդէր գաղութները, իր հետ ընկերակից ունենալով այդօրերուն Գրիգոր Սարկաւագ Լագիսեանը:
Հայրապետական Սուրբ Պատարագի երգչախումբի կողքին, Հայր Սուրբը
կազմակերպեց մանկա-պատանեկան «Կաքաւիկ» երգչախումբը, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով նորահաս սերունդին մէջ: Նաեւ՝«Սիամանթօ» լսարանի աշակերտութեան գողտրիկ դասախօսութիւններ պատրաստելով, անոնց մէջարթնցուց անսովոր սէր հայ երգին հանդէպ:
Այնուհետեւ, Հայր Սուրբը ծառայութեան կոչուեցաւ Թորոնթօ, ապա՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, վերադարձաւ Մայրավանք, տնօրէն նշանակուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի եւ վերջապէս տեսուչ՝ ՊիքֆայայիԶարեհեան Դպրեվանքին, ուր ներշնչումի թեւեր առած էր իր պատանի հոգին, եւ ուր աւա՜ղ շիջեցաւ իրհոգին անկատար տենչերով:
Բոլոր անոնք որոնք ճանչցան, գործեցին ու ապրեցան այս ո՛չ սովորական հոգեւորականին հետ, վստահ եմոր առինքնուած են անոր անուան նման իր բնութեան քաղցրութեամբ, իր անհատականութեան ունկարագրին վճիտութեամբ, իր պարզութեամբ ու թափանցիկութեամբ, անկեղծութեամբ ու ջերմութեամբ, անձնուիրութեամբ ու զոհողութեամբ: Այս բոլորով, ան յարգանք, սէր եւ հիացում պարտադրած էրառհասարակ բոլորին: Եթէ պատահէր, որ նոյնիսկ զայրոյթով արտայայտուէր, անանձնական ըլլալովատիկա, ո՛չ ոք կը վիրաւորուէր անոր սլաքներէն: Կը յիշեմ, «Կաքաւիկ» երգչախումբի չարաճճի մանուկներերբ մօտը կանչէր «պատժելու» համար, հաճոյքով կը մօտենային անոր, կարծէք առանձնաշնորհում ըլլարատիկա:
Հայկական առած մը կ՛ըսէ. «Հող բռնե՛ս, ոսկի՛ դառնայ»: Իրա՛ւ որ այս խօսքը լաւագոյնս կը յարմարէր իրեն: Որքան որ հետամուտ էր մեծ երազներու, նոյնքան եւ հետապնդող էր անոնց իրագործման: Ինչ գործի որձեռնարկէր, յաջողութեան ոսկիով կը պսակուէր: Վկայ՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյԾննդեան տօներու առթիւ կազմակերպած Broadway showերու հաւասար անզուգական հիանալիձեռնարկները, Լիբանանի մանուկներուն համար Այնճարի մէջ ամառնային ճամբարները, Նոր Տարուանառթիւ կարօտեալ ընտանիքներու նուէրներու բաշխումը, եւ մասամբ նոցին հաւաքներ, որոնք լաւագոյնվկաները կը մնան անոր ձեռնէրէցութեան: Զարմանալին այն էր, թէ որմէ որ խնդրէր նիւթականօժանդակութիւն ծրագիրներուն համար, սիրայօժար կու տային, վստահելով անոր ձիրքերուն, անսակարկնուիրումին, բայց մանաւանդ գործի յաջող պսակումին:
Եւ ահա Դպրեվանքեան տեսչութեան նոր երազներու սեմին, անողոք պսակաձեւ ժահրը խլեց սիրով, կենսունակութեամբ, ուժականութեամբ եւ նման առաքինութիւններով վառ՝ երիտասարդ միաբանակից եւսրտակից եղբայր մը, հոգեւոր հայր մը եւ հարազատ մը:
Ո՛չ մէկ կասկած, որ վանաբնակ երաժշտագէտ միաբանակից եղբայրները կարճ ժամանակամիջոցի մէջպիտի ամփոփեն երաժշտական անոր հարուստ ժառանգը, եւ այն թող ըլլայ մշտանուագ անոր մեղրաձայնը՝ժամանակի մէջ ապրողներուս:
Այսօր, Կիրակի, Յունուար 17, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագէն ետք, երբ երանելի Մեղրիկ Եպիսկոպոսի մարմինը յանձնուեցաւ հողին, Զարեհեան դամբարանին մէջ, երկրաւորներուս կորուստը դարձաւ երկնայիններուն հանդէսը, որովհետեւ ան արժանի եղաւ Տէրունականկոչին՝ «մո՛ւտ յուրախութիւն Տեառն քո» (Մտ 25.21):
Յաւիտենական յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի:
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ