Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ (3 Յունուար, 1968 – 16 Յունուար, 2021)

Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները խորին կսկիծով տեղեկացան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան եւ Դպրեվանքի տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, ի Տէր հանգաւ Շաբաթ, 16 Յունուարին։

Լուսահոգի Մեղրիկ Եպիսկոպոսի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Յունուարին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը ամփոփուեցաւ միաբանութեան դամբարանին մէջ։

Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան ծնած է 3 Յունուար, 1968ին, Պէյրութ (Լիբանան), աւազանի անունով՝ Կարապետ։Նախնական ուսումը ստացած է «Աքսոր Գասարճեան» եւ «Միհրան Գարակէօզեան» ազգային վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր1982ին։

Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ ընթացքը աւարտելէ ետք, սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս,1985ին, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ՝ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։ Աւարտելէ ետք Ընծայարանի բաժինը,կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած եւ օծուած է 29 Մայիս, 1988-ին, ձեռամբ Զարեհ Եպս. Ազնաւորեանի,վերակոչուելով՝ Տ. Մեղրիկ Աբեղայ։

Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն ստացած է 3 Յուլիս, 1994ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց Թեմիառաջնորդ Արտակ Արք. Մանուկեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Թուղթք Տ. Ներսիսի ԿաթողիկոսիՀայոց գրեալք ի զանազան ժամանակս առ այլեւայլ անձինս» աշխարհաբարի թարգմանութիւնն ու քննականուսումնասիրութիւնը։ Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացած է 3 Յունուար, 1996-ին, հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ծայրագոյն Վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 26 Մայիս, 2002ին, ձեռամբ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի։

Վանական կեանքէն ներս ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.-

1988-1995ին Դպրեվանքի դպրապետ եւ հսկիչ եղած է, միաժամանակ վարելով Կաթողիկոսարանի«Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ 1995ին Մայր Տաճարի լուսարարապետ նշանակուած է։ 1999-2002ին ստանձնած է Ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի տեսչութիւնը։ Վանական պարտաւորութիւններու կողքին,Սրբազան Հայրը 1996-1997ին հետեւած է «Overcome Violence»ի ուսումնական ծրագիրին եւ Պոսէի Միջ-եկեղեցական Ինստիտուտին (Զուիցերիա)։ Սարկաւագութեան օրերուն հետեւած է դաշնակիդասընթացքներու։

1997-1999ին մեկնած է Նիւ Եորք եւ հետեւած Mannes College of Musicի դասընթացքներուն։ Դեկտեմբեր2002ին առաքուած է Թորոնթօ (Գանատա), որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։

2010ին նշանակուած է Օնթարիօ նահանգի հոգեւոր տեսուչ, իսկ 19 Դեկտեմբեր 2013-ին՝ առաջնորդականփոխանորդ՝ Գանատայի Հայոց Թեմին:

27 Ապրիլ, 2014ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեանը եպիսկոպոս ձեռնադրած եւ օծած է։ Մայիս 2014ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը առաջնորդ ընտրած է ՄեղրիկԵպս. Բարիքեանը։ Երկու տարուան ծառայութենէ ետք, Սրբազան Հայրը 11 Նոյեմբեր, 2016ին անձնականպատճառներով իր հրաժարականը ներկայացուցած է եւ Մայրավանք վերադարձած։

Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, Մեղրիկ Եպիսկոպոս ստանձնած է ԿիլիկիոյԿաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ 2017ինհիմնած է Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը։ Պարսկաստան մեկնելով, 2018-2019ին ստանձնած է Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդութիւնը։ 2019ին վերադարձած էՄայրավանք եւ ստանձնած՝ «Թռչնոց Բոյն»ի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնը։ Անցեալ տարի, ՎեհափառՀայրապետի բարձր տնօրինութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ նշանակուած է։

Մեղրիկ Սրբազան երաժշտական մարզէն ներս կատարած է բազմաթիւ մշակումներ եւ յօրինումներ։Խմբագրած է երաժշտական բնոյթի հատորներ։

Յաւիտենական խաղաղութիւն հանգուցեալի հոգւոյն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *