ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՊԷՍ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 17 Յունուար, 2020)
Այսօրուան՝ Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող առաջին Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը, Յովհաննու Աւետարանիչէն է (2.1-11): Այս ընտրութիւնը իրաւ որ իմաստալից է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Քրիստոս Աստուծոյ թագաւորութիւնը ներկայացուցած է որպէս հարսանեկան խրախճանք:
Մեր Տէրը Յիսուս իր մօր եւ առաքեալներուն հետ հրաւիրուած էր հարսանիքի մը Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ: Խրախճանքի ընթացքին, Սուրբ Մարիամ, տեղեակ ըլլալով գինիի արագ սպառման, զաւկին կ՛իմացնէ, թէ «գինի չունին»: Յիսուս կը պատասխանէ. «Մա՜յր, մեզի ի՛նչ, իմ ժամանակս տակաւին չէ՛ հասած»: Սուրբ Կոյսը ծառաներուն դառնալով կ՛ըսէ. «Ինչ որ ըսէ ձեզի, կատարեցէ՛ք»: Յիսուս կը հրամայէ քարէ վեց կարասներ, որոնք զետեղուած էին այդտեղ, ջուրով լեցնել եւ նախ հրամցնել սեղանապետին: Վերջինս, զայն համտեսելէ ետք, կ՛ըսէ. «Ամէն մարդ նախ ընտիր գինին կը հրամցնէ, իսկ երբ գինովնան՝ այն ատեն հասարակը, մինչ դուն ընտիր գինին պահեր ես մինչեւ հիմա»: Աւետարանիչը կ՛եզրափակէ դէպքը, ըսելով. «Յիսուս իր այս առաջին հրաշքը կատարեց Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ: Հոն ան իր փառքը յայտնեց, եւ աշակերտները հաւատացին իրեն»:
Այս բնագիրը կը ներկայացնէ գեղեցիկ զուգահեռ մը երկու բարի կամքերու: Խնդրանք մը՝ ընկերային բախտորոշ հաւաք մը տագնապէ փրկելու համար, որուն պատասխանը կ՛ըլլայ. «Մեզի ինչ, իմ ժամս դեռ չէր հասած»: Վերջապէս, մայրը, առանց ընկրկելու այս պատասխանէն, ծառաներուն կը պատուիրէ հետեւիլ անոր հրահանգներուն: Անկասկած, ընթերցողը այս խօսակցութիւնը պիտի մեկնաբանէ որպէս իրերայաջորդ մենախօսութիւններ, բայց եւ այնպէս, անոնք ներդաշնակ կերպով կ՚ընդելուզուին հիասքանչ կերպով՝«թող ուրախութիւնը շարունակուի» աւարտով:
Այս հատուածը, որքան որ հիանալի է, իրազեկ ըլլալով թէ ինչպէս Արարիչին տնօրինութեամբ բնութեան տարրերը կը փոխեն իրենց էութիւնը, նոյնքան անոր ընթերցումը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան յաջորդող առաջին Կիրակին, հրաշքի կողքին խորիմաստ պատգամ ունի, մեզի սորվեցնելով խոնարհութեան բացառիկ օրինակ մը եւս:
Ոգեղէն հարստութեամբ ճոխ այս ընթերցումէն կ՚ուզեմ հետեւեալ կէտերը բաժնել.
ա. Սուրբ Աստուածածինի խնդրանքը կը ցոլացնէ տոկուն վստահութիւն իր Զաւկին աստուածային բնութեան հանդէպ: Ղուկաս Աւետարանիչ յստակ կերպով արձանագրած է, թէ «իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր» (Ղկ 2.51): Մարիամ, ամենայն լռութեամբ հետեւելով կերուխումի մէջ աննկատ անցնող տագնապի մը ծնունդ առնելուն եւ անոր զարգացման, եւ ամենայն հեռատեսութեամբ իրազեկ ըլլալով, որ նման փոքր հարց մը կրնար ընկերային լուրջ հետեւանքներ ունենալ, կացութիւնը փրկելու համար գործնական քայլի կը դիմէ: Սուրբ Աստուածամայրը, որպէս հողեղէն հրեշտակ մը, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ցմրուր քամելով ծնողական բոլոր տառապանքները, աչալուրջ կերպով կը հետեւի նաեւ մեզի եւ մեր լաւագոյնը կը ցանկայ միշտ:
բ. Պօղոս Առաքեալ շատ խիտ, բայց ազդու խօսքով մեզի կը պատգամէ, թէ Քրիստոս «ինքզինքը խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ՝ յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ՝ խաչի մահը» (Փիլպ. 2.8): Երկնաւոր Հօր հանդէպ Միածնին հնազանդութիւնը անզուգական, աննախընթաց եւ անկրկնելի է: Ինչպէս որ իր աստուածային հնազանդութիւնը Հօր կամքին անըմբռնելի է երկրաւորներուս եւ երկնաւորներուն, նմանապէս Անոր հնազանդութիւնը մարմնաւոր իր մօր հանդէպ կը գերազանցէ ամէն հիացմունք: Հին Կտակարանի Օրէնսդիրը, որ օրինադրեց հինգերորդ պատուիրանով՝ «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» (Ելք 20.12), Իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբէն իսկ հաւատարմօրէն անձամբ գործադրեց այս պատուիրանը: Հակառակ այն իրողութեան, որ մերժումին արդարացի պատճառաբանութիւնը յայտնեց, թէ Իր ժամանակը դեռ չէր հասած, բայց եւ այնպէս մօր խնդրանքը աւելի առաջնահերթ դասելով, ժամանակը «արագացուց» որպէսզի չմերժէ անոր խօսքը, որ բարի գործ մըն էր:
գ. Հարսանեկան խրախճանքի ընթացքին գինիի պակսիլը կրնար ծանր հետեւանքներ ունենալ, ո՛չ միայն այդ օր անհաճոյ կացութիւն ստեղծելով, այլ նաեւ նորապսակ զոյգի ամբողջ կեանքին վրայ: Նոր կեանքի մը արշալոյսը՝ լի յոյսով եւ ուրախութեամբ, կրնար լրիւ շրջիլ: Նման թերացում մը կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ յարգանքի պակաս առհասարակ բոլոր հարսնեւորներուն հանդէպ, եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ, որպէս փեսային ժլատ նկարագրի արտայայտութիւն: Անկախ հրաշքէն, սուրբ գրային այս հատուածը ուղիղ առնչութիւն ունի բոլոր դարերու ամուսնացողներուն հետ: Յիսուս Քրիստոս երկնաւոր միաւորողն է ամուսնացեալ զոյգերուն: Ինչպէս որ Ան լռելեայն լուրջ տագնապէ փրկեց Կանայի ամոլը, նմանպէս ամուսնական կեանքի մէջ ստեղծուած իւրաքանչիւր դառնութիւն ան կը վերածէ քաղցրութեան, ձախողութիւնը՝ յաջողութեան։ Կը բաւէ, որ ամուսնացեալ զոյգեր գիտակից կերպով ներկայ ունենան իրենց կեանքին մէջ Քրիստոս եւ Աստուածամայրը:
դ. Սեղանապետի գնահատումով վերջին հրամցուած գինին աւելի պատուական էր, քան մինչ այդ սպասարկուածը: Ամբողջ ստեղծագործութիւնը տեսանելի եւ շօշափելի վկայութիւնն է Աստուծոյ սքանչելիութեան: Աստուծոյ յայտնութիւնը պատմութեան ընդմէջէն մարդոց փրկութեան համար, եւ խոստացուած անճառելի բարիքները առհասարակ Իր կամքին բոլոր հետեւողներուն, այս ամէնքը կը վկայեն Աստուծոյ Գերազանցութեան մասին, որ կ՚ուզէ մասնակից դարձնել մեզ իր յաւերժական փառքին: Որպէս մարմնաւոր ծնողներ, եթէ մեր կարելին կ՚ընենք մեր զաւակներու բարօրութեան համար, հապա որքա՞ն աւելի Երկնաւոր Հայրը աներեւակայելիօրէն լաւագոյնը կ՛ընէ բոլորիս համար (Մտ 7.7-12):
ե. Կարգ մը Քրիստոնեայ եղբայրներ եւ քոյրեր գինիի գործածութիւնը մեղք կը համարեն: Այս մասին բաւ է ըսել, որ եթէ մեղքերու թողութիւն Տուողը ո՛չ մէկ անպատեհութիւն տեսաւ զայն տնօրինաբար հայթայթելու Կանայի հարսնեւորներուն, ինչպէս նաեւ Վերջին Ընթրիքին Իր Աշակերտներուն, հետեւաբար բանականութեամբ եւ ազատութեամբ օժտուած արարածներուն կը մնայ իմաստութեամբ եւ յարգանքով զայն գործածել: Ներսէս Շնորհալի հայրապետ այս մասին խօսելով շեշտը կը դնէ չափաւորութեան մասին: Իսկ հայկական ժողովրդական երգ մը լաւագոյնս մեզի կը սորվեցնէ, թէ «մի թասը լաւ է, երկուսը բաւ է, բայց լաւ իմացի՛ր, երրորդը ցաւ է»:
Գործնական այս ուսուցումներով վայելենք մեր երկրաւոր կեանքը, օգտուելով Սուրբ Աստուածամօր մնայուն բարեխօսութենէն, որ լռելեայն միշտ մեր հետն է, եւ մեր կարիքները կը ներկայացնէ իր Զաւկին եւ մեր Տիրոջ, որուն կը վայելէ փառք յաւիտեանս: Ամէն: