ՏՈՔԹ. ՃՈՐՃ ՏԷՐ ՄԽՍԵԱՆԻ (10 Նոյեմբեր, 1927- 14 Յունուար, 2021)
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան տոքթ. Ճորճ Տէր Մխսեանի մահուան գոյժը։
Հանգուցեալ բժիշկը ծնած էր Նիւ Եորք, 10 Նոյեմբեր, 1927ին, Երուանդ ու Մարիամ Տէր Մխսեաններու ընտանիքին մէջ, որ արդէն բախտաւորուած էր Սիրարփի անունով աղջնակով մը։ Երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, աւարտած է Գոլումպիա համալսարանը (1948) եւ ապա՝ մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է նոյն համալսարանի Ուսուցչաց Գոլէճէն (1950)։ 1954ին բժշկութեան տոքթորան առնելէ ետք Գորնէլ համալսարանէն, 1954-1955ին բժշկական փորձաշրջանը անցուցած է Նիւ Եորքի Սէնթ Լիւք հիւանդանոցին մէջ, եւ 1956-1958ին ամերիկեան օդուժի հարիւրապետ եղած է՝ Սան Անթոնիոյի (Թեքսաս) Ռանտոլֆի օդուժի խարիսխին օդային բժշկութեան դպրոցին մէջ։
Վերադառնալով Նիւ Եորք, 1958-1960ին բժշկական փորձաշրջանը ամբողջացուցած է Սէնթ Լիւք հիւանդանոցին մէջ։ Այնուհետեւ, չորս տասնամեակ (1960-2001) աշխատած է սեփական դարմանատան մէջ։ Բազմաթիւ ակադեմական պաշտօններու շարքին, երկար տարիներ դասաւանդած է Գոլումպիա համալսարանին մէջ։ Ծառայած է ու ղեկավարած բազմաթիւ բժշկական ընկերութիւններ ու յանձնախումբեր։ Տոքթ. Տէր Մխսեան հանգստեան կոչուած էր 2001ին, բայց շարունակած է բժշկական գործունէութեամբ զբաղիլ մինչեւ մահը։
Գործնապէս մասնակցած է մեր համայնքի կեանքին մէջ՝ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Ազգային Առաջնորդարանին եւ Հայկական Համախմբումին մէջ։ Իր կեանքը նուիրեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։ Ընտրուած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, 1960ական-1980ական թուականներուն, ներկայացնելով Մայր Եկեղեցին։ Խորապէս կ՚ապրէր իր հայութիւնը եւ կ՚աշխատէր ի խնդիր հայապահպանման ու հայութեան յարատեւութեան։
1954ին ամուսնացած է Թամարա Մանուկեանի հետ, որ մահացաւ 2019ին, 64 տարուան ամուսնութենէ ետք։
Տոքթ. Ճորճ Մխսեան յանկարծամահ եղաւ 14 Յունուար, 2021ին։ Սգակիրներն են իր երկու զաւակները՝ տէր եւ տիկ. Կրեկորի եւ Սիւզան Տէր Մխսեան, տոքթ. եւ տիկ. Ճէֆրի եւ Ռուպինա Տէր Մսխեան, եւ չորս թոռները՝ Մաթիու, Մայքլ, Նիքոլ եւ Ճէննա։
Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մխիթարութիւն պարգեւէ ընտանիքին։