ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ (ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
ԿԻՐԱԿԻ, 24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ
Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԾՆՈՒՆԴԷՆ ԵՏՔ
(ԱՌԱՋԱՒՈՐԱՑ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ)
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 6:15-21
Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն:
Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճինդիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում: Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւորհովէն կ’ալեկոծէր:
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէնքալելով կը մօտենար նաւակին: Բոլորը սարսափեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ես եմ, մի՛ վախնաք:
Անոնք կ’ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ’երթային:
Բ. ՆԱՄԱԿ ՏԻՄՈԹԷՈՍԻ 2:15-26
Ջանա՛ Աստուծոյ աչքին ընտիր ըլլալ, այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մըչունի, որպէս մէկը՝ որ ուղիղ կերպով կ’ուսուցանէ Աստուծոյ ճշմարիտ պատգամը:
Հեռո՛ւ կեցիր հաւատքի ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող պարապ վիճաբանութիւններէ, որոնքհետզհետէ մարդիկը Աստուծմէ հեռացնելու կը ծառայեն միայն: Այդպիսի խօսքերու ձգած թոյնըքաղցկեղի պէս կը կրծէ մարդս: Այդպիսի խեղաթիւրող վիճասէրներ էին Հիմենէոս եւ Ֆիլետոս, որոնքճշմարտութենէն շեղեցան եւ շատերու հա-ւատքը քանդեցին, ըսելով՝ թէ մեռելներու յարութիւնըարդէն տեղի ունեցած է: Բայց Աստուծոյ դրած հաստատուն հիմը կանգուն կը մնայ: Անոր վրայգրուած է. «Տէրը կը ճանչնայ անոնք՝ որոնք իրն են», եւ «Ով որ Տիրոջ անունը կը կրէ՝ թող հեռու մնայանիրաւ գործերէ»:
Մեծ տունի մը մէջ միայն ոսկիէ եւ արծաթէ անօթներ չեն ըլլար, այլ նաեւ փայտէ ու կաւէ անօթներ: Յստակ է՝ թէ առաջինները թանկագին են, իսկ միւսները՝ անարժէք: Արդ, ով որ ինքզինք մաքրէ նմանմեղքերէ, Տիրոջ համար թանկագին անօթ մը կը դառնայ, մաքուր եւ պատրաստ՝ ամէն տեսակիբարի ծառայութիւն մատուցանելու:
Երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ր, եւ արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեանու սրբութեան հետամուտ եղիր, անոնց պէս՝ որոնք մաքուր սրտով կ’աղօթեն Աստուծոյ: Յիմար եւանօգուտ վէճերէ հրաժարէ՛, գիտնալով որ անոնցմէ կռիւներ կը ծագին: Աստուծոյ ծառան պէտք չէկռուի, այլ պէտք է հեզ ըլլայ բոլորին հանդէպ, կարող ըլլայ Աւետարանը սորվեցնելու, ներողամիտըլլայ, որպէսզի քաղցրութեամբ խրատէ հակառակողները, որովհետեւ Աստուած միշտ ալ առիթ կուտայ որ անոնք դառնան իրենց սխալէն եւ ճշմարտութիւնը ճանչնան, եւ զգաստանալով՝ դուրս գանՍատանային որոգայթներէն, որոնց մէջ բռնուած՝ անոր կամքը կը կատարեն: