ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ 50 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան օրերուն ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւեցՀայաստանի եւ Արցախի մէջ 50 ընտանիքներու, շնորհիւ մեր ծխականներուն եւ բարեկամներունաջակցութեան:
Բաշխումը կատարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեանմիջոցով։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ ստացաւ 50 ամերիկեան տոլար:
Մայր Եկեղեցին պիտի շարունակէ հովանաւորել նմանօրինակ ծրագիրներ 2021ի ընթացքին։ Արցախի հազարաւոր գաղթականներ անորոշ ապագայի մատնուած են եւ, դժբախտաբար, նման ծրագիրներուանհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ թերեւս տարիներուն։