ՍՈՒՐԷՆ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ (ծնունդ՝ 22 Յունուար, 1922)
1950ական-1980ական թուականներուն, Սուրէն Աղաբաբեան խորհրդահայ գրականագիտութեան ամենէն յայտնի անուններէն մէկը եղած է իր գրաքննադատական յօդուածներով ու հատորներով։
Ծնած է Ղարաքիլիսէ (այժմ՝ Վանաձոր), 22 Յունուար, 1922ին։ 1944ին աւարտած է Երեւանի բանասիրական ճիւղի եւրոպական լեզուներու եւ գրականութեան բաժինը։ 1945-1948ին սորված է Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի գրականութեան հիմնարկի հայցորդական (ասպիրանտուրա) բաժնին մէջ, իսկ 1950ին «Գիւղը Նայիրի Զարեանի ստեղծագործութեան մէջ» նիւթով աւարտաճառ պաշտպանած է եւ ստացած՝ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ Միաժամանակ, 1945-1951ին, «Աւանգարդ» թերթի խմբագրութեան մէջ աշխատած է իբրեւ բաժնի վարիչ, փոխ-խմբագիր եւ պատասխանատու քարտուղար, իսկ 1950-51ին եղած է «Սովետական գրականութիւն» (այժմ՝ «Նորք») ամսագրի քննադատութեան բաժնի վարիչը։ 1954-1986ին Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեանհիմնարկի խորհրդային գրականութեան բաժինը վարած է։ 1963ին «Ակսել Բակունց» նիւթով աւարտաճառ պաշտպանած է, ստանալով բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանը։ 1969ին արժանացած է փրոֆեսորի տիտղոսին։
Արդէն 1950ական թուականներուն, Աղաբաբեան սկսած էր գրականագիտական բեղուն գործունէութիւն մը, այդ տասնամեակին լոյս ընծայելով Նայիրի Զարեանի (1954), Ստեփան Զօրեանի (1955), Ակսել Բակունցի (1959) եւ Գուրգէն Մահարիի (1959) գործերուն նուիրուած հատորներ։ 1960ական թուականներուն գրած է 14 գլուխ «Սովետահայ գրականութեան պատմութիւն» երկհատորեակին (1961, 1967) համար եւ կազմած ու խմբագրած՝ «Հայ սովետական գրականութեան պատմութիւն» ռուսերէն աշխատութիւնը (1966)։
Գրականագիտական յօդուածները ամփոփուած են բազմաթիւ հատորներու մէջ՝ «Արձագանքներ» (1963), «Արդիականութիւն եւ գրականութիւն» (1965), «Գրական հերկերում» (1974), «Դէպի աղբիւրը լոյսի» (1979),«Յօդուածներ, դիմանկարներ, յուշեր» (1982), «XX դարի հայ գրականութեան զուգահեռականներում» (1983 եւ 1984)։ 1980ին ռուսերէն լոյս տեսած է քննադատական յօդուածներու ժողովածու մը՝ «Հայ գրականութեան կերպարները եւ ոճերը» խորագրով։
1963ին եւ 1971ին հրատարակած է Ակսել Բակունցի նուիրուած երկու այլ մենագրութիւններ, իսկ 1973ին ու 1977ին՝ Եղիշէ Չարենցի նուիրուած երկհատոր աշխատութիւն մը, որուն համար արժանացած է Հայաստանի պետական մրցանակին (1979)։ Նայիրի Զարեանի, Ստեփան Զօրեանի եւ Ակսել Բակունցի նուիրուած մենագրութիւններ հրատարակած է ռուսերէնով։
«Հայ սովետական գրականութիւն» դասագիրքը գրած է 10րդ դասարանի համար, որ ունեցած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ (1969-1986), իսկ 1976ին՝ «Հայ գրականութիւն» դասագիրքը համալսարանի համար (ռուսերէն)՝ Վաչէ Նալբանդեանի եւ Սերգէյ Սարինեանի հետ։
Սուրէն Աղաբաբեան, որ պարգեւատրուած էր «Պատուոյ նշան» (1972) եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան(1982) շքանշաններով, 1974ին գիտութիւններու վաստակաւոր գործիչի տիտղոսին արժանացած էր։ Մահացած է 19 Մարտ, 1986ին, Երեւանի մէջ։