Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան օրերուն ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւեցՀայաստանի եւ Արցախի մէջ 50 ընտանիքներու, շնորհիւ մեր ծխականներուն եւ բարեկամներունաջակցութեան:
Բաշխումը կատարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեանմիջոցով։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ ստացաւ 50 ամերիկեան տոլար:
Մայր Եկեղեցին պիտի շարունակէ հովանաւորել նմանօրինակ ծրագիրներ 2021ի ընթացքին։ Արցախի հազարաւոր գաղթականներ անորոշ ապագայի մատնուած են եւ, դժբախտաբար, նման ծրագիրներուանհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ թերեւս տարիներուն։