Ի սկզբանէ, Ամարասի վանքը եղած է ազգակերտման եւ հայ ինքնութեան պաշտպանութեան առաջնագծին վրայ։ Անոր ծնունդը՝ Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ, իրօք նուիրական եղած է, քանի որ մեր Եկեղեցւոյ առաջին քահանայապետ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հիմնած է զայն Դ. դարուն, երբ Հայաստան դարձաւ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը։
Հոն թաղուած է Լուսաւորչի թոռ Գրիգորիս եպիսկոպոս, որ մասքութներու թագաւոր Սանեսանի կողմէ նահատակուած էր Քրիստոսի Աւետարանը քարոզելու ժամանակ՝ այսօրուան Տաղստանի տարածքին մէջ։ Արդար կերպով, Սուրբ Գրիգորիսը կարելի է նկատել մեր ազգի վկան արցախեան հայրենիքէն ներս։ Ներկայ ժամանակներու ակնոցով դիտուած, իրենց բարբարոսութեամբ, Սանեսանն ու իր ոյժերն ալ կրնանք զուգորդել ատրպէյճանցի ոսոխին իբրեւ անոր չարագուշակ նախահայրերը։
Ամարասը նաեւ անքակտելի օղակ մը կը ներկայացնէ ուրիշ ճակատագրական պատմական իրադարձութեան մը՝ այբուբենի գիւտին։ Մեսրոպ Մաշտոց այստեղ հիմնած է առաջին դպրոցը իր երկնային ներշնչումով գիւտէն ետք։
Շաբաթ, 23 Յունուարին, “Crossroads”ի թղթակից մը այցելեց Ամարասի վանքը։ Մաշտոցի տակաւին կանգուն լսարանի առաստաղին վրայ գրեթէ անընթեռնելի բայց երկաթագիր, խոշոր տառերով գրութիւն մը կայ։ Կիսամութին մէջ, թղթակիցը կրցաւ «Գ» եւ «Ա» գիրերը նշմարել։
Վանքի պահակին՝ Կարլեն Յովհաննիսեանի հետ, թղթակիցը իջաւ վանքին խորը՝ Ս. Գրիգորիսի ընդյատակեայ գերեզմանին առջեւ աղօթելու համար, ապա բարձրացաւ համալիրը շրջապատող բերդը, ուր այսօր մեծ ռուսական դրօշակ մը կը ծածանի, «որ թուրքերը չխփեն», ըստ պարոն Յովհաննիսեանի բացատրութեան։ Այսօր Ամարաս կը գտնուի ո՛չ միայն խորհրդանշական, այլ փաստացի կերպով առաջնագծի վրայ, հայոց բանակի վերահսկողութեան տակ՝ ատրպէյճանական դիրքերէն հազիւ քանի մը մղոն անդին։
Ամարասի վանահայրը՝ Գեղարդ աբեղայ Յովհաննիսեանը, որ վիրաւորուեցաւ Արցախի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն, որոնց մասնակցեցաւ իբրեւ կամաւոր՝ Աւարայրի ոգիով եւ արիութեամբ, այսօր կը դարմանուի Երեւանի մէջ։ Ստեփանակերտէն վանք գացած ճամբուն վրայ, մեր թղթակիցը տեսաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բեռնակառքերու կարաւաններ, որոնք կ՚երթային հակառակ ուղղութեամբ, դէպի բռնագրաւուած Շուշին։ Մենք կրնանք այս աղէտը վերափոխել յաղթանակի, եւ ոսոխը կը դառնայ քամի, ինչպէս որ մեր լեռներուն ընդմէջէն անցած ու այսօր փոշիացած թշնամիներ։