Կաթողիկոսարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԱՅՏԸՆԻՆ

Նորին Վսեմութիւն
Տիար Ճոզէֆ Ռ․ Պայտըն
Նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու
Սպիտակ Տուն – Ուաշինկթըն Տի. Սի.

 

Վսեմաշուք Պրն․ Նախագահ,

Հաճեցէք ընդունիլ մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները նախագահական ձեր պաշտօնակալութեան առթիւ, որպէս 46րդ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։

Ամերիկայի Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ մեր բարեպաշտ ժողովուրդը կ՚ողջունէ ձեր ընտրութիւնը։ Պատրաստ ենք գործակցելու ձեր կառավարութեան հետ՝ պաշտպանելու հասարակաց մեր արժէքները, զօրացնելու ամերիկեան-հայկական  կապերը եւ նոր մղում տալու խաղաղութեան դատին Միջին Արեւելքի եւ համայն աշխարհի մէջ։

Մեծ ուրախութեամբ կը յիշեմ 2015 թուականի Մայիսի մեր հանդիպումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, Ուաշինկթըն Տի. Սի.ի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ։  Մեր համայնքը խորապէս կը գնահատէ ձեր բարեկամութիւնն ու հաւատարմութիւնը, զորս ցուցաբերած էք ամերիկահայութեան հանդէպ այդ սրբազան ոգեկոչման, ինչպէս նաեւ ամերիկեան Ծերակոյտէն ներս ձեր պաշտօնավարութեան շրջանին։ Ինչպէս անցեալին, ներկայիս եւս մենք կը բաժնենք ձեր տեսլականը նոր աշխարհի մը, որ կը յարգէ եւ կը պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները եւ բարձր կը պահէ մարդասիրական տիեզերական արժէքները, որպէս միջազգային համայնք մը՝ որ յանձնառու է ժողովրդավարութեան, ինքնորոշման եւ  ցեղասպանութեան կանխարգիլման։

Ամերիկահայ մեր Եկեղեցին ու համայնքը՝ ընդ առաջնորդութեան Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի (Ազգային Առաջնորդարան, 138 E. 39th Street, New York, NY) եւ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանի (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA), պատրաստ են գործակցելու ձեր կառավարութեան հետ՝ ամերիկեան-հայկական աւելի քան հարիւրամեայ կապերը աւելի եւս խորացնելու համար։ Նաեւ կ՚ակնկալենք, որ վերջապէս, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուի եւ մնայուն յիշատակութեան արժանանայ։

Յուսով եմ, որ առիթը կը ստեղծուի դարձեալ հանդիպելու ձեզի անձամբ եւ կամ որպէս Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու պատգամաւորութեան անդամ, ինչպէս տեղի ունեցած էր նախագահ Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին՝ 2014ի Սեպտեմբերին։

Յաջողութեան սրտագին մաղթանքներով, թող Աստուած օրհնէ Ձեզ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

23 Յունուար, 2021