Նորին Վսեմութիւն
Տիար Ճոզէֆ Ռ․ Պայտըն
Նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու
Սպիտակ Տուն – Ուաշինկթըն Տի. Սի.
Վսեմաշուք Պրն․ Նախագահ,
Հաճեցէք ընդունիլ մեր շնորհաւորութիւնները նախագահական ձեր պաշտօնակալութեան առթիւ, որպէս 46րդ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու։
Արեւելեան Ամերիկայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ազգային Առաջնորդարանի եւ իր հովանաւորութիւնը վայելող համայնքներու անունով, կ՚ողջունենք ձեր ընտրութիւնը այն յոյսով որ նոր շրջան մը սկսած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ։ Վստահ ենք, որ ո՛չ միայն այս երկրի բնակիչները, այլ, ինչպէս Սաղմոսասացը կ՛ըսէ, «Աչք ամենեցուն ի քեզ հային – բոլորին աչքերը քեզի յառած են» (Սղ 145.15)։
Ինչպէս որ մեր Հայրապետը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ձեզի ուղղուած շնորհաւորագրին մէջ ըսած էր, ամերիկահայ համայնքը խորապէս կը գնահատէ ձեր բարեկամութիւնը եւ կը բաժնէ ձեր տեսլականը ժողովրդավար աշխարհի մը, զերծ ցեղասպանութենէ եւ մարդկային իրաւանց չարաշահութենէ։ Պատրաստ ենք ձեզի հետ գործակցելու ձեր նախաձեռնութիւններուն, շրջանային բռնութեան եւ անհանդուրժողութեան բերումով Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն գոյութեան սպառնացող վտանգը կանխարգիլելու նպատակով։ Կ՚ակնկալենք նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ամերիկեան ճանաչումը ձեր կառավարութեան օրով, որ խորհրդանշական, բայց մեծ քայլ մը պիտի ըլլայ՝ արդի պատմութեան մէջ մարդկութեան դէմ գործուած մեծագոյն ոճիրներէն մէկուն փոխհատուցման ուղղութեամբ։
Թոյլ տուէք դարձեալ կրկնել մեր սրտանց աջակցութիւնը ձեզի եւ ձեր կառավարութեան, որուն բարի գալուստ կը մաղթենք որպէս նոր աշխարհի մը աւետաբերը։
Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը առաջնորդէ ձեզ՝ իմաստութեամբ, սիրով ու գթառատ ոգիով, խաղաղութիւն ու բարգաւաճում բերելու Քաջերու Տան եւ աշխարհին ընդհանրապէս։
Մաղթելով յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն ձեր բոլոր աշխատանքներուն,
Աղօթարար՝
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆՒԷԼԵԱՆ
Արեւելեան ԱՄՆի Թեմի Առաջնորդ
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նաեւ շնորհաւորական նամակներ ղրկած է փոխ-նախագահուհի՝ Քամալա Հարրիսի եւ Ծերակոյտի մեծամասնութեան նոր ղեկավար՝ ծերակուտական Չարլզ Շումըրի։