ԿԵԱՆՔԻ ՄԵՐ ԾՈՎԸ ՆԱՒԱՐԿԵՆՔ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 24 Յունուար, 2020)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Յովհաննու 6.15-21էն: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ «Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձինն»։ Նոյն իրիկուն, Աշակերտները առանձինն նաւ կ՚առնեն եւ դէպի Կափառնայում կ՚ուղղուին։ Ճամբան ծանր փոթորիկի կը հանդիպին։ Փորձառու նաւավարներու վախը կը կրկնապատկուի, երբ յանկարծ կը տեսնեն որ Յիսուս փոթորիկին մէջէն քալելով դէպի իրենց կու գայ, եւ կ՛ըսէ․- « Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Մինչ անոնք կ’ուզեն զինք նաւակին մէջ առնել, նաւակը արդէն կը հասնի այն տեղը, ուր կ’երթային:
Որպէսզի լաւագոյնս հասկնանք այս հատուածէն բխող պատգամը, նախ ծանօթանանք նախորդ պարբերութեան։ Փոթորիկի պատահարը կը յաջորդէ անապատին մէջ հինգ հազարի կերակրման հրաշքին։ Ո՛չ մէկ պատճառ կար որ ժողովուրդը, որուն նախահայրերը անապատին մէջ քառասուն տարիներ կերակրուած էին, տարուէր մտածելու եւ հաւատալու, որ այս հրաշագործ Ռաբբի-Վարդապետը դարերով ակնկալուած թագաւորն էր, որ զիրենք պիտի ազատագրէր օտար լուծէ։
Յիսուս բնականաբար խուսափեցաւ այս անհիմն ակնկալութենէն։ Արդարեւ, գիտենք որ Իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին, երբ Պիղատոս եւս իրեն հարց տուաւ, թէ հրեաներու թագաւո՞րն է, Ան պարզապէս պատասխանեց «Ահա դո՛ւն կ՛ըսես» (Ղկ 23.3):
Ծանօթանալէ ետք նախընթաց այս դէպքին, այժմ մեր հոգեւոր սնունդը քաղենք այսօրուան ընթերցումէն։
ա․ Յիսուս, անմիջապէս որ կ՚իմանայ ժողովուրդին մտադրութիւնը, առանձինն լեռ կը քաշուի։ Որպէս կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ, Ան մեզի կը սորվեցնէ լաւագոյն ձեւով խօսելու, գործելու եւ յարաբերելու։ Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, թէ երբ խիստ յոգնած զգանք, որպէսզի մեր ներքին ուժականութիւնը վերանորոգենք, խիստ առանձնութեան կարիքը կ՚ունենանք։ Լաւագոյն աղբիւրը վերանորոգման, կեանքի եւ ուժականութեան Աղբիւր՝ Արարիչ Աստուածն է։
Մեր երկնաւոր Հօր հետ ըլլալը ո՛չ միայն կը թարմացնէ մեզ մեր սպառումէն, այլ նաեւ կ՚ուղղէ մեզ որպէսզի ուղիղ քայլ եւ որոշում առնենք։ Արդարեւ, ո՛չ մէկ սխալ բան կար ժողովուրդի անկեղծ եւ սրտաբուխ փափաքին ընթացք տալուն մէջ, սակայն Քրիստոս Ի՛նք սորվեցուցած ըլլալով՝ «եղիցին կամք Քո – Քու կամքդ թող ըլլայ» ոսկեայ նշանաբանը, անձամբ, իր կեանքի օրինակով մեզի սորվեցուց, թէ իր կամքը միշտ համախորհուրդ է Հօր կամքին։ Մակերեսային կերպով ամէն լաւ թուացող բան չի նշանակեր, թէ ճիշդ է եւ բարի։ Մեծ Փորձիչը մեր նախահայրն ու նախամայրը լաւագոյնս համոզեց որ պիտի անմահանան, մինչ իրենց ունեցած առանձնաշնորհումն ալ կորսնցուցին։ Թելադրելի է բոլոր, բայց մանաւանդ ճակատագրական պարագաներու մէջ, օգտուիլ Գերագոյն Բարիի խորհուրդներէն, ինչպէս Յակոբոս Առաքեալ կ՛ըսէ․ «Միայն բարի նուէրները եւ կատարեալ պարգեւներն են որ կու գան երկինքէն, Հօր Աստուծմէ, որ լոյսի արարիչն է» (Յակ․ 1.17)
բ․ Փոթորիկը որքան որ մտահոգիչ էր, նոյնքան եւ աւելի սարսափազդու էր յանկարծ մութին մէջ տեսնել, թէ Յիսուս ջուրի վրայէն քալելով դէպի իրենց կուգայ։ Այնուհանդերձ, Ան կը հանդարտեցէ զիրենք, ըսելով. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։ Ի՜նչ հզօր պատգամ՝ «Ե՛ս եմ»։ Այո՛ այդ նոյն «Ես եմ»ը անհուն սէրէն մղուած ստեղծեց այս հոյակերտ տիեզերքը։ Այդ «Ես եմ»ն է որ Ինքզինք ծանօթացուց Մովսէսին, այրող մորենիին ընդմէջէն։ Նոյն այդ անքանակելի եւ անպարփակելի «Ես եմ»ը դարձեալ սէրէն մղուած, խանձարուրի մէջ փաթթուեցաւ մեր փրկութեան համար։ եւ վերջապէս այդ նոյն «Ես եմ»ը հաւաստիացուց, որ միշտ մեր հետ պիտի ըլլայ, երբ կեանքի մարմնական թէ հոգեւոր փոթորկոտ ալիքներու մատնուինք, եւ փարատէ մեր վախերն ու կասկածները։ Երբ կորսնցնենք մեր մտային կարողութիւնը, ան պիտի վերահաստատէ մեր յստակատեսութիւնն ու դատողութիւնը։ Երբ կորսնցնենք մեր յոյսը, հաւատքի նոր ճառագայթով պիտի լուսաւորէ մթագնած մեր երկնակամարը։ Յովհաննէս Աւետարանիչ կ՚ապահովցնէ մեզ, ըսելով՝ «լոյսը խաւարին մէջ կը փայլի» (Յհ 1.5):
գ․ Աւետարանիչը կ՚եզրափակէ այս հատուածը, ըսելով, թէ Աշակերտները ուզեցին զԻնք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն իսկ հասած էին իրենց երթալիք տեղը։ Իրաւ որ քիչ մը տարօրինակ կը հնչէ այս վերջաբանը։ Նաւակը կորուստի վտանգի տակ էր, եւ ահա արդէն իսկ կը հասնի ցամաք։ Նոյնինքն տարօրինակութեան մէջ մենք կը տեսնենք խորհուրդի մը բացայայատութիւնը։ Արդարեւ, երբ Աստուծոյ հետ քալենք, անկարելին կարելի կը դառնայ (Մտ 19.26): Ինչ որ անտանելի կը թուի, յանկարծ տանելի կը դառնայ, որովհետեւ Քրիստոս խոստացաւ, թէ «իմ լուծս դիւրաւ տանելի է եւ բեռս՝ թեթեւ» (Մտ 11.29):
Կեանքի այս հոյակապ փորձառութիւնը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ կենսական դաս մը, այն, որ երբ փոթորիկը անցընենք եւ մեր նպատակակէտին հասնինք, միշտ երախտապարտ ըլլանք։ Բազմաթիւ զուարճախօսութիւններ (anecdote) կան այս մասին, որոնցմէ մին կ՚ուզեմ յիշել այստեղ։ Երիտասարդ մը՝ ուշացած ըլլալով շատ խիստ ժամադրութեան մը, կ՚աղօթէ Աստուծոյ, որ եթէ ժամադրավայրին առջեւ ինքնաշարժը կեցնելիք տեղ գտնէ, հաստատ որ լաւ նուէր մը պիտի ընէ։ Երբ կը հասնի, կը նկատէ բաց տեղ մը, եւ անմիջապէս կ՛ըսէ. «Ո՛վ Աստուած, մի՛ մտահոգուիր, ես արդէն տեղ գտայ»։ Պատգամը յստակ է։ Գիտակից անձ մը, ինչ ալ ըլլան պարագաները, միշտ ալ գոհ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, որ մեր չնչին թէ մեծ խնդրանքները կը կատարէ, առանց հատուցումը ակնկալելու։ Իր մեծագոյն հատուցումը կը նկատէ մեր երախտապարտ հոգին։
Հոգեւոր այս հոյակապ սնունդը ստանալով այսօրուան Աստուածաշունչի ընթերցումէն, կեանքի մեր ծովը նաւարկենք խաղաղութեան թէ փոթորիկներու ընդմէջէն Քրիստոսի հետ՝ Ան որ կը հանդարտեցնէ ամէն փոթորկում, Ան որ կը հսկէ տիւ եւ գիշեր, եւ անակնկալ կերպով հորիզոնին վրայ կ՛երեւի փրկելու համար մեզ եւ առաջնորդելու երկնային խաղաղ նաւահանգիստը, որուն կը վայելէ փառք։ Ամէն։