ԿԻՐԱԿԻ, 14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ – ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ
ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 24:21-25:
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍՈՒ 2:41-52
Յիսուսի ծնողները ամէն տարի Զատիկի տօնին, Երուսաղէմ կ’երթային: Երբ Յիսուս տասներկու տարեկան եղաւ, անոնք Երուսաղէմ գացին, ինչպէս տօնին սովորութիւն էր երթալ: Տօնակատարութեան աւարտին, մինչ անոնք կը վերադառնային, Յիսուս մանուկը Երուսաղէմ մնաց: Իր ծնողները չանդրադարձան ասոր: Անոնք կը կարծէին թէ ուղեկիցներուն հետ է: Օրուան մը ճամբայ կտրելէ ետք, սկսան փնտռել Յիսուսը ազգականներու եւ ծանօթներու մօտ:
Երբ չգտան, կրկին Երուսաղէմ դարձան՝ հոն փնտռելու համար զինք: Երեք օր ետք զինք գտան տաճարին մէջ: Անիկա տաճարին ուսուցիչներուն հետ նստած՝ անոնց մտիկ կ’ընէր եւ հարցումներ կ’ուղղէր: Բոլոր անոնք որ իրեն մտիկ կ’ընէին, կը հիանային անոր իմաստութեան եւ տուած պատասխաններուն վրայ:
Ծնողները երբ տեսան Յիսուսը, ապշած մնացին: Իր մայրը ըսաւ.
– Այս ի՞նչ ըրիր մեզի, տղա՛ս. ահա հայրդ ու ես տակնուվրայ եղած՝ քեզ կը փնտռէինք:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Ինչո՞ւ զիս ուրիշ տեղ կը փնտռէիք. չէի՞ք գիտեր թէ Հօրս տան մէջ պէտք է գտնուիմ:
Սակայն ծնողները այս խօսքերուն իմաստը չհասկցան:
Յետոյ Յիսուս ծնողներուն հետ միասին Նազարէթ գնաց, եւ հնազանդ մնաց անոնց: Իր մայրը այս բոլորը իր սիրտին մէջ կը պահէր: Յիսուս կը զարգանար իմաստութեամբ եւ մարմնով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց սիրելի ըլլալով:
ՆԱՄԱԿ ԳԱՂԱՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 4:1-7
Բայց գիտցէ՛ք նաեւ, թէ ժառանգորդ մը թէպէտ ամբողջ ժառանգութեան իսկական տէրն է, բայց որքան ատեն որ անչափահաս է՝ տարբերութիւն չունի ծառայէ մը, քանի խնամակալներու եւ հոգաբարձուներու ենթակայ է, մինչեւ հասնի իր հօրը որոշած ժամանակակէտը: Նոյնն է մեր ալ պարագան: Որքան ատեն որ հոգեւորապէս անչափահաս էինք՝ բնութեան ոյժերուն կ’ենթարկուէինք ու կը ծառայէինք: Բայց հիմա յարմար ժամանակը հասած համարելով, Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին, որ կնոջմէ մը ծնաւ եւ Օրէնքին տակ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ Օրէնքին գերութենէն փրկէ եւ Աստուծոյ որդիներ դարձնէ: Արդ, որովհետեւ իր որդիներն ենք՝ Աստուած մեր սիրտերուն մէջ ղրկեց իր Որդիին Հոգին, որով զԱստուած «Աբբա», այսինքն «Հայր» կը կոչենք: Ուստի այլեւս ծառայ չէք, այլ՝ որդի. եւ քանի որդի էք՝ Աստուծոյ խոստումը պիտի ժառանգէք: