17ամեայ Ալինա Վարդանեան երգարուեստի աշակերտուհի է Երեւանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան երաժշտական-մանկավարժական պետական գոլէճին մէջ։ Աւարտելէ ետք, ան կը ծրագրէ յաճախել Երեւանի պետական երաժշտանոցը։ Եղբայրը՝ Սարգիս, արցախեան վերջին պատերազմին զինուորական ծառայութիւն կատարած է, իսկ ներկայիս Տաւուշ կը գտնուի, ուր տարի ու կէս եւս պիտի մնայ։
«Մանկուց սովոր էի երգել», կը յայտնէ “Crossroads”ին, «ուրեմն ասեցի՝ ինչի՞ չէ, եւ որոշեցի լինել երաժիշտ»։ Ան ներկայիս կը մարզուի որպէս առաջին սոփրանօ։ Ունենալով հանդերձ երաժշտական լայն հետաքրքրութիւններ, Ալինայի նախասիրութիւնը ամերիկեան երգերը եւ ռուսական էսդրատային երգերն են, ինչպէս եւ ճազը։
Անոր կատարողութեան ուժեղ կողմերն են նաեւ հայկական երաժշտութիւնը, իտալական օփերայի արիաները եւ ռուսական ռոմանսները։ Սիրած երգիչներէն են Մարիա Քալլաս եւ Լուչիանօ Փաւարոթթի։
«Ուզում եմ նախ եւ առաջ մարզուել որպէս կլասիկ երաժշտութեան երգիչ», կ՚ըսէ Ալինան։ «Տիրելով կլասիկ երաժշտութեան, դու կարող ես երգել ջազ եւ դրանից յետոյ՝ ինչ էլ ուզենաս»։ Այնուհետեւ, ան քանի մը երգերով գեղարուեստական հաճոյք պարգեւեց «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ հաւաքուած ընտանիքներուն։