ԱՅՍ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՄԵԾԱՐՈՒՈՂ ՍՈՒՐԲԵՐ
Այս Շաբաթ, 6 Մարտին, Հայաստանեայց Եկեղեցին հետեւեալ չորս սուրբերուն տօնը կը նշէ.
Ս. Յովհաննէս՝ Երուսաղէմի պատրիարք, յաջորդած է Ս. Կիւրեղին (386-417)։ Իր վանական կրթութիւնը ստացած է Նիթրիայի վանքին մէջ (Եգիպտոս), ուր սորված է քրիստոնէութեան եւ Որոգինէսի ուսմունքին մասին։ Յատկապէս յիշուած է իր մտաւորական կարողութիւններուն համար եւ կ՚ըսուի, թէ ներշնչող ու պերճախօս քարոզիչ մըն էր։
Յովհան Օձնեցի կաթողիկոս եղած է 717-728 տարիներուն, երբ Հայաստանը արաբական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ Ան հայերը պաշտպանած է բռնի կրօնափոխութենէ եւ յաջողած՝ անոնց քրիստոնէական պաշտամունքի իրաւունքը ապահովել։ Նաեւ կարողացած է տուրքէ զերծ կարգավիճակ ապահովել Եկեղեցւոյ համար։ Ան համատարած հիացումի եւ յարգանքի արժանացած է։
Յովհան Որոտնեցի ծնած է 1317ին։ Ձեռնադրութենէն ետք, ծառայած է Գլաձորի եւ Տաթեւի վանքերուն մէջ։ Իր ջանքերը ուղղած է ուղղափառ հաւատքի պահպանումին եւ հայ ու հռոմէական եկեղեցիները միաձուլելու փորձին դէմ։ Յովհաննու Աւետարանի եւ Պօղոս Առաքեալի թուղթերուն մասին մեկնութիւններ գրած է։
Գրիգոր Տաթեւացի թերեւս այս քառեակին ամենէն ծանօթ անունն է։ Ծնած է 1346ին Վայոց Ձոր նահանգին մէջ։ Յովհան Որոտնեցիի աշակերտ եղած է եւ Հայց. Եկեղեցւոյ մեծ պաշտպան։ Փայլուն գիտնական էր, լատիներէնի քաջածանօթ, եւ լայնօրէն ուսումնասիրած էր յոյն փիլիսոփաներու գործերը։ Ամենէն ծանօթ գործերը «Գիրք Հարցմանց»ն է, որ հաւատքի հարցերու կ՚անդրադառնայ, ինչպէս եւ «Ամարան» ու «Ձմերան» քարոզագրքի զոյգ հատորները։ Քարոզախօսութեան բարձր չափանիշեր հաստատած է եւ յաճախ կը յիշուի «երկրորդ Լուսաւորիչ» տիտղոսով։ Տաթեւացի մահացած է 1409ին, ըլլալով վերջին անձը, որ սրբադասման արժանացած էր Հայց. Եկեղեցւոյ կողմէ մինչեւ 2015, երբ Ապրիլեան նահատակները սրբադասուեցան՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առիթով։