ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԶՂՋՈՒՄԻ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 28 Փետրուար, 2021)
Մեծ Պահոց երրորդ Կիրակին ծանօթ է Անառակի Կիրակի անունով, որ սիրտ կոտրող անուանարկում մը ըլլալով հանդերձ, Պահքի մեր հոգեւոր ճամբորդութեան ոգին լաւագոյնս կը ցոլացնէ։ Ղուկաս Աւետարանիչը ամբողջ գլուխ մը տրամադրած է (15) երեք կորսուած ու գտնուած պարագաներու, որոնք ստեղծագործութեան երեք դասակարգումները կը ներկայացնեն՝ շնչաւոր ոչխար մը, անշունչ դրամ մը եւ բանաւոր/հոգեւոր արարած մը։ Յիսուս այս երեք առակները կը պատմէ, երբ կը տեսնէ թէ Փարիսեցիներն ու Դպիրները կը տրտնջային ըսելով, թէ «այս մարդը մեղաւորները կ՚ընդունի եւ անոնց հետ կը ճաշէ»։
Ան նախ կը նկարագրէ հովիւ մը, որ փնտռելու կ՛ելլէ հօտէն հեռացած իր ոչխարը։ Իր ետին ձգելով 99 ոչխարները, ան կորսուած մէկուն ետեւէն կ՛երթայ։ Երբ զայն կը գտնէ, իր ուսերուն վրայ դնելով կը վերադառնայ, եւ հրաւիրելով իր բարեկամներն ու դրացիները՝ անոնց հետ կը բաժնէ իր ուրախութիւնը։ Երկրորդ առակը կնոջ մը մասին է, որ երբ տասը արծաթէ դրամներէն մին կը կորսնցնէ, իր տունը լրիւ կ՚աւլէ, գտնելէ ետք բարեկամներն ու դրացիները կը հրաւիրէ եւ միասին կ՚ուրախանան։ Երրորդ առակը կրտսեր զաւակի մը մասին է, որ կանխաւ հօրմէն իր ժառանգը կ՚ուզէ։ Ապա, տունը թողլով օտար երկիր մը կ՛երթայ, ուր անառակ կեանք մը վարելով կը մսխէ հարստութիւնը, եւ խիստ աղքատութեան ու անօթութեան կը մատնուի։ Կ՚որոշէ տուն դառնալ յուսալով որ հայրը զինք կ՚ընդունի որպէս ծառայ մը, սակայն ակնկալածէն աւելի բացառիկ ընդունելութիւն կը գտնէ։ Ուրախ աւարտով այս պատմութիւնը կ՛եզրափակուի կծու դէպքով մը։ Երէց եղբայրը կը զայրանայ, երբ կը լսէ թէ անառակ եղբայրը ինչպիսի ջերմ պատիւի արժանացած է հօր կողմէ։
Այժմ առանձնաբար քննենք այս առակները, ծանրանալով երրորդին վրայ․-
ա. Հին Կտակարանին մէջ հովիւը խնամող Աստուծոյ պատկերը ցոլացնող ամենէն աւելի գործածուած տիպաբանութիւններէն մին է, որուն լաւագոյն օրինակն է Սաղմոս 23.1ը՝ «Տէրը իմ հովիւս է»։ Մովսէս հովիւ մըն էր երբ ինքզինք գտաւ Աստուծոյ ներկայութեան (Ելք, 3.1): Դաւիթ հովիւ էր երբ առանձնաշնորհում գտաւ օծուելու Սամուէլ մարգարէին կողմէ (Ա. Թագ. 16.11-13): Ամովս մարգարէն հովիւ մըն էր, երբ Աստուծոյ պատգամը բերաւ իր ժողովուրդին (Ամ 1.1)։ Այս բոլորին հետ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ինքզինք նմանցուց քաջ ու բարի Հովիւի (Յհ 10.11)։
Կորսուած ոչխարը փնտռելու պարագային, միշտ ալ հարց եղած է, թէ ինչպէ՞ս հովիւ մը իր ետին կը թողու 99 ոչխարները եւ մին փնտռելու կ՚երթայ։ Վստահ որ անհոգութեան պէտք չէ վերագրենք, այլ լռելեան հասկնանք որ անոնց անվտանգութիւնը ապահովելէ ետք է, որ կորսուածին ետեւէն գնաց։ Եկեղեցւոյ հայրերը 99 ոչխարները մեկնաբանած են որպէս Երկնային Զօրութիւնները՝ հրեշտակները, իսկ Բարի Հովիւը եկաւ փնտռելու կորսուածը, այլ խօսքով՝ մարդկութիւնը։
Մեր Տէրը դիպուկ պատկեր մը գործածած է ոչխար-հովիւ յարաբերութեան մէջ, որուն կ՚արժէ անդրադառնալ։ Հովիւը կորսուած ոչխարը երբ կը գտնէ, զայն իր ուսին բեռցնելով ուրախութեամբ կը վերադառնայ, ինչպէս հայր մը իր ուսին կը շալկէ մանուկը, որուն ոտքերը վզին երկու կողմէն կախուելով, կարծէք մէկ կը դառնան, եւ մանուկը ինքզինք այնքան ապահով կը զգայ։ Նոյնպէս հովիւը իւրաքանչիւր ոչխարին հանդէպ, կենդանիէ մը աւելի՝ հարազատի ջերմութեամբ կը գուրգուրայ։
բ. Երկրորդ առակը նաեւ հետաքրքրական է անով, որ Մեր Տիրոջ ուսուցումներուն մէջ կիները ներկայ են տարբեր առիթներով, որուն մասին աւելի կանուխ անդրադարձած ենք։ Այս առակին մէջ տանտիկինը երեւան կուգայ ո՛չ միայն որպէս կորսուածով մտահոգ, այլ ժրաջան ու հետապնդող նկարագրով տիպար մը, որ չի՛ յուսահատիր, այլ կը գործէ մինչեւ որ կը գտնէ կորսուածը, եւ ծանօթները բաժնեկից կը դարձնէ իր ուրախութեան։ Կորսուած դրամին արժէքը պէտք չէ թերագնահատել։ Արդարեւ, եթէ Յուդա երեսուն երեք արծաթեայ դրամ ստացաւ փոխան իր մատնութեան, կրնանք լաւագոյնս կռահել կորսուած դրամին գնողական արժէքը։
գ. Երրորդ առակը գլուխ գործոց մըն է, որ կը կազմէ մեր Տիրոջ պատգամին կորիզը։ Այս պատմութիւնը ո՛չ միայն իր ժամանակին, այլ նաեւ մերօրեայ ունկնդրին համար բաւական անսովոր կը թուի։ Զաւակ մը ինչպէ՞ս կը յանդգնի ժառանգ պահանջել, երբ հայրը՝ որ միակ իրաւատէրն է հարստութեան, դեռ եւս ողջ է։ Բոլորիս ծանօթ է, որ ժառանգը կը բաժնուի ծնողաց մահէն վերջ։ Այս անպատասխանատու առաջարկը ըստ էութեան ուրիշ բան չի նշանակեր, եթէ ոչ այն՝ որ զաւկին համար հայրը արդէն իսկ մեռած կը համարուի։ Յամենայն դէպս, վերջինս ընթացք կու տայ զաւկին խնդրանքին, որ կը հեռանայ տունէն, եւ օտար երկիր մը կը մեկնի, իր երազները իրականացնելու համար։ Շուտով կը շրջապատուի բարեկամներով, որոնք կը փառաբանեն ու պաշտեն զինք։ Իր անձին հանդէպ ունեցած համարումը մինչեւ ամպեր կը հասցնէ զինք, մտածելով որ նոր աշխարհ մը պիտի ստեղծէ, որուն կեդրոնը անշուշտ ինք պիտի ըլլայ, եւ ուր պիտի տիրէ միայն անկեղծ բարեկամութիւն եւ ուրախութիւն, եւ այլն։ Շատ շուտով, սակայն, հարստութիւնը կը շոգիանայ մսխումի հետեւանքով, եւ ինքզինք առանձին կը գտնէ։ Միայն այն ատեն հէգ արարածը կ՛ըմբռնէ, որ իր բոլոր հիացողները «բարեկամ» էին իր դրամին։ Թշուռութեան սեմին, ան կը ստիպուի խոզեր արածել, գործ մը որ մեծագոյն վիրաւորանքն էր իր ազգին համար, որովհետեւ ըստ օրէնքի արգիլուած էր նոյնիսկ դպչիլ այդ կենդանիին։ Դժբախտութեան ահաւոր անդունդին մէջ գլորած, երբ կ՚անդրադառնայ իր ողբալի վիճակին, ինչպէս ժողովրդական ասոյթով կ՛ըսենք՝ «ինքն իրեն կու գայ», առարկայօրէն իր վիճակը քննելով կ՛ըսէ․ «Հօրս տան մէջ քանի՜ գործաւորներ կան, որոնք իրենց պէտք եղած կերակուրէն աւելին ունին, մինչ ես հոս անօթութենէ կը մեռնիմ: Ելլեմ երթամ հօրս քով եւ ըսեմ իրեն.- Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ»։ Անմիջապէս գործնականի անցնելով կը վերադառնայ տուն։ Հեռուէն, հայրը նշմարելով զինք, կը գթայ, վազելով կը դիմաւորէ եւ վիզին փաթթուելով՝ կը համբուրէ։
Մինչ զաւակը կը փորձէ մտադրած զղջումի խօսքերը արտասանել, հայրը կը հրամայէ իր զաւակը վերականգնել իր նախկին դիրքով եւ պատրաստել ճաշկերոյթ, տօնախմբելու համար զաւկին դարձը, որովհետեւ, ան կ՚ըսէ․ «Իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ, կորսուած էր՝ գտնուեցաւ»։ Ափսո՜ս, որ ուրախութեան այս բացառիկ մթնոլորտը կ՛ամպոտի երէց զաւկին ժխտական կեցուածքով, որ երբ դաշտէն կը դառնայ եւ տեղեակ կ՚ըլլայ անցուդարձին, կ՚ընդդիմանայ, ըսելով, թէ հայրը անիրաւ գտնուած է իրեն հանդէպ, մինչ անառակ որդին կ՚արժանացնէ ջերմ ընդունելութեան։ Ուստի կը մերժէ մասնակցիլ խրախճանքին։
Այս երրորդ առակը բաւական հարուստ նիւթ հայթայթած է սուրբ գրոց մեկնաբաններուն։ Քարոզի սահմաններուն մէջ պիտի բաւականանք հօր եւ երկու զաւակներուն նկարագրային յատկանշական գիծերը վեր առնելով։
ա. Անառակ որդիին որդեգրած կենցաղակերպը, իր վախճանէն եզրակացնելով, յստակ կերպով ձախողութիւն է եւ դատապարտելի։ Ընդհանրապէս, այս կէտը մեկնութեանց գլխաւոր ուշադրութիւնը գրաւած է։ Ճիշդ է, որ ո՛չ մէկ արդարացում կարելի է գտնել այս ընթացքին համար, սակայն առակին նպատակակէտը զաւկին արտարոց վարմունքը չէ իր բոլոր ձախողութիւններով, այլ անդրադառնալով իր վիճակին, իր քաջ որոշումն է տուն դառնալու, եւ ընդունելու իր սխալին հետեւանքները։ Հետեւաբար, յուսահատութեան վիհին մէջ, զղջալու ու խոստովանելու դրական որոշումը կը կազմէ գլխաւոր պատգամը այս թանկագին պատումին։
Քրիստոս այս առակը որքան որ իր ժամանակակից ունկնդիրներուն ուղղեց, իսկութեան մէջ անիկա կը պատկանի բոլոր սերունդներուն։ Գլխաւոր դերակատարը ճիշդ է, որ երիտասարդ մըն է, սակայն սահմանափակուած չէ այդ տարիքի պատկանողներուն միայն։ Սուրբ Գրքի հասկացողութեամբ, ամէնքս ալ Աստուծոյ զաւակներն ենք երիտասարդ կամ տարէց։ Այս առակին պատգամը ներքին կապակցութիւն ունի նախորդ շաբթուան՝ Արտաքսման Կիրակիին հետ։ Մեղանչելը՝ այլ խօսքով ձախողիլը կամ թերանալը, մեր տկար բնութեան մաս կազմելով, անխուսափելի է, եւ որպէս այդպիսին հասկնալի է։ Սակայն չընդունիլ սխալը, այլ զայն արդարացնելը անընդունելի է Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ մարդոց համար։ Ի տարբերումն նախորդ Կիրակի օրուան նախածնողաց անկումին, այս առակին մէջ մենք կը տեսնենք, որ Անառակին մեղանչումը որքան ալ խոր է ձորերու նման, սակայն անոր զղջումը նոյնքան եւ աւելի բարձր է լեռներու գագաթներու նման։ Ուստի, երրորդ Կիրակիի պատգամը այն է, թէ բոլոր անոնք, որոնք մեղանչումի, ձախողութեան, անորոշութեան եւ զանազան տագնապներու ձորին մէջ կը գտնուին, երբե՛ք պէտք չէ իրենք զիրենք յանձնեն յուսահատութեան, ինքնարդարացումի եւ կամ ուրիշները մեղադրելու անօգուտ ճիգերու, ընդհակառակը՝ առարկայական կերպով քննեն իրենց վիճակը, զղջան եւ խոստովանին իրենց սխալները, եւ արիաբար դարձ կատարեն իրենց ընթացքին մէջ։ Վստահաբար, Անառակին նման, իրենց եւս դրական անակնկալներ կը սպասեն։
բ. Առակին գլխաւոր դերակատարութիւնը անկասկած կը ծանրանայ հօր ուսերուն։ Տարիներ առաջ, կը յիշեմ, երբ հանգուցեալ Դոկտ. Քէնէթ Պէյլի Պէյրութի մէջ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան Ճեմարանը Նոր Կտակարանի աստուածաբնութիւն կը դասաւանդէր, խօսելով այս առակի մասին, ըսաւ, թէ բոլոր աւետարաններուն մէջ, այս մէկը ամենէն թանկագինն է, եւ եթէ Աւետարանները լրիւ կորսուած ըլլային, այս մէկով Աստուծոյ սէրը կրնայինք ճանչնալ։ Երբ հարց տուի իրեն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդպիսի արժեւորում ընել, երբ Խաչը չենք գտներ հոն, ան մեծ ժպիտով մը ու իրեն յատուկ խօսելաոճով մը պատասխանեց, «Հայր սուրբ, Լիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով, լաւ պէտք է գիտնաս ընկերութեան արժեչափերը,։ Ըստ այնմ՝ աներեւակայելի է որ տարեց մարդ մը հանրութեան մէջ վազէ որպէսզի գրկէ ու համբուրէ իր զաւակը, մանաւանդ անառակ որդի մը։ Իսկ այստեղ կը տեսնենք, թէ հայրը անտեսելով ընկերային բոլոր ըմբռնումները, անսակարկ կերպով իր սէրը կը յայտնէ»։ Այս բացատրութեան լոյսին տակ, աւելի հասկցայ որ իր էութեամբ Խաչը խորհրդանշելով Սէր, Հասկացողութիւն, Ներում, փոխադարձաբար այդ ամէնքը կը ներկայացնեն Խաչը։
Հօր վերաբերումը ամենայն մանրամասնութեամբ նկարագրուած կը տեսնենք այս պատումին մէջ։ Հեռուէն իր զաւակը նշմարելը ցոյց կուտայ, որ հայրը պատահաբար չէր որ տեսաւ, այլ կը սպասէր անոր դարձին։ Գթալով անոր, վազել ու գրկելով համբուրել՝ առանց ձգելու որ զաւակը իր մտադրած զղջումը յայտնէ, ապա զինք վերահստատել նախկին պատիւին մէջ ու մորթել ամենէն պարարտ եզը, որպէսզի տօնախմբէ, որ իր մեռած զաւակը ողջնցած է եւ կորսուած զաւակը գտնուած․ այս բոլորը անկասկած կ՛անդրանցնին մարդկային ամէն հասկացողութիւն սիրոյ ու ներողամտութեան։
Վշտակիր, բայց մխիթարուած եւ ուրախ հօր պատգամը յստակ է՝ Հայր Աստուած մարդկութեան համդէպ անսահման գորովով լի է, այն աստիճան որ ո՛չ միայն իր Սէրը մարդացաւ, այլ յանցապարտներու խաչի պատիժը յանձն առաւ, որպէսզի չմնանք կորսուած, ծառայ կամ գերի, եւ մեղքի մէջ մեռած, այլ որդիութեան մեր պատիւին մէջ վերահաստատեց մեզ, բաժնեկից ըլլալու յաւերժական կեանքին եւ ուրախութեան։
գ. Երէց եղբօր վերաբերումը երբ քննենք, որոշ չափով տրամաբանական ու արդարացի կը գտնենք։ Իր անկիւնէն դիտած, անընդունելի էր անառակ զաւկի մը նման պատիւ ընծայել։ Անոր անունը պէտք էր նոյնիսկ ջնջուէր ընտանեկան գիրքէն իր անպատկառ վարմունքին համար։ Աւելին՝ նախընտրելի պիտի ըլլար մեռած ըլլար ան, քան անամօթաբար տուն դառնար։ Այս ամէնքը անկասկած տեղին էին, սակայն մէկ բանի մէջ երէց եղբայրը կը ձախողէր, այն՝ որ չէր կրնար ըմբռնել ու ապրիլ այն ճշմարիտ ուրախութիւնը, որ հօրն էր, թէ կորսուած եղբայրը գտնուած էր։ Ան չէր կրնար ներել եղբօր, հետեւաբար անկարող էր բաժնել հարազատի անսակարկ ապրումները։ Վստահ չենք, եթէ ան ի վերջոյ միացաւ հօր կամ ոչ. իր խիստ վերաբերումէն կռահելով, ան ոչ միայն ինքզինք զրկեց խրախճանքէն, այլ նաեւ իր վրայ դատապարտութիւն հրաւիրեց, որովհետեւ բարկութեան եւ մասամբ նորին մեղքերով շղթայուած հոգին չկրցաւ ձայնակցիլ Քրիստոսի, թէ «ներէ մեր մեղքերը, ինչպէս մե՛նք կը ներենք մեր պարտապաններուն» (Մտ 6.12):
Աւետարանի 15րդ գլխուն վերջաբանը լրիւ կը համաձայնի նախաբանին հետ։ Ճիշդ է որ Անառակի առակը կը վերջանայ երէց զաւկին տխուր վերաբերումով, խորքին մէջ հասարակաց եզր ունի առակներուն դրդապատճառ հանդիսացող՝ Փարիսեցիներուն եւ Դպիրներուն մեղադրական ոգիին, թէ Յիսուսը կ՚ընդունէր մեղաւորները եւ անոնց հետ հաց կը բաժնէր։ Չնայած այն իրողութեան, որ հրէից օրինապահ դասակարգը եւ երէց զաւակը հաւատարիմ էին իրենց յանձնառութեան մէջ, սակայն անոնց մերժողական մօտեցումը արդարանալի չէր, այլ միայն դատապարտելի, որովհետե մարդկային դատողութեամբ առաջնորդուած, չկրցան լսել Աստուծոյ ձայնը որ կ՛ըսէ. «Մեղաւորին մահը չէ որ կը ցանկամ, այլ անոր դարձը՝ չար ճամբայէն» (Եզ 18.32)։
Որպէս եզրափակիչ մտածում, կ՚արժէ նաեւ ուշադրութիւն դարձնել հետեւեալ պարագային։ Առաջին երկու առակներուն կը հետեւի հաստատում մը տարբեր բառերով, սակայն նոյն պատգամով։ Կորսուած ոչխարին կը յաջորդէ Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը՝ «Կ’ըսեմ ձեզի, երկինքի մէջ նոյնպէս ուրախութիւն պիտի ըլլայ մէկ ապաշխարող մեղաւորի համար, քան ինըսունինը արդարներու համար, որոնք ապաշխարութեան պէտք չունին», իսկ կորսուած դրամին՝ «Կ’ըսեմ ձեզի, Աստուծոյ հրեշտակները նոյն ձեւով պիտի ուրախանան մեղաւորի մը համար, որ կ’ապաշխարէ»։ Երկու պարագաներու ալ՝ ո՛չ ոչխարը եւ ո՛չ ալ դրամը կարելի է կորսուած մարդու արժէքին հետ բաղդատել, ինչպիսին է պարագան Անառակ որդիին։ Յամենայն դէպս, անոնք որոնք ծանօթ են առակներու գրականութեան, գիտեն թէ դերակատարները մարդ ըլլան թէ կենդանի կամ բոյսեր, ամէնքն ալ կը նեկայացնեն մարդկութիւնը։ Վերոյիշեալ առակներու ունկնդիրները լաւապէս կը հասկնային, թէ որոնց ուղղուած էր ակնարկութիւնը։ Ըստ այնմ, այս հաստատումները որքան ալ որպէս մեղադրանք ընդունուէին իրենք զիրենք արդար կարծողներու կողմէ, միաժամանակ հրաւէր էին զգաստութեան, որպէսզի դուրս գալով իրենց պատեանէն տեսնեն ու վայելեն Աստուծոյ Շնորհքը, որ կախեալ չէ մեր արժանիքներէն, այլ՝ Աստուծոյ սէրէն, եւ որ կը հեղու ե՛ւ բարիներուն, ե՛ւ չարերուն վրայ (Մտ 5.45)։
Գիտնալէ ետք, թէ մեր երկնաւոր Հայրը ինչպէս կը սպասէ մեզի, որպէսզի տօնախմբէ իր Միածին Որդիին սուրբ արեամբ գնուած մեր Փրկութիւնը, ուստի մենք մեզ միշտ քննենք։ Հոգ չէ թէ երէց եղբօր պէս տան բնակիչ ենք կամ անառակ որդիին պէս հեռացած անկէ, երկնաւոր Հօր ողորմութիւնը կենսական է բոլորիս համար, ինչպէս Սաղմոսասացն ալ կը վկայէ, թէ՝ «Աստուած երբե՛ք չ՚արհամարհեր մաքուր սիրտն ու խոնարհ հոգին» (Սղ 51.17)։ Միաժամանակ, Ներսէս Շնորհալի հայրապետին հետ աղօթելով ըսենք՝ «Հայր երկնաւոր, ճշմարիտ Աստուած, որ Միածին Որդիդ ղրկեցիր մոլորեալ ոչխարը փնտռելու համար։ Մեղանչեցի երկնքի դէմ եւ Քու առջեւդ։ Ընդունէ զիս անառակ որդիին նման եւ զգեցուր ինծի առաջին պատմուճանս զոր մեղքով մերկացայ։ Ողորմէ քու արարածներուդ, եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։
Թող Ամենագութ Աստուած առաջնորդէ մեր մտածումները, խօսքերն ու գործերը, որպէսզի չհեռանանք Իրմէ եւ զմեզ չզրկենք Իր ներկայութենէն ու խնամքէն, այլ Իրմով ողջունենք եւ տօնակատարենք յաւերժական կեանքը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։