Առաջնորդարանէն

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի, 28 Փետրուարին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս Հայ Օգնութեան Միութեան հանգուցեալ հիմնադիրներու, անդամ-անդամուհիներու եւ բարերարներու յիշատակին։ Այս առիթով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հետեւեալ սրտի խօսքը արտասանեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։

Ի հետեւումն տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած աւանդութեան մը, այսօր Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս յատուկ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ՀՕՄի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն եւ բարերարներուն հոգիներուն համար, որոնք հաւատքով հիմնեցին ու կազմակերպեցին այս Միութիւնը, յոյսով փայփայեցին անոր աստիճանական աճումը եւ սիրով գործեցին անոր հովանիին ներքեւ։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ իգական սեռի գործնական ներդրումը անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է։ Այսպէս, դաստիարակութեան ոգին որ անձնաւորուած է Ձուիկ եւ Զարմանդուխտ իշխանուհիներով, Մշակոյթի զարկ տալու ոգին՝ որ արտայայտուած է Կեռան ու Խոսրովանոյշ թագուհիներով, Բարեգործութեան ոգին՝ որ ճառագայթած է Զապէլ թագուհիներով, ազգասիրութեան ոգին՝ որ արտայայտուած է Սօսէ Մայրիկներով, այս ամէնքը մենք խտացուած կը տեսնենք բազմատասնեակ մասնաճիւղերով աշխարհասփիւռ մայր դարձած ՀՕՄին մէջ։

Արդարեւ, յաճախ ըսած ու կրկնած եմ, որովհետեւ հաւատացած եմ, թէ՝ ինչպէս Մայր Արաքս գետը կ՚ոռոգէ եւ կը պտղաբերէ հայ անդաստանները, նմանապէս ՀՕՄը, որպէս բանաւոր եւ իմանալի գետ, միայն ու միայն դրական, բարի ու վսեմ արժէքներով կը հարստացնէ հայ կեանքը, ի մայր Հայաստան, յԱրցախ, ի Ջաւախք եւ ի սփիւռս աշխարհի։

Այսօր, որքան որ կ՚աղօթենք անոնց համար որ գործեցին ու անցան, նոյնքան մեր աղօթքն ու մաղթանքը կը բարձրացնենք յարգանքի արժանի կազմակերպութեան  փաղանգին  պատկանող բոլոր այն նուիրեալներուն համար, որ մեծահոգութեամբ եւ անսակարկ կերպով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցանեն ի պայծառութիւն եւ յառաջդիմութիւն ազգիս Հայոց։

 

* * *

 

Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ՝ երէկ սրտի մեծ ուրախութեամբ իմացանք որ նիւեորքաբնակ Տէր եւ Տիկին  Գառնիկ եւ Ալիս Ալաճաճեան ամոլը 250.000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն կատարած են Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), հաստատելով կրթական հիմնադրամ մը՝ Միջին Արեւելքէն ժամանող ուսանողներու համար, որոնք կը փափաքին իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել, այն ազնիւ հասկացողութեամբ որ օր մը, երբ իրենց երազը իրագործուի, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն մեր ազգին՝ ուրախութեամբ ծառայելով։

Մեր մաղթանքն է, որ նման առատաձեռն եւ գիտակից պատուական հայեր յառաջ գան եւ քաջալերեն ՀՕՄը, մեր եկեղեցիները, հաստատութիւններն ու միութիւնները, որպէսզի մենք աւելի զօրանանք ու կազմակերպուինք այս ցամաքամասին վրայ, եւ առաւել եւս յաջողցնենք ազգաշէն մեր ծրագիրները, լաւագոյնս շարունակելով մեր զօրակցութիւնը մայր հայրենիքին, Արցախին, Ջաւախքին եւ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Թող Ամենակալն Աստուած միշտ մեզ առաջնորդէ Իր իմաստութեամբ, եւ մենք կարենանք բոլոր կառոյցներով մեր դէմ յարուցուած բոլոր մարտահրաւէրները յաղթահարել, այն  գիտակցութեամբ որ Աստուծոյ գործակիցներն ենք մենք, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ Կորնթացիներու ուղղուած իր նամակին մէջ, զոր այսօր կարդացինք, եւ մեր տաղանդները լաւագոյնս օգտագործենք մեր ժողովուրդի յառաջդիմութեան, համայն աշխարհի բարօրութեան եւ Աստուծոյ փառքին համար։ Ամէն։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ