Հայ յեղափոխութեան «մարդակերտը» անունով կոչուած Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն՝ Քրիստափոր Միքայէլեան իր կեանքին կէսը նուիրած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին։
Ծնած է 18 Հոկտեմբեր, 1859ին, Նախիջեւանի Գողթն գաւառի Վերին Ագուլիս գիւղը։ Չորս տարեկանին կորսնցուցած է մայրը, իսկ տասը տարեկանին` հայրը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին ծխական դպրոցը։ 1876ին, ընդունուած է Թիֆլիսի ուսուցչական հիմնարկը, որուն ընթացքը աւարտած է 1880ին։ Վերադառնալով Վերին Ագուլիս, 1880-1884-ին ուսուցչական պաշտօն վարած է, եւ այդ տարիներուն յեղափոխական ու ընկերվարական խոր համոզումներու տէր գործիչը արմատաւորուած է Քրիստափորի մէջ։ Այդ տարիներուն, միացած է ռուսական «Նարոտնայա վոլեա» («Ժողովրդային կամք») յեղափոխական կազմակերպութեան։ 1885-1887ին իբրեւ ազատ ուկնդիր ուսանած է Մոսկուայի համալսարանը, իսկ 1887ին, իր նախաձեռնութեամբ ստեղծած է «Երիտասարդ Հայաստան»կազմակերպութիւնը։
Քրիստափոր Միքայէլեան ձեռնարկած է միացելու նորաստեղծ Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, ինչպէս եւ անջատաբար պայքարի լծուած խմբակները։ Թէեւ Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Ռուբէն Խանազատ համաձայնութիւն յայտնած է բոլոր յեղափոխականները ի մի բերելու գաղափարին, բայց Հնչակեան կեդրոնը հետագային մերժած է միանալ նորակազմ հոսանքին, համաձայն չգտնուելով ապակեդրոնացման սկզբունքին։ 1890ի ամրան, Թիֆլիսի մէջ, Ք. Միքայէլեան հիմնած է Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը՝ Սիմոն Զաւարեանի եւ Ստեփան Զօրեանի (Ռոստոմ) հետ։ 1891ին ձերբակալուած ու Պեսարապիա աքսորուած է, բայց նոյն տարին գաղտնօրէն անցած է Ռումանիա եւ կազմակերպած՝ կուսակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը։
1892ի ամրան վերադառնալով Թիֆլիս, Ք. Միքայէլեան մասնակցած է այժմ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անունով հանդէս եկող կուսակցութեան առաջին ընդհանուր ժողովին, ուր կը հաստատուի անոր ծրագիրը, որուն հեղինակներէն մէկն էր ինք։ Քրիստափոր յաջողած է ստեղծել գաղափարական, կազմակերպական եւ գործնական ենթահողը, որ նորաստեղծ կուսակցութեան ինքնահաստատումը պիտի ապահովէր յետագային։ Զաւարեանի եւ Ռոստոմի հետ գործակցելով, ան ամուր հիմքերու վրայ դրած է «Դրօշակ»ի հրատարակութիւնը, ուր լոյս ընծայած է գաղափարական կարեւոր նշանակութեամբ յօդուածներ։ Ան մաս կազմած է նաեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդրանիկ Բիւրոյին։
1895–1896ին ձերբակալուելէ ու Պաքուի բանտը մնալէ ետք, ազատ կ՚արձակուի երաշխաւորագինով եւ Թիֆլիսէն չհեռանալու պայմանով։ Այնուհետեւ, իր աշխատանքը կեդրոնացուցած է Խանասորի արշաւանքի կազմակերպման վրայ (1897)։ Հ. Յ. Դաշնակցութեան երկրորդ ընդհանուր ժողովի (1898) որոշումով, Քրիստափոր մեկնած է Ժընեւ, ուր զբաղած է «Դրօշակ»ի խմբագրութեամբ եւ քարոզչական գործունէութեամբ։ Այս ընթացքին գրած է «Ամբոխային տրամաբանութիւն» (հրատ. 1909) եւ «Կովկասահայ տագնապը» (1903) գործերը։ Իր նախաձեռնութեամբ 1900ին սկսած է ֆրանսալեզու «Փրօ Արմենիա» պարբերաթերթի հրատարակութիւնը, որուն աշխատակցած են ժամանակի ֆրանսացի շատ յայտնի հայասէրներ եւ քաղաքական գործիչներ, արտայայտուելով ի նպաստ Հայկական Հարցի լուծման։
Վերադառնալով Կովկաս, Քրիստափոր կը նախաձեռնէ «Փոթորիկ» խումբի ստեղծումին, 1901ին։ Ան հայ ունեւոր խաւը կը դնէ յեղափոխական գործին նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու պարտաւորութեան տակ։ Քրիստափոր տիրական ներկայութիւնը եւ մղիչ ուժ եղած է հայ ազատագրական եւ իրաւունքի պաշտպանութեան բոլոր ճակատներուն կողմէ։ Այսպէս, ռուս կառավարութեան կողմէ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման առթիւ (1903-1905), ան Խրիմեան Հայրիկի կողքին գտնուած է, խրախուսելով որ Հայրիկը ծառանայ այս անարդարութեան դէմ։
Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան (1904) յաջորդող համիտեան ահաւոր ջարդերուն հետեւանքով, Քրիստափոր նոյն տարի տեղի ունեցած Հ. Յ. Դաշնակցութեան երրորդ ընդհանուր ժողովին ներկայացուցած է Ապտիւլ Համիտ սուլթանը ահաբեկելու ծրագիրը, ստանալով անոր համաձայնութիւնը, եւ անձամբ լծուած է ծրագրի գործադրութեան։ Սակայն, մահափորձի պատրաստութեան ընթացքին, Պուլկարիոյ մէջ, Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Վռամշապուհ Քենտիրեան զոհ կ՚երթան ռումբի անժամանակ պայթումին՝ փորձի մը ընթացքին, 17 Մարտ, 1905ին, Վիտոշ լերան լանջին։ Դաշնակցութեան այս մեծ դէմքին շիրիմը կը գտնուի Պուլկարիոյ Սոֆիայի հանրային գերեզմանատան մէջ։