Առաջնորդարանէն

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Շաբաթներ առաջ, Ազգային Առաջնորդարանը հաճոյքով ստացաւ East Woods դպրոցի (Օյսթըր Պէյ, Նիւ Եորք) աշակերտներուն կողմէ Հայաստանի զօրակցութեան ծրագիր մը՝ գծագրութիւններով արտայայտուած։ Այս ծրագրին նախաձեռնողը եղած է դպրոցի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի եւ համայնքային ծառայութեան տնօրէնուհի՝ տիկ. Մարթին Մ. Թաուաճի, որ երկարամեայ բարեկամութիւն ունի հայերու հետ։

Տիկ. Թաուաճիի գաղափարը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ կամուրջներ ստեղծելու, դպրոցի արուեստի ուսուցչուհի՝ տիկ. Մարի Ուչիի կողմէ որդեգրուած է։ Ան առաջնորդած է աշակերտները ամբողջ ծրագրին ընթացքին, որ պատերազմական վիճակի մէջ ապրող ընտանիքներուն եւ աշակերտական տարիքի մանուկներուն առօրեայ տագնապները նկարագրելու եւ արտայայտելու։ Ամերիկեան դպրոցին աշակերտները, որոնց մէջ նաեւ կան հայեր, անկեղծութեամբ ու սրտագին զգացումներով նկարներով ու խօսքերով իրենք զիրենք արտայայտած են։ Դպրոցի ծնողներէն՝ տիկ. Մելինի Տիրիէլեան, օժանդակած է ծրագրին։