«ՀԱՄԱՍՏԵՂ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ՝ ՊՍԱԿԱՁԵՒ ԺԱՀՐԻ ԴԻՄԱՑ
Ուաշինկթընի «Համաստեղ» վարժարանը դժուար ժամանակներ դիմագրաւեց պսակաձեւ ժահրի այս ժամանակաշրջանին։ Անցեալ ամրան առաջին հանդիպումին, որոշ ուսուցիչներ վերապահ էին լեզուի ուսուցման հանդէպ՝ առցանց կերպով, ինչ որ պատճառ դարձաւ փորձառու ուսուցիչի մը կորուստին։ Վարժարանի գոյութեան 51 տարիներուն ընթացքին, այսպիսի տարողութեամբ աշխատանք տնօրէնութեան առջեւ դրուած չէր։ Ամէն ոք կը կարծէր որ վարժարանին փակումը ժամանակաւոր բնոյթ ունէր:
Տնօրէնուհի տիկ. Ժանէթ Փէլթէքեանի ղեկավարութեամբ, լուրջ աշխատանք տարուեցաւ ուսուցիչներուն կողմէ՝ ուսումնական նոր տարեշրջանը հեռակայ կարգով կատարելու։ Այդ սկզբունքով տեղի ունեցան հետեւեալ փոփոխութիւնները.
_ Առցանց տեղադրուեցաւ հայերէն դասագիրքերու ցանկ մը, որ մատչելի պիտի ըլլար ուսուցիչներուն՝ իրենց տուներէն աշխատելու:
_ Վարժարանը ամիսը երկու անգամ տրամադրեց ձայնագրուած գիրքեր, կատարողութեամբ վարժարանիշրջանաւարտներէն` Մարի Մարգարեանի:
— Բոլոր դասերը, առանց կրճատումի, փոխարինուեցան հեռակայ ձեւաչափով, սկսեալ հայերէն լեզուի դասերէն՝ Կոկոն դասարանէն մինչեւ 8րդ դասարանը, կրօն, հայոց պատմութեան դասերը եւ մեծերու յատուկ պարի դասերը:
Անցեալ Նոյեմբերին, վարժարանը Արցախի համար դրամահաւաք կազմկերպեց, գոյացնելով $4.000:
Այս բոլորին կողքին մխիթարական բաներ ալ կան, ծնողի մը խոստովանութեամբ, թէ զաւակը միօրեայ հայկական դպրոցի դասերը հաճելի կը գտնէր եւ տունը շատ աւելի հայերէն սկսած էր խօսիլ: Ասիկա առաքելութեան մէջ յաջողած ըլլալու նշան մըն է, ինչ որ կը խթանէ գործը շարունակելու՝ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։