ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 14 Մարտ, 2021)
Մեծ Պահոց հինգերորդ կիրակին ծանօթ է Դատաւորի Կիրակի անունով, ի հետեւումն այն առակին, զոր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր Առաքեալներուն պատմեց (Ղկ 18.1-8): Այրի կին մը անվհատ եւ անդադար իր քաղաքի դատաւորին կը դիմէ, որպէսզի իր դատը տեսնէ։ Վերջինս, ձերբազատելու համար կնոջ անտեղիտալի պահանջքէն, կը քննէ անոր պարագան եւ վճիռը կ՚արձակէ ի նպաստ անոր։ Յիսուս՝ եզրակացնելով իր խօսքը, կ՚ըսէ․ «Եթէ անարդար դատաւորը ի վերջոյ օգնեց կնոջ, որքան աւելի երկնաւոր Հայրը կը հասնի բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն իրենց կարիքներուն մէջ»։
Առակի դերակատարները, զորս Յիսուս ընտրած է, խիստ հետաքրքրական են։ Ո՛չ ոյժի եւ ո՛չ ալ դիրքի բացարձակապէս նմանութիւն կայ աղքատ ու այրի կնոջ ու դատաւորին միջեւ, յիշեցնելով Դաւիթի ու Գողիաթի միջեւ կայացած կռիւը։ Այս ուղղութեամբ, Աստուածամայր Մարիամ իր փառաբանական աղօթքին մէջ գոհութիւն յայտնելով Տիրոջ, որ Իր անբաւ ողորմութեամբ նայեցաւ իրեն, կ՛ըսէ․ «Տէրը գահազրկեց եւ բարձրացուց խոնարհները» (Ղկ 1.52):
Դատաւորի եւ այրիի այս պատումը լիուլի կը բացայայտէ առակը կանխող Քրիստոսի պատգամը, թէ «պէտք է միշտ աղօթել եւ երբեք չվհատիլ»։ Աղօթքը Աստուծոյ կողմէ բանական մարդուս շնորհուած մեծագոյն պարգեւներէն մէկն է։ Եթէ ուզենք զայն վերլուծել, պիտի տեսնենք թէ մեր երկնաւոր Հօր հաղորդակցելու որպէս պարզագոյն եւ գերագոյն միջոց՝ կը գերազանցէ ո՛չ միայն մեր երեւակայութեան արագութիւնը, այլ նաեւ ճամբորդութեան համար ստեղծուած արդիական բոլոր գործիքները, նոյնիսկ լոյսի արագութիւնը։ Աղօթքի իւրայատկութիւնը այն է, որ ակնթարթի մը մէջ ո՛չ միայն անջրպետը կը կտրէ ու կ՛անցնի, այլ Արարիչին ներկայութեան կ՛արժանացնէ մեզ, սրտբաց կերպով խօսելու՝ առանց պաշտօնականութեան կամ այլեւայլ ձեւականութեանց, ինչ որ վարժ ենք մեր մեծաւորներու ներկայութեան ընել։ Որքա՛ն ուշագրաւ է, որ եկեղեցւոյ մեր Հայրերը՝ զուգահեռ Աւետարանին, Եսայի մարգարէի հետեւեալ հատուածը նշանակած են ընթերցելու։ Մարգարէն Աստուծոյ կողմէ կը յայտարարէ. «Նախ քան որ անոնք կանչեն ինծի, Ես պիտի պատասխանեմ։ Մինչ անոնք կը խօսին, Ես պիտի լսեմ» (Ես 65.24)։ Այս հատուածը իր բոլոր գեղեցկութեամբ եւ խրախուսիչ պատգամով մեծ հարցական մը կը յարուցանէ, այն՝ թէ Աստուած սկիզբէն եթէ գիտէ ամէն բան, ի՞նչ պէտք կայ աղօթելու՝ խնդրելու։ Ո՛չ մէկ կասկած որ Աստուած ի յառաջագունէ տեղեակ է մեր մտածումներուն, մտահոգութեանց, առհասարակ մեր բոլոր կարիքներուն, բայց եւ այնպէս Յիսուս իր առաքելութեան սկիզբը յստակ կերպով աւանդեց՝ «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» (Մտ 7.7), ինչ որ մեզի կը սորվեցնէ, թէ առաջին քայլը մե՛նք պէտք է առնենք եւ Աստուած համապատասխան կերպով կը պատասխանէ։ Այն իրողութիւնը, որ Աստուած ամենագէտ է, մեզ պէտք չէ առաջնորդէ անհոգութեան, ծուլութեան կամ կրաւորականութեան, այլ որպէս իր համագործակիցները, պարտինք ըլլալ նախաձեռնող ու գործօն։
Յիսուս, պատուիրելով մեզի միշտ աղօթել, նաեւ գործնական դաս մը կը սորվեցնէ, այն՝ որ սրտի տրոփիւնի ու շնչառութեան նման, անդադար պէտք է հաղորդակցութեան մէջ ըլլանք մեր երկնաւոր Հօր հետ։ Աշխարհը մշտական կերպով լեցուն է մարտահրաւէրներով, եւ անոնց դէմ պայքարելու համար կենսական է Աստուծմով նորոգուիլ։ Շատեր կրնան այս յարաբերութիւնը բացատրել որպէս առողջ անհատականութեան բացակայութիւն, տհասութիւն, կամ մեր անձին հանդէպ վստահութեան պակաս։ Այսուամենայնիւ, բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք բացարձակ անկախ կը նկատեն Աստուծոյ նախախնամութենէն, երբե՛ք ամօթ չէ խոստովանիլը որ մեր անկախութիւնը այնքան փխրուն է, որ մերօրեայ փորձառութեամբ չի կրնար դիմադրել նոյնիսկ ժահրի մը։ Ուստի, մէկ կողմ թողլով ստորակայութեան բարդոյթը, որպէս գիտակից արարածներ, երբ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան էութիւնը քննենք, պիտի տեսնենք որ ատիկա ուղղահայեաց յարաբերութիւն մը չէ, ինչպէս տիրոջ եւ իր ստրուկին միջեւ, այլ սիրոյ եւ խնամատարութեան հորիզոնական կապ մըն է, աւելին՝ հրաւիրուած ենք Իր գործակիցները ըլլալու (Բ Կր 6.1)։ Միթէ կա՞յ աւելի զգլխիչ պատիւ, քան տիեզերքի Արարիչին գործակից ըլլալը։ Ուստի, երբ մեզի շնորհուած է ազատ մուտք ունենալ՝ առանց ժամադրութեան եւ կամ պաշտօնականութեանց, եւ ունկնդրութիւն ունենալ Իր հետ, ապիկար չգտնուինք եւ անփոխարինելի այս պատեհութիւնը չկորսնցնենք աղօթքի միջոցաւ Իր ներկայութիւնը վայելելու։
Քրիստոսի բնաբանի երկրորդ մասը՝ երբեք չվհատիլ, դարձեալ շատ կարեւոր է։ Ճիշդ է, որ Բարերար Տէրը իր բարիքները առատապէս կը տեղացնէ մեր վրայ, նաեւ Ան աւելին կը պարգեւէ քան մեր խնդրածը, ինչպէս կը տեսնենք անդամալոյծի բժշկութեան պարագային (Ղկ 5.23), յամենայն դէպս պէտք է իրազեկ ըլլանք նաեւ այն իրողութեան, որ «խնդրելու եւ ստանալու» այս գործողութիւնը չի համընկնիր Սաղմոսասացի խօսքին, թէ «հրամայեց եւ կատարուեցաւ» (Սղ 32.9): Այլ խօսքով, պէտք չէ ակնկալենք որ մեր բոլոր խնդրանքները իսկոյն պէտք է կատարուին։ Իսկութեան մէջ, այն Շնորհքը, որ մենք կը վայելենք Աստուծոյ մարդացեալ Միածին Որդիին Խաչելութեամբ, Թաղմամբ ու Յարութեամբ, կ՚անդրանցնի ամէն պարգեւ որ կրնանք երեւակայել։ Ո՛չ մէկ կասկած, որ նիւթական բարիքներու խնդրանքը կրնայ պատասխանուիլ շուտով, սակայն յապաղելու պարագային պէտք չէ վհատինք ու յուսահատինք, այլ հաստատ կերպով հաւատանք, թէ յարմար ժամանակին կը կատարուի։ Արդարեւ, դարձեալ եթէ քննենք մեր խնդրանքի պատասխանին ուշացումը, կրնանք վկայել որ ատիկա զօրաշարժի կ՚ենթարկէ մեր մէջ գտնուող ներքին ուժականութիւնը՝ դիմագրաւելու եւ Աստուծմով յաղթահարելու մեզի սպառնացող պատահարները։ Ի զուր չէ, որ Պօղոս Առաքեալ երբ նման վիճակի մէջ կը գտնուէր, իր փորձառութիւնը մեր հետ բաժնելով կ՛ըսէ․ «Կը պարծենանք մեր նեղութեանց մէջ, գիտնալով որ նեղութիւնները մեզի համբերութիւն կու տան, համբերութիւնը՝ տոկունութիւն, տոկունութիւնը՝ յոյս, իսկ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.3-5):
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատուէրը իմանալէ ետք, թէ աղօթքը կենսական է հոգեւոր, ինչպէս նաեւ մարմնական մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ կ՚արդիւնաբերէ համբերութիւն եւ յոյս, ուստի օգտուինք այս ձրի եւ օգտաշատ դեղատոմսէն, եւ միշտ աղօթենք, ինչպէս դարձեալ Պօղոս Առաքեալ այսօրուան ընթերցումին մէջ կ՚ըսէ․ «Որեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք, եւ այն ատեն Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ միտքով կարելի չէ հասկնալ, խաղաղ պիտի պահէ ձեր սիրտերն ու միտքերը, որոնք Քրիստոս Յիսուսի միացած են» (Փպ 4.6-7), որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ յաւիտեանս։ Ամէն։