SALT & LIGHT ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ
Ազգային Առաջնորդարանի տարբեր ծուխերու Salt & Light երիտասարդական առաքելութեան խումբերու պատանիներն ու իրենց համակարգողները Շաբաթ, 13 Մարտին, իրենց առաջին Մեծ Պահքի համախմբումը ունեցան՝ առցանց կերպով։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ողջոյնի խօսքէն ու հայրական օրհնութենէն ետք, մասնակիցները քննարկումներ կատարեցին աղօթքի, պահեցողութեան եւ ողորմութեան մասին, ղեկավարութեամբ՝ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի։ Աստուածաշունչի ընթերցումը, Ս. Պատարագի կանոնաւոր յաճախումը եւ բարեացակամ արարքները յիշուեցան, որպէս անձնական աճին սատարող օրինակներ։ Քննարկումներուն նաեւ մասնակցեցան Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան եւ Հրանդ Քհն. Գէորգեան։
Salt & Lightի սկիզբէն, ծրագիրներ մշակուած էին՝ շրջանային համախմբումներ կազմակերպելու, ուր մեր պատանիները տարբեր ծուխերու իրենց հասակակիցներուն հետ կարենային կապ հաստատել։ Թէեւ առցանց կերպով, գաղափարը վերջապէս իրականութիւն դարձաւ, յոյս ներշնչելով, որ այսուհետեւ երիտասարդական առաքելութեան մնայուն ու կանոնաւոր ձեռնարկ մը պիտի ըլլայ։