«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԱՐՑԱԽԻ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի յանձնախումբի առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Մարտին, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի։ Նիստին մասնակցեցան փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։
Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց վերջերս լոյս տեսած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ» խորագիրով եւ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի խմբագրութեամբ հատորը, որ կ՚ամփոփէ Մարտ 2018ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած գիտաժողովին ներկայացուած նիւթերը։ Հատորին բովանդակութիւնը երաշխաւորուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց այս հրատարակութեան որակեալ եւ գիտական բովանդակութիւնը։
Հաղորդուեցաւ, որ լոյս տեսած է նաեւ Ռաֆայէլ տէ Նոկալէս Մենտեզի «Չորս տարի մահիկին տակ» գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը, զոր կատարած է դոկտ․ Հուրի Ազէզեան։ 1915ին օսմանեան բանակին զինուորագրուած հեղինակին յուշերը կարեւոր աղբիւր մըն են Վանի ինքնապաշտպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
Հրատարակութեան պատրաստութեան յանձնուած են Օսքար Լոփէզ Կոլտարասենայի “The Armenian Cultural Genocide” եւ դոկտ․ Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը սփիւռքահայ հասարակական քաղաքական մտքի գնահատմամբ 1920-1930 թթ.» հատորները։
Նկատի ունենալով, որ Նորին Սրբութիւնը 2021 թուականը հռչակած է «Արցախի տարի», ժողովը յատուկ օրակարգով քննարկեց Արցախին յատկացուած պատմական, մշակութային եւ քաղաքական բնոյթի գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւններ հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը։ Ժողովականները նպատակայամար նկատեցին, որ յատկապէս քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթի եւ հակամարտութեան լուծման բանակցութիւններու վերաբերող օտարալեզու հրատարակութիւնները եւ այս թեմաներուն շուրջ համաժողով կազմակերպելու համար նախագիծեր պատրաստուին։
Յանձնախումբը կոչ ուղղած է, որ յատկապէս արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ սպաներէն լեզուներով Արցախի մասին ուսումնասիրութիւններ ներկայացուին յանձնախումբին՝ հրատարակութեան նպատակով։