ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ
Սուրբ Գրիգորի Լուսաւորիչ Հայրապետի սոսկալի չարչարանքներուն եւ Խոր Վիրապ մուտքի տօնը, որ Անթիլիասի Ուխտի Օրն է, Մայրավանքի համանուն Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Կիրակի, 21 Մարտ 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Յիշեալ տօնին աւանդութեան համաձայն, հաւատացեալներ տօնին նախօրէին Մայրավանքին մէջ գիշերելով՝ իրենց աղօթքներով եւ ուխտով կը պարուրեն Մայր Տաճարը, իսկ Կիրակի օրուան Պատարագին, անոնք կը մասնակցին սուրբին Աջով գլխաւորուած Հայրապետական թափօրին ու ապա՝ ջրօրհնէքի արարողութեան։ Այս տարի, դժբախտաբար, պսակաձեւ համաճարակին պատճառով, հաւատացեալներ չգիշերեցին Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ սուրբին Աջով Հայրապետական թափօրը տեղի չունեցաւ։
Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։ Իբրեւ բնաբան առնելով «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները…» (Եբր 13.7), Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բազմաչարչար կեանքն ու առաքելութիւնը «յիշելու», անոր հաւատքի վկայութեան «նայելու» եւ անոր լուսաւոր հաւատքին «հետեւելու» անհրաժեշտութեան եւ այժմէականութեան: Սրբազան Հայրը նշեց, որ երբ մտաբերենք սոսկալի չարչարանքները մեծ Լուսաւորիչին, մեր առօրեայ անհատական թէ հաւաքական դժուարութիւնները, նեղութիւնները կամ տառապանքը թէ՛ կը փոքրանան եւ թէ յաղթահարելի կը դառնան:
Այսօր, նոր ժամանակներու տագնապներուն դիմաց, երբ յուսահատական համապատկեր մը իր ժանիգները կը խրէ մարդոց հոգիներուն խորը, որքա՜ն կարիքը ունինք վերադառնալու պատմութեան փորձին ու փորձառութեան, որպէսզի կարենանք դուրս գալ խոր վիրապային մեր կացութիւններէն, յայտնեց ան, ու եզրափակեց քարոզը՝ ըսելով, որ «այսօր միասնաբար կը յիշատակենք եւ կ’ոգեկոչենք մէկ կողմէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մուտքը Խոր Վիրապ, միւս կողմէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ հաստատումին ընթացքին, ճիշդ 90 տարիներ առաջ, 16 Մարտ 1931-ին, երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան Հայրապետի շնորհաբեր որոշումով Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի «Ուխտի Օր» հռչակուիլը»:
Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Խորան բարձրացաւ եւ Լուսաւորիչ Հայրապետին Ս. Աջով կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւնը ու անոր բարեխօսութիւնը հայցելով՝ աղօթեց առ բարձրեալն Աստուած, որ սուրբին ժայռեղէն հաւատքով պահէ ու պահպանէ մեր ժողովուրդին կեանքը, քանդէ մեր շուրջ կանգնած չարիքներու ու մեղքերու պատուարը եւ մեզ առաջնորդէ դէպի երկնային շնորհքներու յաւերժախօս աղբիւր։ Հայրապետը նաեւ աղօթեց, որ Ս. Աջին հովանիին տակ պահէ մեր ազգը ամբողջ՝ ի Հայաստան, Արցախ, Լիբանան եւ սփիւռս աշխարհին, հեռացնէ քորոնա ժահրը, առողջութիւն շնորհէ հիւանդներուն, հեռու պահէ մեր ժողովուրդի զաւակները ամէն տեսակ ցաւէ ու տառապանքէ, օգնական ըլլայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ազատագրէ գերեվարութեան մէջ գտնուող մեր հայրենիքի զաւակները։