Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

4, 5, 8 եւ 9 Մարտին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Համաշխարհային Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն» յանձնաժողովը գումարեց իր առցանց ժողովը, մասնակցութեամբ զանազան երկիրներէ եւ եկեղեցիներէ եկած 25 անդամներու, ինչպէս նաեւ խորհրդատուներու, հիւրերու եւ ԵՀԽ-ի «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովի տնօրէնին։

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ 2013 թուականէն ի վեր յանձնաժողովին անդամ իրաւաբան Վանայ Կիտցինեանը։

Ժողովը քննարկեց պսակաձեւ ժահրին ստեղծած կացութիւնը եւ այս գծով եկեղեցիներուն քաղած դասերը՝ մեկնելով յանձնաժողովի անդամներուն փորձառութիւններէն, վաւերացուց վերջին տարիներուն սկսած յանձնաժողովին խմբակներուն ուսումնասիրական աշխատանքները եւ յանձնաժողովին տնօրէնին եւ աշխատակազմին տեղեկագրութիւնները, ինչպէս նաեւ արծարծեց յանձնաժողովին տանելիք աշխատանքները՝ 2022-ին տեղի ունենալիք ԵՀԽ-ի ընդհանուր համաժողովին առնչութեամբ, եւ մատնանշեց առաքելութեան վերաբերող կարգ մը կարեւոր խնդիրներ։ Ժողովը խօսեցաւ նաեւ Գարիպեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաքելութեան Յանձնաժողովը սոյն յանձնաժողովին միացնելու մասին։ Վերջապէս, ժողովը որոշեց, որ յանձնաժողովէն 6 անդամներ Կեդրոնական Վարչութեան առաջարկուին՝ իբրեւ յառաջիկայ յանձնաժողովին կորիզը։

Վանայ Կիտցինեան նաեւ համակարգեց աշխատանքային խմբակներէն մէկը եւ Սուրբ Գրային խորհրդածութիւն մը ըրաւ։