Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՏԻՐՈՋ ԳԱԼՈՒՍՏԸ՝ ՀԻՄՆԱՔԱՐԸ ՄԵՐ ՅՈՅՍԻՆ

 

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 21 Մարտ)

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Մեծ Պահոց վեցերորդ Կիրակին ծանօթ է որպէս Գալստեան Կիրակի, եւ նուիրուած է Քրիստոսի միւսանգամ գալուստին, ըստ մեր Տիրոջ ուսուցման իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, եւ հրեշտակներու պատգամին՝ երբ Ան երկինք կը համբառնար։ Վերջինս յարաբերաբար կարճ նկարագրական մըն է, զոր կը կարդանք Գործք Առաքելոցին մէջ, թէ «երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտակազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց եւ ըսին.– Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք: Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք» (Գործք 1.10-11)։ Երկրորդը աւելի ճոխ է յաւելեալ տեղեկութիւններով, պատմուած՝ Քրիստոսի կողմէ իր Աշակերտներուն։ Ան նախ կը նկարագրէ տիեզերական հիմնական փոփոխութիւններ, ապա կ՚եզրակացնէ ըսելով. «Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Եւ երբ ասոնք սկսին պատահիլ, շտկուեցէք եւ ձեր գլուխները բարձրացուցէք, որովհետեւ ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղկ 21.25-28)։ Մատթէոս Աւետարանիչ, զարգացնելով այս պատկերը, երկու գլուխներ տրամադրած է  անոր կարեւոր մանրամասնութիւններով, նկարագրելով Քրիստոսի Գալուստը եւ Դատաստանը (տե՛ս Մտ 24.29 – 25.46): Այստեղ կը մէջբերեմ յատկանշական զոյգ կէտեր՝ նկարագրուած Քրիստոսի կողմէ. «Ապա Մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւի երկինքի մէջ, եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պիտի ողբան, երբ տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ բազմած՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով: Երբ մեծաձայն փողը հնչէ, ան իր հրեշտակները պիտի ղրկէ, որպէսզի հաւաքեն իր ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը»։

Կասկած չկայ որ նման նիւթ մը կարելի չէ սպառել քարոզի մը սահմաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս կրնանք մեր հոգեւոր անհրաժեշտ սնունդը ստանալ, մենք որ հաւատարմօրէն եւ անձկագին կը սպասենք Քրիստոսի միւսանգամ գալուստին։

ա. Վերջին տարիներուն գիտա-երեւակայական (science fiction) եւ շարժապատկերի աշխարհի ստեղծած մթնոլորտին հետեւանքով, ձգտում մը կայ Յիսուսը նմանցնել այլմոլորակային անձնաւորութեան (alien) եւ կամ գերմարդու (superman)։ Հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, Ղուկաս Աւետարանիչի ներկայացուցած պատկերը՝ «երբ Ան վեր՝ երկինք կը բարձրանար», կը յիշեցնէ մեզի վերոյիշեալ կերպարները, որոնք գերմարդու կարողութիւներով օժտուած են եւ կրնան թռչիլ դէպի անհունը։ Հասկնալով  ու յարգելով հանդերձ, որ մարդկային մտքի երեւակայութիւնը կրնայ ծնունդ տալ նման էակներու, սակայն պէտք չէ Արարիչը շփոթենք արարածներուն հետ։ Եսայի մարգարէն Սերովբէները՝ Հրեշտակապետերը կը նկարագրէ վեց թեւերով (6.3), մեզի սորվեցնելով որ անոնք ամէն ուղղութեամբ հորիզոնական, ուղղահայեաց կրնան թռչիլ, նաեւ որպէս ոգեղէն էակներ կրնան մեզի նման մարմին զգենուլ՝ Աստուծոյ պատգամները մեզի աւետելու համար։ Յիսուս Քրիստոս՝ Տէրը Սերովբէներուն, բոլոր արարածներուն եւ ստեղծագործութեան, Իր կատարեալ աստուածութիւնը եւ մարդկութիւնը յայտնաբերեց անթիւ հրաշքներով, միաժամանակ մարմնի պահանջքին ընթացք տուաւ՝ նաւուն մէջ քնանալով (Մր 4.38)։  Բաղդատութեան ո՛չ մէկ եզր կարելի է գտնել Իր կենսատու ուսուցումներուն ու հրաշքներուն եւ այլ մոլորակային կամ գերմարդկային էակներու կամ ոյժերու ցուցաբերած արարքներուն միջեւ, վասնզի Ի՛նք է Կեանքը եւ Ճշմարտութիւնը։ Զինք բաղդատել երեւակայական հերոսներու հետ, կը նշանակէ՝ տհասութիւն դատողութեան, ըմբռնելու համար թէ Յիսուս Քրիստոս Տէրն է ամէնքին։

բ․ Մեր Տիրոջ երկինք համբառնալը իր Մարդեղութեան՝ երկրաւոր առաքելութեան գագաթնակէտն է։ Այնուամենայնիւ պսակումը իր զոհաբերական սիրոյն, որ յայտնուեցաւ Խաչին վրայ, միւսանգամ գալուստն է՝ ամբողջացնելու գերագոյն եւ սրբազնագոյն առաքելութիւնը, որ ծրագրուած է Արարիչ եւ մեր երկնաւոր Հօր կողմէ յաւիտեաններէն առաջ։ Քրիստոսի երկրորդ Գալուստը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ լռութեամբ կամ նուաստութեամբ, այլ ահեղ փառքով։ Իր միւսանգամ գալուստով պիտի բերէ Բարի Լուրը ո՛չ թէ ողորմութեան, այլ՝ Արդարութեան, որ ծանօթ է որպէս Դատաստանի Օրը։

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Գալուստը, որուն պիտի յաջորդէ Դատաստանը, Իր Վարդապետութեան հիմքն է եւ յոյսը բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան Իրեն։ Այն ժամանակ է, որ պարարտ Երանիներ պիտի պտղաբերին եւ անոնք որոնք հալածուած էին Իրեն համար՝ պիտի ուրախանան, անոնք որոնք կը սգային՝ պիտի ուրախանան, անոնք, որոնք սուրբ էին սրտով՝ պիտի տեսնեն զԱստուած (Մտ 5: 4, 8)։ Նաեւ պէտք է գիտակցիլ, որ Աստուած, որքան որ ողորմած է, միաժամանակ արդար Աստուած է, որ պիտի դատէ մարդիկ համաձայն իրենց մտածումներուն եւ գործերուն։ Ուրանալ այս ճշմարտութիւնը եւ Զինք ներկայացնել միայն որպէս սիրող Աստուած, կը նշանակէ Քրիստոսի եւ Իր Առաքեալներուն ուսուցումներուն կարեւոր մէկ բաժինը զեղչել, եւ ըստ այնմ ո՛չ թէ Աստուածաշունչ, այլ մարդաշունչ նոր Աւետարան գրել` հաճելի ըլլալու համար մարդոց եւ ո՛չ Աստուծոյ։ Պօղոս Առաքեալ այս ուղղութեամբ կ՚ազդարարէ մեզ ըսելով, «Միթէ մարդի՞կ հաւանութիւն պիտի տան իմ քարոզած Աւետարանիս համար, թէ Աստուած: Միթէ ես մարդիկը սիրաշահելու համա՞ր կ’աշխատիմ: Եթէ մարդիկը սիրաշահելու ետեւէ ըլլայի՝ Քրիստոսի ծառայ ըլլալէ կը դադրէի» (Գղ 1.10)։

Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստի նկարագրութեան մէջ երկու կէտեր կան, որոնք արժանի են նկատառութեան։

ա․ Հրեշտակները երկնառաք պատգամաւորներ են, որոնք Յիսուսի ծնունդը աւետեցին հովիւներուն, Յարութիւնը հաստատեցին Իւղաբեր կիներուն, Ձիթենեաց լերան վրայ Առաքեալներուն յայտնեցին Երկրորդ Գալուստը, երբ գործօն մասնակիցներ պիտի ըլլան «ընտրեալները հաւաքելով», ինչպէս Քրիստոս Ի՛նք ըսաւ։ Հրեշտակներուն իւրայայտուկ  դեր վերապահուած է Աստուծոյ տիեզերական ծրագրին մէջ։ Անոնք ներկայ են Ծննդոցէն մինչեւ Յայտնութեան գիրքերուն մէջ որպէս Բարերար Աստուծոյ ներկայացուցիչները։ Հոս կարելի է նշել, որ հրեշտակներու կապակցութեամբ իւրաքանչիւրիս համար բարի լուր մը կայ, այն, որ մեր Տէրը ըսաւ.  «Փոքրիկներուն հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն երկնաւոր Հայրս» (Մտ  18.10)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պահապան հրեշտակը, ինչպէս Յակոբ նահապետ եւս ըսած է. «Հրեշտակը որ ազատեց զիս բոլոր չարիքներէն» (Ծն 48.16): Ուստի, պաշտպանուած ըլլալով մեր պահապան հրեշտակէն, միշտ քալենք հետը, որպէսզի վայելենք Աստուծոյ ներկայութիւնը։

բ․ Խաչը, որ պատմականօրէն պարզ փայտեայ մահապատիժի գործիք էր, մեր Տիրոջ Վարդապեութեան մէջ դարձաւ գերագոյն խորհրդանիշը Իրեն հետեւելու, իսկ Երկրորդ Գալուստի նկարագրութեան մէջ նոր խորութիւն մը ստացաւ։ Սուրբ Խաչը, որ նուիրականացաւ Անարատ Գառնուկին սրբազան արիւնով, պիտի երեւի որպէս յառաջընթաց յաղթանակի նշան։ Հետեւաբար, Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ անոր հանդէպ տածուած յարգանքը ո՛չ արտա-սուրբ գրային է եւ ո՛չ ալ սնապաշտութիւն, այլ՝ Խաչեալին կողմէ սրբագործուած եւ մեր կողմէ ընդունուած է։

Մեր հոգիներու այս օգտաշատ սնունդով յագեցած, բայց մանաւանդ անցեալ Կիրակի՝ Դատաւորի Կիրակիի պատգամով զօրացած, թէ՝ երբեք պէտք չէ վհատինք, այլ միշտ աղօթենք, ուստի շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ՝ անցեալէն ժառանգուած բարիքներուն համար, ներկայի օրհնութեանց համար զորս կը վայելենք, եւ անխախտ հաւատքով ու յոյսով միշտ նայինք դէպի ապագան՝ Քրիստոսի միւսանգամ Գալուստին, վայելելու համար Իր խոստումները երկնքի արքայութեան մէջ, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը յաւիտեանս․ Ամէն։