ԱՅՍՕՐ ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ Է
Աւագ Հինգշաբթին կ՚ոգեկոչէ քանի մը իրադարձութիւններ։ Նախ Վերջին Ընթրիքը՝ ըստ Աւետարաններու նկարագրութեան, եւ Ոտնլուան, որ տեղի ունեցաւ երբ Յիսուսի աշակերտները կը վիճէին, թէ իրենցմէ ո՞վ ամենէն մեծը պիտի ըլլար։ Այս տխուր վարմունքը տեսնելով, Յիսուս «մեծութեան» կենդանի օրինակ մը ցուցաբերեց՝ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով, ի նշան ճշմարիտ խոնարհութեան։
Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքը եւ մահավճիռը յիշատակող Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հինգշաբթի օրուան մեծ հսկումէն անցման դէպի Աւագ Ուրբաթ։ Խաւարման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ աշակերտները խորհրդանշող 12 եւ Յիսուսը ներկայացնող աւելի մեծ՝ մէկ մոմով, եւ կը պարունակէ շատ գեղեցիկ շարականներու փունջ մը։ Արարողութեան ընթացքին, մոմերը կը վառին, բացի մէկ մոմէն, որ կը խորհրդանշէ Յուդան, եւ Աւետարաններու ընթերցումի ընթացքին, զոյգ-զոյգ մոմերը կը մարուին, մինչեւ որ միայն կը մնայ մեծ մոմը՝ մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Լոյսը։