Մեր դպրոցներէն

ՇԻՔԱԿՈՅԻ «ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ» ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՆ ԺԱՀՐԻ ՕՐԵՐՈՒՆ

Մինչ աշխարհը կը նշէ Պսակաձեւ ժահրի տխուր տարեդարձը, ասիկա առիթ է անդրադառնալու այս ընթացքին «Դանիէլ Վարուժան» շաբաթօրեայ վարժարանի կենսունակութեան։

Մեր եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ համայնքի կեդրոններէն ներս տեղի ունեցող աւանդական հաւաքոյթները ապացուցած են իրենց անհրաժեշտութիւնը ուժեղ մշակութային եւ հոգեւոր կառոյց պահպանելու համար: Համաճարակի հետեւանքները յատկապես սուր ազդեցութիւն ունեցան անոնց վրայ: Համայնքային կեանքը, ինչպէս գիտենք, անշարժութեան մատնուեցաւ: «Դանիէլ Վարուժան» հայկական վարժարանը իր կրած փոփոխութիւններով այս բոլորին հարկադրուեցաւ հետեւիլ։

Կարծէք թէ բաւարար մարտահրաւէր չէին հայերէնի դասաւանդումն ու իւրացումը, այս անգամ աշակերտները եւ ուսուցիչները սկսան որդեգրել նոր ձեւաչափեր։ Արդէն անցած-գացած են այն օրերը, երբ անցքերուն մէջ զիրար կը բարեւէինք ու նեղ-նեղ տարածքին մէջ առաւօտեան եւ երեկոյեան աղօթքները կ՚ընէինք։

Այո, անցեալ տարի մեր ինքնութիւնը, ժառանգութիւնը եւ լեզուն պահպանելու մեր մօտեցումը, ինչպէս ամէն ինչ, համացանցային դարձաւ՝ Zօօm-ի միջոցով, կրճատուած դպրոցական ժամերով եւ քիչ մը աւելի փոքր, բայց ուրախ ուսանողական խմբակով: Մեր առաւօտեան եւ երեկոյեան աղօթքները փոխադրուեցան ամէնուրեք հասանելի համակարգիչներու, iPad-երու եւ բջիջային հեռախօսներու վրայ:

 

Աշակերտները եւ ուսուցիչները զիրար պաստառին ետեւէն կը գտնեն: Կը կատակենք,

կ՚աղօթենք ու կը սորվինք-կը սորվեցնենք Zoom-ի միջոցով: Կրնանք շատ հեռու

ըլլալ իրարմէ, սակայն ամէն շաբաթ օր կը հաւաքուինք երկու ժամ 15 վայրկեանով:

Հայոց լեզուն, պատմութիւնը, կրօնը եւ արուեստը կը դասաւանդուին նոյն ձեւով: Այո՛,

չնայած ստիպուած ենք դիմագրաւել համացանցի անկայունութեան կամ այլ թեքնիք

պատճառներով դժուարութիւններու, սակայն կրցանք յաղթահարել այդ

մարտահրաւէրները, եւ ինչպէս մեր նախնիները՝ մենք կրնանք ու կրցանք տիրապետել ամէն ինչի:

 

«Դանիէլ Վարուժան» հայկական դպրոցի աշակերտներն ու դասախօսները կը մնան Անխորտակելի։ Մեր սիրելի բանաստեղծի՝ Պարոյր Սեւակի խօսքերով, «Կանք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք»։ Մենք այստեղ ենք, կը մնանք եւ կը բարգաւաճինք:

 

ԹԱԼԻՆ Տ. ԱՐԹԻՆԵԱՆ, MEd
Տնօրէնուհի