Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՊՐԻ՛Լ ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ԿԵԱՆՔԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս Առաքեալ կը յիշեցնէ թէ՝ «մկրտուելով, անոր (Քրիստոսի) հետ միասին թաղուեցաք, եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք» (2.12)։

Մկրտութեամբ քրիստոնեան անդամ կը դառնայ եկեղեցւոյ։ Եկեղեցին Քրիստոսն է իր խորհրդական մարմնով, իր կեանքով ու առաքելութեամբ։ Եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոս շարունակ կը ծնի, կ’ուսուցանէ, կը հրաշագործէ, կը չարչարուի, կը խաչուի ու յարութիւն կ’առնէ։ Քրիստոնեան կոչուած է մասնակից դառնալու Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան բոլոր դրուագներուն, հանգրուաններուն ու երեւոյթներուն։

Աւետարանները կը նկարագրեն Աստուծոյ Որդւոյն փրկագործական առաքելութեան հետ աղերս ունեցող գլխաւոր դէպքերը եւ ուսուցումները։ Քրիստոնէական հաւատքը հալածած ու ապա անոր վկան դառնալու իր անշեղ յանձնառութեան համար բանտարկուած, Պօղոս Առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պարզէ յարուցեալ Քրիստոսին հետեւելու հիմնական պայմանները։ Ան կը յիշեցնէ՝ թէ մենք մեռած էինք մեր մեղքերուն պատճառաւ, սակայն Աստուած մեզ Քրիստոսի հետ յարուցանեց. հետեւաբար, մենք Քրիստոսի միացած ենք ու նոր մարդ դարձած (Եփ 2.4-6)։

Արդարեւ, մեղքը թաղելով ու չարին յաղթելով Քրիստոս իր յարութեամբ մարդուն տուաւ նոր կեանք՝ յարուցեա՛լ կեանք։ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է ապրելու Քրիստոսի արեան հեղումով ու խաչի զօրութեամբ կերտուած յարուցեալ կեանքը։ Հետեւաբար, հարկ է Քրիստոսի հետ մեռնիլ, մեր մեղքերը գերեզմանել, որպէսզի կարենանք յարուցեալ Քրիստոսի հետ ապրիլ։ «Մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը… եղէք նո՛ր մարդ» (Եփ 4.22-24)։ Ա՛յս է յարուցեալ Քրիստոսի հետեւելու պայմանը։ Ու որպէս մեկնակէտ քրիստոսակեդրոն կեանքին, Պօղոս Առաքեալ իր անձին օրինակով կը վկայէ՝ «Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ’ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.20)։

Արդ, ի՞նչ են յարուցեալ Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ ապրելու նախապայմանները։ Իր նամակներուն ճամբով եւ իր կեանքէն պոկուած կենդանի օրինակներով, Պօղոս Առաքեալ կու տայ այս դժուար հարցումին յստակ պատասխանը։ Փորձենք ամփոփ գիծերու մէջ լուսարձակի տակ բերել Առաքեալին թելադրութիւնները ուղղուած բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն։

– Առաքեալը նախ կոչ կ’ուղղէ քննելու մեր անձերը տեսնելու համար թէ հաստատ կը մնա՞նք մեր հաւատքին մէջ։ Քրիստոսի յարութեան վրայ խարսխուած հաւատքը էական է քրիստոնեայ մարդուն համար, որովհետեւ «եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14)։ Ահա թէ ինչու Առաքեալը կը յորդորէ՝ ձեր հաւատքին մէջ ամո՛ւր մնացէք, հաւատքո՛վ ապրեցէք, վկայեցէք ու գործեցէք եւ «հաւատքի վահանը առէք» (Եփ 6.16) չարին դէմ պայքարին մէջ։

– Ապա հաւատքը ծառայութեան վերածելու կոչ կ’ուղղէ Առաքեալը, ըսելով՝ գթասիրտ ու ողորմած եղէք ձեր նմաններուն նկատմամբ (Կղ 3.12)։ Օգտակար եղէք յատկապէս կարիքաւորին, հիւանդին, թշուառին ու անկարողին, «բարի Սամարացի»ին օրինակով։

– Առաքեալը կը թելադրէ՝ եղէք հեզ ու խոնարհ. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, մի այլայլիք ո՛չ փառքէն եւ ո՛չ գովասանքէն (Բ.Կր 6.8)։ Ան կը յիշեցնէ թէ Աստուծոյ մարդացեալ Որդին իր կեանքին օրինակով ցոյց տուաւ խոնարհութեան մեծութիւնը ու արժէքը։

– Առաքեալը նաեւ կը յորդորէ՝ իրարու հանդէպ ըլլալ ազնիւ ու գթած, ներող ու հանդուրժող, եւ յիշեցնելով մեղաւոր մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ներողամտութիւնը, կ’ըսէ՝ «իրարու բեռը վերցուցէք» (Գղ 6.2)։

– Առաքեալը կոչ կ’ուղղէ մանաւանդ զիրար սիրելու, «որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ 3.14)։ Սէր ունեցողը խոնարհ ու համբերատար կ’ըլլայ, նախանձն ու հպարտութիւնը հեռու կը պահէ իր կեանքէն, հաւատքով հզօրացած ու յոյսով գօտեպնդուած կ’ապրի։

– Մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ, եւ «որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է բարիք ընենք բոլորին» (Գղ 6.10), բարիով յաղթելով չարին, կը յանձնարարէ Առաքեալը, վստահեցնելով որ բարիք ընելով Աստուած «պիտի զօրացնէ ձեզ եւ հեռու պահէ չարէն» (Բ.Թս 3.3)։

Յոյսը նկատելով երկնային պարգեւ, նեղութեան ու դժուարութեան մէջ համբերող եղէք, միշտ յուսացէք (Հռ 12.12), կը յորդորէ Առաքեալը, որովհետեւ Քրիստոս է որ կ’ապրի ու կը գործէ մեր մէջ։ Եւ հաստատելէ յետոյ թէ իրեն համար «կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ 1.21), կը յիշեցնէ թէ՝ մենք յարուցեալ Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից ենք (Բ.Կր 2.14 ) եւ կը սպասենք անոր երկրորդ գալուստը։

– Նորահաստատ եկեղեցիներուն ուղղած իր նամակներուն մէջ, Պօղոս Առաքեալ կը շեշտէ աղօթքին կենսական կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ։ Ան ջերմօրէն կը թելադրէ՝ միշտ աղօթեցէք, եղէք շնորհակալ Աստուծոյ, որ մեր արարիչն է, խնամակալը ու պաշտպանը։

Ահաւասիկ Քրիստոսի յարութեան մասնակից դառնալու ու քրիստոսատուր յարուցեալ կեանքը ապրելու հրամայականը։ Վերոնշեալ յորդորներով, Առաքեալը քրիստոնեայ մարդու վայել կեանք ապրելու ուղեգիծը կը ճշդէ։

Քրիստոնէութիւնը սոսկ ընկերա-բարոյական ուսուցումներու վրայ հաստատուած կրօն չեղաւ, այլ՝ Աստուծոյ Որդւոյն յաղթական յարութեան վրայ ամրօրէն խարսխուած կեանք, եւ կեանքը ըմբռնելու ու ապրելու իւրայատուկ կենսընթաց։ Այս ինքնաճանաչումը քրիստոնէութիւնը պահեց ամուր ու կենսունակ՝ հակառակ բոլոր հալածանքներուն ու ջարդերուն։

Քրիստոս խաչով կերտեց իր յարութիւնը եւ յարութեամբ նոր կեանք պարգեւեց մարդուն։ Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ քալել խաչի ճամբէն ու ապրիլ յարուցեալ կեանքը իր խորհուրդով ու պատգամով։

* * *

Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն։ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, հայցելով Աստուծմէ, որ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած դիմագրաւեն ներկայ ժամանակներու բազմազան դժուարութիւնները եւ վերանորոգեն իրենց կեանքը՝ հետեւելով Պօղոս Առաքեալի յորդորներուն։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ 2021
Անթիլիաս, Լիբանան