ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏ
Այս տարի եւս, պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմանները նկատի ունենալով, Արեւելեան թեմիս Ազգային Վարչութիւնը՝ իր Քաղաքական ու Կրօնական Ժողովներով, որոշեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը կատարել առցանց կերպով։ Այս փորձը արդէն կատարուած ու յաջողութեամբ պսակուած էր նախորդ Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին՝ Սեպտեմբեր 2020ին։
Երէկ, Չորեքշաբթի, 14 Ապրիլին, տեղի ունեցաւ ժողովի բացման նիստը։ Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի բացման աղօթքէն ետք, ժողովի ատենապետուհին՝ տիկ. Սիմոնէ Թոփուզեան, կատարեց բացման խօսքը, ներկայացնելով ժողովի ընթացակարգը, որ իր առցանց ձեւաչափով ընդլայնուած է՝ առիթ տալով մասնակցող երեսփոխաններուն Ազգային Վարչութեան խօսքը լսելու եւ Առաջնորդարանի գործունէութեան մասին աւելի մանրամասն կերպով տեղեկանալու։
Այս նպատակով, նախատեսուած է, որ 20, 22, 27 եւ 29 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30-8:30, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը, Երիտասարդական Առաքելութեան բաժանմունքը եւ Հաղորդակցութիւններու բաժանմունքը առցանց ներկայացումներ կատարեն, որոնց պիտի հետեւի հարց ու պատասխանի բաժին մը։
Վերջին առցանց նիստը, որուն ընթացքին Ազգային Առաջնորդարանի պիւտճէի վաւերացումը եւ Ազգային Վարչութեան անդամներու ընտրութիւնը պիտի կատարուի, տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 22 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:30-12:30ին։
Տիկ. Թոփուզեան այնուհետեւ խօսքը տուաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Ճան Գըլընճեանին, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Ազգային Առաջնորդարանի Սեպտեմբեր 2020-Մարտ 2021 ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած գլխաւոր իրադարձութիւնները եւ իրագործումները։
Նիստին փակումը կատարուեցաւ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի աղօթքով։