Երեքշաբթի, 20 Ապրիլին, սկիզբ առաւ Ազգային Առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներու զեկոյցներու շարքը, որ ուղղուած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի մասնակիցներուն աւելի իրազեկ դարձնելու անոնց գործունէութեան մասին։ Առաջնորդարանի Երիտասարդական Առաքելութեան բաժանմունքի վարիչ՝ տիկ. Անի Օվանէսեան, խօսեցաւ 12-18 տարեկան պատանիներ ընդգրկող “Salt and Light” ծրագրին մասին։ Այս ծրագիրը ուղղուած է պատանիները աստիճանաբար դարձնելու երիտասարդ ծխականներ։ Խումբերու վարիչները կը գործածեն տեսերիզներ, յատուկ դասաւանդութեան էջեր եւ ուղղորդուած քննարկումներ, որպէսզի պատանիները կապեն իրենց հաւատքին եւ մղեն նաեւ շօշափելի արարքներու՝ իրենց ուսումնասիրած ճշմարտութիւնները ի գործ դնելու։
Երեք մասնակցող պատանիներ՝ Նայիրի Ուրլեան (Տիրպորն, Միշիկըն), Անի Ուրֆալեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսեթս) եւ Ստեփան Խաչատուրեան (Տիրպորն), իրենց խանդավառ վկայութիւնը բերին ծրագրին մասին։ Վարիչներէն մէկը՝ Նայիրի Պետրոսեան (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), դիտել տուաւ, որ «տեսած եմ, թէ ի՞նչ դրական ազդեցութիւն ունի այս ծրագիրը մեր պատանիներուն եւ մեր վարիչներուն վրայ։ Աւելի յարմար պայմաններ կը ստեղծէ եկեղեցւոյ մէջ, եւ աւելի կը յստակացնէ սրբավայրի իմաստը պատանիներուն համար»։
Զեկոյցի ընթացքին ու աւարտին, երեսփոխանները առիթը ունեցան հարցումներ կատարելու եւ իրենց խոհերը բաժնելու ներկաներուն հետ։