ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ-ԳՐՈՂ ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ ԿԸ ԶՐՈՒՑԷ «ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Ապրիլ ամիսը լաւ առիթ է «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտները հաղորդակից դարձնելու ապրող գրողներու հետ, որպէսզի տեսնեն, թէ մեր գրողները անպայման նահատակ չեն կամ անցեալին չեն պատկանիր, իսկ աւելի կարեւորը՝ որ գրող ըլլալու համար բաւական է փորձ ընելու քաջութիւնը ունենալ։
17 Ապրիլի հանդիպման, «Սիամանթո»յի աշակերտները վայելեցին տիկ․Լեռնա Գարաքիւթիւքի հաճելի զրոյցը։ Ան ներկայիս Կ․ Պոլսոյ երկու՝ «Էսաեան» եւ «Տատեան» վարժարաններու հայոց լեզուի ուսուցչուհին է, ու նախապէս ստանձնած էր անոնց տնօրէնութեան պաշտօնը: Ան «Հայերէն պլոկ»ի մէջ կը գրէ հինգ տարիէ ի վեր եւ հրատարակած է բանաստեղծութիւններու երկու գիրք՝ «Երթաս բորով» եւ «Ան է որ կայ»։ Անոր մանկապատանեկան գրքին՝ «Դպրոցի ճամբուն վրայ»ի նկարազարդումը կատարած են իր աշակերտները, որոնք մեծ հաճոյքով կ’ակնկալեն յաջորդ հատոր մըն ալ։ Ասկէ կը բխի տիկ․Լեռնան «Սիամանթօ» լսարանի պատանիներուն հիւր դարձնելու պատճառը։
«Սիամանթո»յի լեզուի դասատուները ներկայ էին ամբողջ հանդիպման տեւողութեան։ Անոնցմէ տիկ. Սօսի Միշոյեանը, որ «Հայերէն պլոկ»ի խմբագիրներէն է, հակիրճ կերպով ներկայացուց հիւրը, որ հաճելի եւ հասանելի հայերէնով բացատրեց իր աշխատանքի եղանակը։
«Հայերէն պլոկ»ին մէջ աշակերտական փորձերու տեղ տրամադրուած է։ Կը յուսանք, որ յամառ հետապնդումով «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներէն ոմանք կը սկսին իրենց փորձերուն։