ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Ինչպէս ծանօթ է, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի իրաւատէրը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, դատ բացած էր Թուրքիոյ դէմ։
Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցը, որպէս շարունակութիւն Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին առջեւ սկսուած իրաւական գործընթացին, 30 Յուլիս 2019-ին ներկայացուեցաւ Գոզանի (Սիս) նախադատ ատեանին։
Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած ստիպողական պայմաններուն բերումով, կրկնակի յետաձգումէ ետք, դատական ունկնդրութեան առաջին նիստը տեղի ունեցաւ 30 Մարտ, 2021-ին։ Նոյն պատճառով, յառաջիկայ նիստին թուականը տակաւին չէ ճշդուած։ Կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի դատական զարգացումներուն։
* * *
Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ Վանքի շրջափակէն ներս, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրի ոչ-վայել խնճոյք:
Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մէջ: Կիպրոսի հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի թրքական բաժնի միւֆթին, յունաց պատրիարքարանը, ինչպէս նաեւ Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, Եւրոպայի դատարանին Կիպրոսի ներկայացուցիչը, Կիպրոսի պետութեան համայնքներու հետ կապի պատասխանատուն, կիպրահայոց պետական ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեան, եւ այլ պատասխանատուներ դատապարտած են կրօնական սրբավայրի մը դէմ եղած այս գրգռիչ արարքը եւ բողոքագիր յղած՝ Եւրոպական Խորհրդարան ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան:
Խորէն Արք. տեղեակ պահած է Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ: Նորին Սրբութիւնը թելադրած է, որ իր կողմէ դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը եւ շարունակէ մօտէն հետեւիլ Մակարայ Վանքին շուրջ իրադարձութիւններուն։
Յունիս 2019ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ անպաշտօն կերպով Խորէն Սրբազանի եւ պետական ներկայացուցիչ Վ. Մահտեսեանի հետ այցելած էր Մակարայ Վանք եւ անձամբ իրազեկ եղած պատմական վանքի պարզած ներկայ վիճակին, ինչպէս եւ զայն վերանորոգելու ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու գծով տարուող աշխատանքներուն: