ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ (8 Ապրիլ, 1934 – 15 Ապրիլ, 2021)
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները կը սգան կորուստը պատմաբան, դասախօս ու վարչագէտ Վարդան Գրիգորեանի, որ աւելի քան կէս դարու իր հանրային գործունէութեամբ ծանօթ դէմքն էր ամերիկեան շրջանակներու մէջ, եւ այդ ընթացքին մնացած էր մօտիկ բարեկամ ու գործակից Ազգային Առաջնորդարանին։
Վ. Գրիգորեան ծնած էր Թաւրիզ (Իրան), 8 Ապրիլ, 1934ին։ Տարրական կրթութիւնը ստացած է Թաւրիզի մէջ, այնուհետեւ մեկնելով Լիբանան, ուր իր երկրորդական ուսումը շարունակած է Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանին մէջ։ 1956ին ընդունուած է Սթենֆըրտ համալսարանը (Գալիֆորնիա), զոր աւարտած է 1958ին գերազանցութեամբ, մասնագիտանալով պատմութեան եւ մարդկային գիտութիւններու ոլորտներուն մէջ, իսկ 1964ին հոն պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը՝ «Աւանդապաշտութիւն եւ արդիականութիւն Իսլամի մէջ» նիւթով։ Եւրոպայի մտաւորական պատմութիւն եւ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը դասաւանդած է Սան Ֆրանսիսքոյի նահանգային քոլէճին մէջ, Քալիֆորնիոյ (Լոս Անճելըս) եւ Թեքսասի (Օսթին) համալսարաններուն մէջ, 1964-1972ին: 1969ին հրատարակած է «Արդի Աֆղանիստանի յառաջացումը. բարեփոխման եւ արդիականութեան քաղաքականութիւն, 1880-1946»։ 1972ին հայագիտութեան եւ Հարաւային Ասիոյ պատմութեան դասախօս եղած է Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ, նաեւ՝ արուեստի ու գիտութիւններու ճիւղի հիմնադիր վարիչը (1974-1978) եւ տեսուչ (1979-1980)։
1981-1989ին, դոկտ. Վարդան Գրիգորեան ընտրուած է Նիւ Եորքի Հանրային Գրադարանի նախագահ։ Իր պաշտօնավարութեան ընթացքին, փաստօրէն նիւթական խոր տագնապի մէջ գտնուող հաստատութիւնը փրկած է ստոյգ անկումէ, վերահաստատելով երկրի երկրորդ գրադարանին տեղը հանրային դերակատարութեան մէջ։ Մահագրութեան մէջ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը զինք կոչած է Հանրային Գրադարանի «փրկարար»ը։ Միաժամանակ, դասաւանդած է պատմութիւն եւ Մերձաւոր Արեւելքի գիտութիւններ Նիւ Եորքի համալսարանի եւ Ընկերային Հետազօտութեան Նոր Դպրոցին մէջ (1984-1989)։
Այս յաջողութիւնը զինք բարձրացուցած է երկրի կարեւոր համալսարաններէն մէկուն՝ Պրաուն համալսարանի (Ռոտ Այլընտ) նախագահութեան (1989-1997), ուր իր պաշտօնավարութիւնը նոյնպէս մեծ յաջողութեամբ պսակուած է՝ համալսարանի ակադեմական, նիւթական ու շինարարական հիմքերը աւելի եւս ամրացնելով, նաեւ համալսարանի ու համայնքի միջեւ կապերը ուժեղացնելով։
1997ին, Վարդան Գրիգորեան վերադարձած է Նիւ Եորք, ստանձնելով Քառնըկի հիմնադրամի նախագահութիւնը, զոր պիտի վարէր մինչեւ իր մահը։ Իր արտասովոր ասպարէզին պատմութիւնը գրած է իր յուշերուն մէջ՝ «Տան ճանապարհը» (2003)։ Մարդասիրական գործունէութիւնը եւ գիտական աշխատանքները ճանչցուած են բազմատասնեակ պատուոյ տիտղոսներով, մրցանակներով եւ բարձրագոյն նշանակումներով՝ նախագահներ Ճորճ Հ. Ու. Պուշի, Պիլ Քլինթընի, Ճորճ Ու. Պուշի եւ Պարաք Օպամայի կողմէ, որոնց շարքին էին երկրի ամենաբարձր պարգեւատրումները՝ «Մարդկային գիտութիւններու» ազգային շքանշանը եւ «Ազատութեան» նախագահական շքանշանը։ Շքանշանի արժանացած է Հայաստանի, Աւստրիոյ, Իտալիոյ, Փորթուկալի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն կողմէ, եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ էր։ 2015ին, «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հիմնադիրներէն էր՝ Ռուբէն Վարդանեանի եւ դոկտ. Նուպար Աֆէեանի հետ, որ հաստատած է Վարդան Գրիգորեանի անունով կրթաթոշակ մը՝ հայոց պատմութեան գիտական ուսումնասիրութեան աջակցելու համար։ 2018ին, Հայկական Ուսմանց եւ Հետազօտութեան Ազգային Ընկերակցութեան (NAASR) նորակառոյց շէնքը նոյնպէս անոր անունով կոչուած է։
Դոկտ. Վարդան Գրիգորեան մշտապէս կապ պահած է մեր համայնքին մէջ, անկախաբար իր գրաւած դիրքէն ու գտնուած տեղէն, յորդորելով համարձակ ու նպատակասլաց ըլլալ։ Կրթութեան հանդէպ իր մնայուն յանձնառութեան ու քաջալերանքի որպէս արտայայտութիւն, Ֆիլատելֆիայի Հայ Քոյրերու Վարժարանին սատարած է սկզբնական շրջանին։ Ազգային Առաջնորդարանին հետ իր գործակցութիւնը միշտ ներշնչող հանգամանք ունէր, ներառեալ իր բանախօսութիւնները տարբեր ձեռնարկներու մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., Հոկտեմբեր 1997ի իր հայրապետական այցելութեան ընթացքին, դոկտ. Գրիգորեանը պատուած էր Կիլիկիոյ Իշխանի շքանշանով։