ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՈՒՍՄՈՒՆՔԻ ՀԻՄՆԱՔԱՐԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 18 Ապրիլ)
Այսօր, Սուրբ Յարութեան երրորդ Կիրակին Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն կոչուած է Կանաչ Կիրակի, նաեւ Աշխարհամատրան Կիրակի՝ ձօնուած Վերնատան, ուր Վերջին Ընթրիքը, նաեւ Հոգեգալուստի հրաշքը տեղի ունեցաւ։ Զոյգ անուանումներ, որոնք բնութեան եւ Քրիստոնեայ առաջին եկեղեցւոյ ծաղկումի պատգամը կը փոխանցեն։
Սուրբ Յովհաննու Աւետարանի ընթերցումը այսօր մեզի կը հրամցնէ երկխօսութիւն մը երկնաւոր Վարդապետին եւ փարիսեցի ու հրեայ իշխանաւոր Նիկոդեմոսի միջեւ։ Վերջինս գիշերանց այցելելով Քրիստոսի իր հիացմունքը կը յայտնէ, աւելին՝ կը խոստովանի ըսելով. «Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ»։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Լաւ գիտցիր, որ եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ արքայութիւնը»։ Նիկոդեմոս բացայայտ կերպով նման պատասխանի մը պատրաստուած չըլլալով, զարմացած կը հարցնէ, թէ ինչպէս յառաջացած տարիքի անձ մը կրնայ դարձեալ ծնիլ։ Քրիստոս հաստատ կերպով կը պատասխանէ. «Հաստատ գիտցիր, որ եթէ մէկը ջուրէն եւ Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի։ Դուն մի՛ զարմանար, որ քեզի ըսի՝ թէ պէտք է վերստին ծնիք»։ Խօսակցութիւնը կը շարունակուի եւ Նիկոդեմոս աւելի շուարումի մատնուելով կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ատիկա»։ Յիսուս, անգամ մը եւս գորովով ու հասկացողութեամբ լի, կ՚ըսէ․ «Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի, եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ» (3. 23-3.12)։
Այս խօսակցութեան մէջ կը տեսնենք երկնային անսահման իմաստութեան եւ երկրաւոր սահմանափակ գիտութեան զիրար ողջագուրումը։ Քրիստոնէական պրիսմակէն դիտուած՝ աստուածային սիրոյն եւ իմաստութեան յայտնումն է սա, ի խնդիր մարդկութեան լուսաւորման եւ փրկութեան։ Այս երկխօսութեան բովանդակութիւնը նկատի ունենալով, կարելի է զայն կոչել Առաջին Քրիստոնէականը, ուր մեր հաւատքի հիմնական տարրը կը գտնենք։ Այս առթիւ, կ՚ուզեմ հետեւեալ չորս կէտերուն անդրադառնալ։
ա․ Այս այցելութեան ժամանակը ուշագրաւ է եւ շատ բան կ՚ըսէ այցելուի նկարագրին մասին։ Նիկոդեմոս որպէս լայնախոհ անձնաւորութիւն մը, ականջալուր եւ թերեւս ականատես ըլլալով այս անսովոր Վարդապետին ուսուցման եւ գործած հրաշքներուն, համոզուած էր որ Յիսուս «Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն է»։ Միւս կողմէ, սակայն, կը վախնար վկայութիւն տալու իր համոզումին մասին եւ զայն յայտարարելէ, պաշտօնակիցներու քննադատութենէն խուսափելու համար։ Ահա թէ ինչու ան գիշերանց ծածուկ եկաւ, որպէսզի իր դիրքն ու համբաւը չվտանգէ։
Հետաքրքրական է որ վկայել բային արմատը՝ վկայ, կը նշանակէ նաեւ նահատակ։ Արդարեւ, յաճախ ծանր գին կը վճարենք վկայութիւն տալու արդար դատի մը, նպատակի մը համար, եւ կրնանք վկայ դառնալ՝ մեր կեանքը զոհելով։ Ասիկա ճշմարտութիւն մըն է, որուն կրնանք վկայել ո՛չ միայն կրօնական, այլ նաեւ կեանքի տարբեր մարզերէ ներս։ Արդարեւ, հաւատքը լոկ ինքնաբաւ համոզում չէ, այլ իր բիւրեղացումը կը գտնէ փորձարկութեան բովէն անցնելով։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ով որ մարդոց առջեւ դաւանի թէ ինծի կը հետեւի, ես ալ զայն ինծի հետեւորդ պիտի դաւանիմ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է: Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, նոյնպէս ալ ես զինք պիտի ուրանամ Հօրս դիմաց, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 9.16-17)։ Երբ վախի, շահի կամ այլ պատճառներով ծածկենք մեր հաւատքն ու համոզումները, ատիկա ազդանշան է մեր ինքնութեան խաթարման։
բ․ Յիսուս, փոխանակ շոյուած զգալու բարձրաստիճան հեղինակութենէ մը եկած գովասանքէն, իր վարդապետութեան հիմնական յատակագիծը կը ներկայացնէ ըսելով՝ «պէտք է վերստին ծնիք»։ Արդարեւ, մարդկութեան փրկութեան համար Աստուածորդին յանձն առաւ իր փառքէն մերկանալ (Փլպ 2.7), ուստի, փոխադարձաբար մե՛նք եւս պէտք է մերկանանք հին մարդէն , վերստին ծնինք՝ հաւատքի մեր նոր ճամբորդութիւնը սկսելու համար։ Մեր Տէրը տարբեր առակներ գործածելով շեշտեց անհրաժեշտութիւնը նորոգման, ըսելով. «Ոչ ոք չլուացուած նոր կտոր մը կը գործածէ՝ հին հագուստի մը համար կարկտան ընելու: Որովհետեւ նոր կտորը քաշուելով՝ հագուստը կը պատռտէ, եւ աւելի մեծ կ’ըլլայ պատռուածքը: Նմանապէս, ոչ ոք նոր գինին հին տիկերու մէջ կը լեցնէ, այլապէս տիկերը կը պայթին․․․Ընդհակառակը, նոր գինին նոր տիկերու մէջ կը դնեն եւ երկուքն ալ կը պահուին:» (Մտ 9.16-17)։ Պօղոս Առաքեալ եւս իր փորձառութեան ընդմէջէն կը կրկնէ նոյն ճշմարտութիւնը. «Մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկին ապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր, վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝ արդարութեամբ ու սրբութեամբ» (Եփ 4.21-25)։ Ուստի, Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդ ըլլալու նախապայմանը վերստին ծնիլն է։
գ․ Ի հետեւումն այս հաստատումին, անմիջական կերպով տրամաբանական հարցում մը կը ծագի։ Ինչպէ՞ս կարելի է վերստին ծնիլ, երբ որպէս մարդ արարածներ, անխտիր ամէնքս մէկ ծնունդ եւ մէկ մահ ունինք։ Հիմնական հարցադրումը պէտք չէ ըլլայ ինչպէ՞ս վերստին կը ծնինք, այլ՝ կ՚ուզե՞նք վերստին ծնիլ․ մնացեալը կը գործադրուի Աստուծոյ տնօրինութեամբ՝ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ։ Արդարեւ, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին որեւէ հրաշք կատարելէ առաջ միշտ հարցուց ենթակային կամքը։ Դրական պատասխանէն ետք, որքան ալ դժուար կամ անկարելի կը նկատուէր անոր գործադրումը, անձին ակնկալութիւնը աւելիով կը պարգեւատրուէր։ Լաւագոյնս հասկնալու համար այս ճշմարտութիւնը, առօրեայ կեանքէն օրինակ մը վերցնենք։ Որեւէ ժամանակ հարցականի տակ կ՚առնե՞նք, թէ վիրաբոյժը ինչպէ՞ս բարդ գործողութիւն մը պիտի ընէ։ Ճիշդ է, որ որոշ ծանօթութիւն կրնանք պահանջել, բայց հարցադրումի չենք ենթարկեր անոր գործողութիւն կատարելը, այլ՝ կը վստահինք իրեն։ Նմանապէս, երբ լիովին Աստուծոյ վստահինք եւ Իրեն յանձնուինք, Սուրբ Հոգիով վերստին մեր էութեամբ նոր անձ կը դառնանք՝ վերստին կը ծնինք։ Դարձեալ, մայր մը ծնունդ տալէ ետք երեխային, ականատես կ՚ըլլայ նոր ստեղծագործութեան մը, զոր չի կրնար բացատրել։ Երբ հաւատանք Քրիստոսի սիրոյ արտայայտութիւն եղող փրկագործական խորհուրդին եւ յանձնուինք Իր խնամքին, նոր մարդու անբացատրելի ծնունդը կը վայելենք մեր մէջ։ Մեր առաջին ծնունդը անգիտակից է եւ ոչ կամովին, մինչ երկրորդը՝ արդիւնք է մեր ազատ կամքին ու գիտակցութեան։ Հետեւաբար, եթէ այս կեանքը որ այնքան ցանկալի է եւ որմէ հրաժարիլը անասելի ցաւ ու սուգ, կամովին ընտրենք մեր վերստին ծնունդը՝ յաւերժական կեանքի առհաւատչեան։
դ․ Մեր Տիրոջ խօսքը՝ «Եթէ երկրաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս պիտի հաւատաք ինծի, եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսիմ», շատ նշանակալից է, միաժամանակ՝ գրաւիչ։ Արդարեւ, մենք՝ հողեղէններս, որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք, անհաւատալի Շնորհքով եւ կարողականութեամբ ողողուած ենք։ Դժբախտաբար, Պատուիրանազանցութեամբ Շնորհքէն զրկուելէ ետք, մեզի պարգեւուած առանձնաշնորհումները սահմանափակուած են, որով անկարող ենք նիւթական ու երկրաւոր սահմանները անդրանցնիլ, որպէսզի կարենանք երկնային բաները ըմբռնել։ Վերստին ծնունդի այս բացառիկ առիթը անզուգական է, որ միայն սիրող եւ խնամատար երկնաւոր Հայրը կրնայ պարգեւել։ Պօղոս Առաքեալ, նախապէս նախանձախնդիր Փարիսեցի մը, որ յանձնառու եղած էր առաջին եկեղեցին արմատախիլ ընել, երբ դէմ յանդիման եկաւ Յարուցեալ Տիրոջ եւ Անոր Շնորհքով վերստին ծնաւ, ամենայն պարծանքով յայտարարեց. «Մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ՝ հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները՝ յաւիտենական» (Բ Կր 4.18)։
Վերստին ծնելու աստուածապարգեւ այս առիթը, որ ձրի եւ համակ սիրով ընծայուած է մեզի, ցնծութեամբ դիմաւորենք եւ ընդունինք, որպէսզի առաւել իմաստութեամբ հասկնանք եւ վայելենք նախ երկրաւոր կեանքը, եւ ապա յաւերժական կեանքի խոստումները, պատրաստուած ստեղծագործութեամբ՝ մեր երկնաւոր Հօր կողմէ, եւ փառաւորենք պարգեւիչը ամենայն բարեաց Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։