Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Շաբաթ, Ապրիլ 24ին իսկ ողջունեց նախագահ Ճօ Պիտընի քաջարի որոշումը՝ «ցեղասպանութիւն» իրաւական եզրով կոչելու 1915ի հայոց ջարդն ու տեղահանութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յանուն մեր համայնքին եւ ծուխերուն։
«Այսօր պատմութիւն կերտուեցաւ», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս. «Իրարանցումի եւ յուսահատութեան այս ժամանակներուն, նախագահ Պայտըն ցոյց տուած է, որ ղեկավարութեան առաջին քննութիւնը անցընել կը նշանակէ ոտքի կանգնիլ ի խնդիր արդարութեան եւ այն արժէքներուն, որոնք Ամերիկան կը դարձնեն ազատներու երկիրն ու քաջերուն տունը։ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին գործող նախագահը դառնալով, ան հսկայ քայլ մը տուած է՝ աշխարհը աւելի ապահով դարձնելու, հաւատարիմ մնալով այն սկզբունքներուն, որոնց հիմամբ այս երկրին հիմնադիր հայրերը կառուցած են զայն, երկիր՝ որ երկրորդ տուն հանդիսացած է միլիոնաւոր հայերու համար ցեղասպանութենէն ետք»։