Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ԴՈՒՔ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻՔ ՈՐՊԷՍ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ՅԱՐԳՈՂ ՆԱԽԱԳԱՀ»
24 Ապրիլ, 2021ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակին առիթով հրապարակած իր պաշտօնական խօսքին մէջ, 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ թուրք օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութիւնը բնութագրեց իր ճշգրիտ, պատմական եւ իրաւական անուանումով՝ ցեղասպանութիւն։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակ մը յղեց նախագահ Պայտընին, ուր Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ.- «Ջերմօրէն կ՚ողջունեմ ու բարձրօրէն կը գնահատեմ Ձեր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ իմ նախորդներուս, որոնց պարտադրուեցաւ հեռանալ Հայ Եկեղեցւոյ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած Ցեղասպանութեան վերապրողներուն կողմէ»: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ.- «Դուք, Ձեր ընտրական խոստումը յարգելով յոյս ներշնչեցիք Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնց իրաւունքը տակաւին կը մնայ անտեսուած, եւ աւելի՛ն, Դուք վերահաստատեցիք արդարութեան, մարդկային իրաւանց եւ հաշուետուութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը»։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց նախագահ Ճօ Պայտընին «խօսքէ անդին աշխարհաքաղաքական շահերը շրջանցելու քաջ նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքագէտներուն ուղղուած մարտահրաւէրը թէ՝ ընտրական խոստումները պատասխանատու յանձնառութիւններ պէտք է դառնան ի խնդիր արդարութեան եւ ոչ թէ ընտրութիւնը ապահովելու միջոցներ»: