Առաջնորդարանէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ՄԷՋ

Արեւելեան Թեմի ծուխերը տարբեր ձեւերով ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակը։ Լուսանկարներու համար, սեղմեցէք այստեղ։

Շաբաթ, 24 Ապրիլին, Նիւ Եորքի ոգեկոչումը սկսաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով, Գերշ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան։

Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ քայլարաւ՝ Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ Ուաշինկթըն Սքուէր Փարք, մօտաւորապէս երկու մղոն հեռաւորութեան վրայ։

Քայլարշաւն ու հաւաքը կազմակերպած էին ՀԵԴի «Մուշ» եւ «Հայորդիք» մասանճիւղերը։ Ուաշինկթըն Սքուէր Փարքի հաւաքոյթը սկսաւ ամերիկեան եւ հայկական օրհներգերու մեկնաբանութեամբ, զոր կատարեց Անահիտ Ինճիկիւլեան։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս օրուան խորհուրդն ու կարեւորութիւնը վեր հանեց հայերէն ու անգլերէն իր պատգամով, որուն հետեւեցան երեք բանախօսներ՝ գրող եւ ուսուցիչ Սէմ Արմէն, անկախ լրագրող Ճուլիըն ՄաքՊրայտ եւ ձայնասփիւռի լրագրող Տիմիթրիս Ֆիլիփիտիս։ Երգչուհի եւ դերասանուհի Անի Ճրճրեան երգ մը հրամցուց՝ Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»էն հատուածներով։