Լուրեր

Թէ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԻՍՐԱՅԷԼԸ ԽԱՓԱՆԱԾ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ

Կիրակի, Մայիս 2ին, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած մանրակրկիտ յօդուած մը կը նկարագրէ Իսրայէլի ջանքերը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը խափանելու համար։ Լրագրող Օֆեր Ատերէթ կ՚ըսէ, թէ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը զինուորագրած է մտաւորականներ եւ համալսարանականներ, ներառեալ Ողջակէզի վերապրող եւ Նոպէլեան մրցանակակիր՝ գրագէտ Էլի Վիզէլ, 1982ին Ողջակէզի ու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով մը ձախողեցնելու համար։ Իսրայէլեան կառավարութիւնը ենթադրաբար մտահոգուած էր, որ թրքական կառավարութիւնը կրնար արգելք հանդիսանալ դէպի Իսրայէլ մեկնող սուրիացի եւ իրանցի հրեաներու անցքը անոր տարածքէն, բայց նաեւ զգուշացած է երկու պատմական դէպքերուն միջեւ համեմատութիւններէ, որոնք կրնային խնդրոյ առարկայ դարձնել Ողջակէզի այսպէս կոչուած եզակիութիւնը։