ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԻՍՏԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ
Հինգշաբթի, 29 Ապրիլին, Ազգային Առաջնորդարանի Հաղորդակցութեան բաժանմունքէն Կրեկորի Տոսթուր առցանց կերպով ներկայացուց զեկոյց մը իր բաժանմունքի գործունէութեան մասին՝ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի երեսփոխաններուն, հոգեւորականներու եւ հոգաբարձուներու։ Այս զեկոյցը վերջինն էր տեղեկատուական բնոյթով շարքի մը, որուն նպատակն էր մօտէն ծանօթացնել Առաջնորդարանի գործունէութիւնը։
Զեկոյցը անդրադարձաւ վերջին իրադարձութիւններուն, ամէնօրեայ աշխատանքներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն, որոնք տարբեր շունչ ստացած են համավարակին պատճառով։ Պրն. Տոսթուր շեշտը դրաւ “Crossroads”ի հրատարակութեան եւ Առաջնորդարանի վերջերս նորոգման ենթարկուած կայքէջին վրայ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ տեսագրութիւններու եւ ընկերային ցանցերու դերին, ինչպէս եւ Առաջնորդարանի առցանց ներկայութեան եւ շաբաթական հեռափռումներուն՝ «Հաւատք եւ ընտանիք», «Աղօթք ժողովուրդին հետ», «Շաբաթական խորհրդածութիւններ» եւ Ս. Պատարագ։ Վերջաւորութեան, տեղի ունեցաւ հարց ու պատասխանի բաժին մը։