ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ «ՀՈԳԱՏԱՐՈԻԹԵԱՆ» ԹԻՐԱԽԸ՝ ՇՈՒՇԻԻ ՂԱԶԱՆՉԵՑՈՑ ՍՈՒՐԲ ԱՄԵՆԱՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ «վերանորոգութեան աշխատանքներ»ու անուան քօղին տակ, Ատրպէյճան կ՚աղաւաղէ հայկական հոգեւոր մշակութային արժէքներէն մէկը, նպատակ ունենալով ոչնչացնել հայկական ներկայութիւնը եւ հետքը՝ ըստ իր եւ իր հովանաւոր պետութեան՝ Թուրքիոյ աւանդական քաղաքականութեան։
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, անդրադառնալով ատրպէյճանցիներուն կողմէ եկեղեցւոյ մէջ տարուող «շինարարական աշխատանքներուն»:
«Ադրբեջանը չի կարող վերականգնել մի ժողովրդի մշակութային արժէք, որի նկատմամբ տարիներ շարունակ պետական մակարդակով համակարգուած ատելութիւն է տարածում: Այսպէս կոչուած «նորոգման աշխատանքներ»ի քօղի տակ ադրբեջանցիները աղաւաղում են հայկական հոգեւոր մշակութային կարեւորագոյն արժէքներից մէկը՝ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Բազմաթիւ դէպքերով մենք տեսել ենք, թէ ինչպէս է Ադրբեջանը վերաբերում հայկական մշակութային արժէքներին, եւ արդէն իսկ հասկանալի է, թէ «վերանորոգման աշխատանքներ»ի անուան տակ իրականում ինչ է արւում. նպատակը հայկական ներկայութիւնն ու հետքը ոչնչացնելն է», նշեց Գ. Ստեփանեան։
Ան շեշտեց, որ տարիներով Ատրպէյճան վարած է Արցախի մէջ հայկական քրիստոնէական մշակոյթը՝ իբրեւ «աղուանական» ներկայացնելու կամ այլ ազգերու վերագրելու պետական քաղաքականութիւն, որ բազմաթիւ առիթներով քննադատութեան արժանացած է պատմաբաններու եւ մշակութաբաններու կողմէ՝ պարզ այն պատճառով, որ այդ փորձերը անհիմն են թէ՛ պատմական ժամանակագրութեան, թէ՛ մշակութային- ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու տեսանկիւնէն:
«Եթէ Ադրբեջանն իրօք հոգում է մշակութային արժէքների պահպանութեան մասին եւ «վերանորոգում» է այն, ապա մեծ հարց է առաջանում՝ ո՞րն է պատճառը, որ մինչեւ այսօր չի թոյլատրել, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի անկախ փորձագիտական խումբը ժամանի տարածաշրջան: Ադրբեջանի կողմից հայկական մշակոյթի նկատմամբ իրականացուող վանդալիզմի մասին մենք ամէն օր ենք բարձրաձայնում՝ միջազգային համապատասխան կառոյցներին տեղեկացնելով կատարուածի մասին», նշեց Ստեփանեան:
Ան աւելցուց, որ հարցը քննադատութիւններէ կամ կոչերէ անդին կ՚անցնի, քանի որ յստակ եւ ճշգրիտ քայլերու անհրաժեշտութիւնը կայ: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նկատել տուաւ, որ թողտուութիւնը եւ անպատժելիութիւնը Ատրպէյճանի սանձարձակ վարմունքին հիմնական պատճառներն են:
Դեկտեմբեր 2005ին, Ատրպէյճանի բանակը փճացուցած էր Ջուղայի հազարաւոր խաչքարներ, ինչ որ արժանացած էր «21րդ դարու յոռեգոյն մշակութային ցեղասպանութեան» որակումին։ Իր կարգին, Թուրքիա մշակութային ցեղասպանութեան երկար պատմութիւն մը ունի, որ վերջերս վերստին դրսեւորուած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգի օրօք, որուն արտայայտութիւնն է հայկական յուշարձաններու եւ եկեղեցիններու սրբապղծումը, ինչպէս եւ վերջիններէն շատերուն մզկիթի վերածումը։