Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

Արմենակ Եկարեան (ծնունդ՝ 10 Մայիս, 1870)

Վանի հերոսամարտի ղեկավարներէն մէկը՝ Արմենակ Եկարեան, ծնած է 10 Մայիս, 1870ին, քաղաքի Այգեստանի հայաշատ շրջանի Յայնկոյսներ թաղամասին մէջ։ Մկրտիչ Փորթուգալեանի ղեկավարած դպրոցին մէջ սորված է, սակայն անոր փակումէն ետք, շարունակած է իր ուսումը Արմենական կուսակցութեան ապագայ հիմնադիր-ղեկավարներու՝ Մկրտիչ Աւետիսեանի եւ Գալուստ Ասլանեանի հետ։ Միաժամանակ, աշխատած է իբրեւ դերձակի օգնական։

1887ին, Եկարեան անդամակցած է Արմենական կուսակցութեան 1887ին։ Շուտով ղրկուած է Պարսկաստան՝ դէպի Վան զէնքերու փոխադրութեամբ զբաղելու համար։ Փանոս Թէրլէմէզեանի հետ, 1892ին կազմակերպած է հայատեաց ոստիկանապետ Նուրիի ահաբեկումը։

Նուրիին յաջորդած է Ապտիւլ Համիտի օգնականներէն՝ Սաատէտտին փաշա, որ սկսած է ծրագրել Վասպուրականի հայերու ջարդը։ Եւրոպայէն վերադարձին, կուսակցութեան ղեկավարը՝ Մկրտիչ Աւետիսեան, հաստատուած է Սալմաստ, բայց երբ Յունուար 1896ին ջարդերու ուրուականը սկսած է ակնյայտ դառնալ, Աւետիսեան որոշած է Վան վերադառնալ՝ անհրաժեշտ նախապատրաստութիւններ ընելու։ Սակայն, Եկարեան, որ մնացած է Սալմաստ, անակնկալօրէն ձերբակալուած է պարսկական իշխանութիւններուն կողմէ, երբ կը պատրաստուէր զէնքի հերթական փոխադրութեան։ Բանտ մնացած է մինչեւ 1897ին, առանց Վանի ինքնապաշտպանութեան մասնակցիլ կարենալու։

Ազատ արձակուելով, Եկարեան վերադարձած է Վան 40 հոգինոց խումբի մը հետ եւ շարունակած զէնքի կուտակման իր ջանքերը։ Տարի մը ետք ամուսնանալով, գորգավաճառութեամբ սկսած է զբաղիլ՝ շարունակելով զէնքի փոխադրութեան գործը, քիւրտ ցեղապետներու հետ համաձայնութեան հասնելէ ետք։ 1903ին Ուրմիա փոխադրուած է, ուր շարունակած է իր գործը, մինչ իր տունը հայ փախստականներու եւ ճամբորդներու օթեւան դարձած է։

1909ի գարնան, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Եկարեան վերադարձած է Վան, ակնկալելով, որ արեւմտահայութեան կեանքի պայմանները պիտի բարելաւուէին։ Շարունակած է իր գործերը, մինչ ղեկավարած է նորաստեղծ Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Վանի մասնաճիւղը։

Ապրիլ 1915ին, երբ Վանի կառավարիչ Ճեւտէթ պէյ հայ բնակչութեան դէմ իր ջարդարարական քաղաքականութեան ձեռնարկած է, հայ քաղաքական ղեկավարութիւնը վճռած է դիմադրել։ Կազմուած է զինուորական մարմին մը, Եկարեանի ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ դաշնակցական անդամներ՝ Պուլկարացի Գրիգորի եւ Կայծակ Առաքելի։ Կազմուած է նաեւ քաղաքացիական մարմին մը՝ Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, եւ Սահմանադիր Ռամկավար ու Հնչակեան կուսակցութիւններու անդամներու մասնակցութեամբ։ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը՝ 20 Ապրիլէն մինչեւ 19 Մայիս, յաջողած է հայ բնակչութիւնը զերծ պահել ջարդէ մինչեւ հայ կամաւորներու եւ ռուսական բանակի փրկարար ժամանումը։

Ռուսական զօրքի նահանջէն ետք, Եկարեան անցած է Կովկաս Վանի բնակչութեան հետ եւ հաստատուած՝ Թիֆլիս։ 1920ին, իր խումբով Կիլիկիա մեկնած է՝ հայ բնակչութեան օգնութեան հասնելու, բայց ֆրանսական զօրքերու մեկնումէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, հաստատուած է Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր մահացած է՝ ժանտախտէ, 20 Հոկտեմբեր, 1925ին։ Արմենակ Եկարեանի յուշերը յետմահու հրատարակուած են 1947ին։