Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՔՐԻՍՏՈՍՆ Է ՍԿԻԶԲՆ ՈՒ ՎԱԽՃԱՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 2 Մայիս)

Այսօր, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն տօնն է Սուրբ Խաչի երեւման, որ Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռ արեւու պայծառութեամբ ժողովուրդին տեսանելի դարձաւ, մեզի բերելով այն ազդու պատգամը, թէ Խաչը մահապատիժի համար գործածուող փայտի կտոր մը չէ՝ Գողգոթա լերան վրայ բարձրացած, այլ Աստուծոյ Փրկագործական Խորհուրդին մաս կազմող բարեպաշտական մասունք մըն է։ Զոյգ վայրերը, որոնք յիշուած են, նկատառելի պատգամ ունին բոլոր դարերու հաւատացեալներուն համար, այն՝ որ Գողգոթան որպէս խաչելութեան ու թաղման վայր, իսկ Ձիթենեաց լեռը որպէս Համբարձման վայր, իւրաքանչիւրիս կը յիշեցնէ, որ երբ կեանքի դժնդակագոյն պահերուն հաւատքով նայինք Խաչեալ եւ Յարուցեալին, մենք եւս վեր կը բարձրանանք երկրաւոր կեանքի սպառնալիքներէն՝ անկարողութենէն ու յուսահատութենէն, եւ անհուն Սէրին ներուժով զօրացած կը շարունակենք մեր գոյութիւնը։

Այսօրուան մեր սուրբ գրային ընթերցումը Սուրբ Յովհաննէսէն է։ Աւետարանիչը կը նկարագրէ, թէ Տօնի կիսուն, Յիսուս Սողոմոնի Տաճար կ՚երթայ եւ կ՚ուսուցանէ։ Հրեաները կը սքանչանան անոր վարդապետութեան վրայ եւ կ՚ըսեն. «Ինչպէ՞ս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք»։ Յիսուս կը պատասխանէ անոնց ու կ՚ըսէ. «Ինչ որ ձեզի կ’ուսուցանեմ՝ իմ վարդապետութիւնս չէ, այլ անորը՝ որ զիս ղրկեց: Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ: Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ․․․» (Յհ 7.14-23)։ Կարդալէ ետք կենսատու այս խօսքերը, բանանք մեր սրտերը, որպէսզի վայելենք այս անզուգական Ուսուցիչին ուսուցումը։

ա․ Անգամ մը եւս հիացումով կը լեցուինք Եկեղեցւոյ հայրերու հանդէպ, որոնք Նոր Կտակարանի գիրքերը երբ խմբաւորեցին, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած, անոնք չգոհացան միայն մէկ Աւետարան ներառնելով, ինչպէս եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին աղանդաւորներ միշտ հարց դարձուցած են, այլ զիրար ամբողջացնող վկաներու ներդաշնակութեամբ կազմած են աստուածային Բարի Լուրին ամբողջացումը կազմող Նոր Կտակարանը։ Այսօրուան ընթերցումին մէջ կը գտնենք մանր տեղեկութիւն մը, որ լաւագոյնս կ՚արդարացնէ այս մօտեցումը։  Աւետարանիչներուն համար ժամանակագրական ճշգրիտ պատմագրութիւն ընելը երբեք մտահոգութիւն չէ եղած։ Անոնց միակ նպատակը Յարուցեալին Բարի Լուրը տարածելն էր։ Առաջին երեք Աւետարանիչները՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս, մեզի կը խօսին մէկ Զատիկի մասին՝ Քրիստոսի մատնութեան առթիւ, մինչ Յովհաննէս կ՛անդրադառնայ երեք Զատկուան տօներու (Յհ 2.13, 6.4, 18.39)։ Առաւել, այսօրուան ընթերցումին մէջ, ինչպէս տեսանք, բաւական հետաքրքրական ձեւով նոյն գլխու երեք հատուածներուն մէջ ան կ՚ակնարկէ Տաղաւարներու տօնին։ 7.10ին մէջ կը նկարագրէ, թէ Տօնին սկիզբը Յիսուսի եղբայրները Երուսաղէմ կը մեկնին, իսկ Ինք՝ աւելի ուշ եւ ծածուկ։  7.14ին մէջ Տօնի կիսուն՝ Յիսուս Տաճար կ՚երթայ եւ վերեւի պատգամը կուտայ։ 7.37ին մէջ՝ Տօնի վերջին օրը Յիսուս  ամենայն հանդիսաւորութեամբ կը յայտարարէ՝ «ով որ ծարաւ է թող Ինծի գայ»։ Տաղաւարներու տօնը հրեայ ժողովուրդին Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրման յիշատակի ոգեկոչումն էր, որ իր լրումը պիտի գտնէր Յիսուս Քրիստոսով՝ համայն մարդկութեան փրկագործումով։

Մարդկային հասկացողութեամբ ժամանակը բաժնուած ըլլալով երեք մասերու՝ Անցեալ, Ներկայ եւ Ապագայ, Տաղաւարներու տօնին Քրիստոսի մասնակցութեան երեք հանգրուաններուն՝ Տօնի սկիզբի, կիսուն եւ աւարտին նշումով, մենք յստակ կերպով կը տեսնենք որ Պատմութեան սկիզբի, ընթացքի եւ վախճանի՝ բոլոր ժամանակներուն, մարդկութեան  փրկութիւնը Քրիստոս է որ սկիզբն ու վախճանն է կեանքին։

բ․ Հրեայ ժողովուրդին զարմացական հարցումը, թէ «ինչպէ՞ս այս մարդը Սուրբ գիրքերը գիտէ, երբ բնաւ չէ ուսած զանոնք», իրաւ որ հիանալի է, եւ իր բացատրութիւնը կը գտնէ երբ յիշենք Նիկոդեմոսի խոստավանութիւնը, թէ՝ «Վարդապե՛տ, գիտենք որ դուն Աստուծոյ կողմէ ղրկուած ուսուցիչ մըն ես, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ գործել քու կատարած հրաշքներդ, եթէ Աստուած անոր հետ չըլլայ» (Յհ 3.2)։ Մատթէոս Աւետարանիչ արձանագրած է, թէ ինչպէս երեք մոգերը երկրպագեցին մանուկ Յիսուսի ծնունդին  (Մտ 2.1-12), իսկ հարիւրապետը խաչին դիմաց բացագանչեց. «Իրապէս որ ասիկա Աստուծոյ Որդին էր» (Մտ 27.54)։ Այս բոլոր վկայութիւնները մէկտեղելով, հաստատ կրնանք ըսել, թէ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն բոլոր անոնք, որոնք Յիսուսի կու գան բաց մտքով ու սրտով, միշտ հիացմունքով կը պարուրուին եւ աստուածային ներկայութիւնը կը վկայեն Յիսուսի մէջ, որ աղբիւրն է ամենայն իմաստութեան եւ վարդապետութիւններու։

գ․ «Ով որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը կատարել, պիտի հասկնայ՝ թէ Աստուծմէ՞ է այս վարդապետութիւնը, թէ ես իմ հեղինակութեամբս կը խօսիմ»: Այս հաստատումով մենք կ՚իմանանք, որ Աստուծոյ կամքը եւ ուսուցումները անքակտելիօրէն զուգորդուած են եւ զիրար կ՚ամբողջացնեն։ Աստուծոյ կամքը կ՚արտայայտուի Ստեղծագործութեան եւ Իր պատուիրաններուն ընդմէջէն։ Ան գլխաւոր երկու միջոցներ հայթայթած է, որպէսզի մատչելի ըլլայ մեզի․ առաջին՝ ստեղծագործութեան կարգ ու կանոնով բարդ կազմուածքը, ինչպէս նաեւ փառահեղութիւնն ու անհունութիւնը քննելով, եւ երկրորդ ՝ իր պատուիրանները սերտելով։ Արդարեւ, այս երկու միջոցներով մենք կը ճանչնանք կամքը գերագոյն Արարիչին ու Նախախնամողին, եւ  որպէս բանաւոր էակներ ամենայն երկիւղածութեամբ մեր հիացմունքը կ՚արտայայտենք։ Անոր պատուիրանները կատարելով Իր կամքը կը գործադրենք, եւ փոխադարձաբար, երբ Անոր կամքին հետեւինք, կը հասկնանք Իր ուսուցումները։ Ուստի, Յարուցեալին հաւատքով երբ Աստուծոյ կամքին եւ ուսուցումներուն փարինք, մեր ընթացքը կատարելագործելով կ՚ընթանանք կեանքէն՝ Կեանք։

դ․ Յիսուս իր խօսքը շարունակելով կ՚ըսէ․ «Ան որ իր հեղինակութեամբ կը խօսի՝ իր անձին համար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկողին փառքը կը փնտռէ, ճշմարիտ է եւ խաբէութիւն չկայ անոր մէջ»։ Այս ճշմարտութեամբ, մեր Տէրը տարբերութիւնը կ՚ընդգծէ Աստուծոյ իրա՛ւ պատգամաբերներուն՝ մարգարէներուն, եւ անոնց միջեւ որոնք իրենց անձերուն իմաստութեան, շահերուն եւ փառքին խօսնակներն են։ Աստուծմէ հեռու՝ ամէն բարի երազ կը խամրի։ Հետեւաբար, վերջինները անգիտակցաբար կը ծառայեն Չարին, որ միայն իր ունայն փառքը կը հետապնդէ։ Այնպիսիները մոլորեցնելով երկրաւոր փառքի սուտ խոստումներով, իր կորսուած փառքը կ՚ուռճացնէ, եւ իրե՛ն կը ծառայեցնէ, որովհետեւ երկրաւոր ունայն իմաստութեան, շահին ու փառքին փնտռտուքով, մարդիկ անգիտակցաբար Չարին նուրբ ծուղակներուն մէջ թակարդուած կ՚ըլլան։

Ահա թէ ինչու Յիսուս անխտիր, ե՛ւ Իր ուսուցումները ե՛ւ Իր հրաշքները վերագրեց Աստուծոյ։ Երբ Աստուծոյ կամքին կառչինք, ո՛չ մեր ինքնութիւնը ու ո՛չ ալ մեր անհատականութիւնը կը կորսնցնենք։ Ընդհակառակը, Աստուած մեզ աւելի կը բարձրացնէ ու կը փառաւորէ, աւելի քան որ մեր արժանիքներն ու յաջողութիւնները կրնան պարգեւել մեզի։

Այս ուսուցումով՝ խարսխուած Աստուծոյ կամքին մէջ, մեր երկրաւոր կեանքը ապրինք, որպէսզի արժանի ըլլանք Անոր յաւերժական փառքէն շող մը վայելելու, զոր Պօղոս Առաքեալ  կը նկարագրէ ըսելով՝ «ո՛չ աչքերը տեսած են եւ ո՛չ ալ ականջները՝ լսած» (Ա Կոր 2.9), եւ բոլոր սուրբերուն հետ, որոնք Աստուծոյ կամքով ընթացած են, փառաւորենք մարդկութեան Փրկիչը։ Ամէն։