Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԱՐԻԱ ՃԷՅՔԸՊՍԸՆԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻՆ

27 Ապրիլի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր նաեւ կը գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը։ Հայրապետին կ՚ընկերանային միաբան հայրեր։ Ապա, Կաթողիկոսի նախագահութեամբ թանգարանի շրջափակին մէջ գտնուող դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի դամբարանին առջեւ հոգեհանգստեան կարգ եւ ծաղկեպսակի զետեղում տեղի ունեցաւ՝ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն անոր անձնուէր ծառայութիւններուն համար՝ հանդէպ ցեղասպան թուրքին ձեռամբ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդին։

Խօսելով իր այցելութեան եւ յատկապէս «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընի մասին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «Ապրիլ 24-ի ոգիով ու պատգամով օծուն այս օրերուն, հեռու լուսարձակներէ ու պաշտօնականութենէ, ուզեցի այցելել «Թռչնոց Բոյն» եւ հազարաւոր որբերու անունով յարգանք մատուցանել ու աղօթել Մարիա Ճէյքըպսընի հոգիին համար»։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը շեշտեց որբերուն կողմէ «Մամա» անունով կոչուած Մարիա Ճէյքըպսընի մեզի փոխանցած պատգամը. «Մի՛ մոռնաք ձեր նահատակները ու անոնց նուիրական կտակը»։ Ան յայտնեց, թէ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ սկսած Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութիւնը այսօր կը շարունակուի եւ պէտք է շարունակուի: