Շաբաթ, 22 Մայիսին, Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխական Ժողովը պիտի գումարուի առցանց։ Անցեալ տարի, պսակաձեւ ժահրի համավարակին հետ կապուած սահմանափակումները պատճառ դարձած էին, որ Մայիսին աւանդաբար գումարուող ժողովը յետաձգուէր Սեպտեմբերին, երբ վերջապէս տեղի ունեցաւ տեսաժողովի ձեւով՝ առաջին անգամ ըլլալով։
Նախորդ շաբաթներուն, երեսփոխանները առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու Ազգային Առաջնորդարանի կարգ մը բաժանմունքներու գործունէութեան, որոնց շարքին՝ Երիտասարդական առաքելութիւնը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը (ներառեալ կիրակնօրեայ դպրոցները, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանը եւ Ս. Գիրքի սերտողութիւնները), Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը եւ Առաջնորդարանի հաղորդակցութիւններու ծրագիրը։
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Արեւելեան թեմի եկեղեցական ու վարչական բարձրագոյն մարմինն է։ Երեսփոխաններուն մէկ եօթներորդը հոգեւորականներ են, իսկ մնացեալը՝ աշխարհականներ։ Եկեղեցականները կ՚ընտրուին հոգեւորականներու համագումարին, իսկ աշխարհական երեսփոխանները՝ իրենց ծուխերուն կողմէ։ Վերջինիս թիւը կախում ունի ծխական անդամներու թիւէն։ Ծուխի մը երեսփոխաններու նուազագոյն թիւը երկու է, իսկ առաւելագոյնը՝ եօթը։