Հայ լեզուի անկիւնը

ԵՐԿՈՒ ԲԱՌԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՆՈՅՆ ԿՈՐԻԶԷՆ ՉԵՆ ԾԱԳԱԾ

Բառեր կան, որոնք նման կերպով կը հնչեն եւ նոյն նշանակութիւնը ունին, բայց նոյն ծագումը չունին։

Հայերէն կորիզ բառը, իր սկզբնական նշանակութեամբ, պտուղի մը միջուկը կը նշանակէ։ Ընթերցողի մտքին մէջ, այս բառը (որ հինգերորդ դարուն եւ այսօրուան արեւելահայերէնով coriz կը հնչէր) կրնայ կապուիլ անգլերէն core բառին հետ, որ նոյն նշանակութիւն ունի։

Անգլերէն բառին ծագումը անծանօթ է, թէեւ ամենէն հաւանական աղբիւրը հին ֆրանսերէն cor կամ coeur բառն է («պտուղի միջուկ»), որ բառացիօրէն «սիրտ» կը նշանակէ, նոյն կրկնակ նշանակութեամբ արդի ֆրանսերէնով։ Ֆրանսերէն բառը կու գայ լատիներէն cor բառէն, որ նաեւ «սիրտ» կը նշանակէ, եւ որուն բուն արմատը հնդեւրոպական մայր լեզուի *kerd բառն էր, որ կը նշանակէ «սիրտ»։

Սակայն, եթէ կը կարծէք, որ այս հնդեւրոպական արմատը նաեւ կորիզ բառի աղբիւրն է, պէտք է յիշել, որ երեւոյթները կրնան խաբուսիկ ըլլալ։ Այդ արմատէն բխած հայերէն բառը… մեզի շատ ծանօթ սիրտ բառն է։ Թէ ինչպէ՞ս k-ն կրնայ թէ՛ c եւ թէ՛ s հնչիւններուն ծնունդ տալ, այդ ալ ուրիշ պատմութիւն է։

Փաստը այն է, ուրեմն, որ կորիզ բառին արմատը անծանօթ է, թէեւ գերմանացի հայագէտ մը՝ Էվալտ Լիտեն, առաջարկած էր ծագեցնել հնդեւրոպական ուրիշ արմատէ մը՝ *geu («ծռել»), որուն աւելցած էր *-r ածանցը։ Սակայն, Հրաչեայ Աճառեան այս ստուգաբանութիւնը կասկածելի նկատած է եւ գոհացած՝ հաւաքելով տարբեր բարբառներէ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան, որ բառին սկզբնական ձեւը կորինձ էր, որ հետագային կորիզ դարձած է։

Ահա թէ ինչպէս բոլորովին երկու տարբեր ուղղութիւններէ եկած բառեր հասած են միեւնոյն նշանակութիւնը եւ միեւնոյն հնչիւնը ունենալու։