ՀՈԳԵՊԷՍ ԿՈՅՐ ՉԸԼԼԱՆՔ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 16 Մայիս)
Այսօր՝ Սուրբ Յարութեան տօնի եօթներորդ Կիրակին է։ Հինգշաբթի օր տօնախմբեցինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման հրաշափառ տօնը, եւ համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, այսօր ծանօթ է երկրորդ Ծաղկազարդ անունով։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Աւետարանի ընթերցումը նշանակուած է Յովհաննու 12.12-23, ուր կը կարդանք մեր Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի մասին, երբ դիմաւորուեցաւ քաղաքի բնակիչներուն եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած ուխտաւորներու եւ այցելուներու կողմէ։ Արդարեւ, 20-23 համարներուն մէջ կը կարդանք հետեւեալը, «Տօնին առիթով կարգ մը Յոյներ ալ եկած էին Երուսաղէմ՝ Աստուծոյ երկրպագելու: Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Գալիլեայի Բեթսայիդա քաղաքէն էր, եւ աղաչելով ըսին. – Տէ՛ր, կ’ուզենք Յիսուսը տեսնել: Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ եւ երկուքը միասին Յիսուսի ներկայացուցին անոնց խնդրանքը: Յիսուս պատասխանեց անոնց. – Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ»։
Հայ Եկեղեցին հարուստ ժառանգ մը կը փոխանցէ իր հաւատացեալներուն այսօրուան Աւետարանի ընթերցումին, ինչպէս նաեւ օրուան տօնին ընդմէջէն։ Նախ վայելենք աստուածաշնչական սնունդը։
ա․ Յոյն այցելուներու ներկայութիւնը՝ յատկապէս հանդիպելու Քրիստոսին, նոր տարածք մը կը բանայ Յիսուսի հետեւորդներու շրջագծէն ներս։ Իրա՛ւ է, որ Աւետարանիչը չի զբաղիր անոնց ինքնութեամբ, այնուամենայնիւ, իրենց փափաքը Առաքեալներուն կողմէ Քրիստոսի ներկայացուելու եւ մեր Տիրոջ ուշագրաւ պատասխանը, ընթերցողին մտածել կու տայ որ անոնք յատուկ դասակարգի մը ներկայացուցիչներն էին։
Աւետարանիչին, ինչպէս նաեւ բոլոր Աւետարանիչներուն գլխաւոր նպատակը Յարուցեալ Քրիստոսին բարի լուրի տարածումը ըլլալով, յատուկ նպատակով Յիսուսին հանդիպիլ ուզողներուն հպանցիկ անդրադառնալը հասկնալի է։ Այստեղ կը շեշտուի կարեւորութիւնը բերանացի աւանդութեան, որ պահուած է Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, այն՝ թէ անոնք պատգամաւորներն էին Եդեսիոյ՝ ներկայիս ծանօթ Ուրֆայի, Աբգար թագաւորին։ Հայոց Արքան զանոնք ղրկած էր նամակով մը հրաւիրելով Յիսուսը Եդեսիա, որովհետեւ լսած ըլլալով որ հրեաներ զինք կը հալածէին Եդեսիոյ մէջ, Իրեն կը խոստանար խաղաղ կեանք մը։ Նաեւ, որովհետեւ Աբգար ծանր հիւանդութենէ մը կը տառապէր, բուժելու զինք։ Համաձայն աւանդութեան, Յիսուս, ի պատասխան նամակին, կը խոստանայ յետ Համբարձման Իր աշակերտներէն մէկը ղրկել՝ զինք բուժելու համար։ Այս թանկագին տեղեկութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ Հայ եկեղեցւոյ ինքնութեան արմատները առաւել եւս խորացնելու։
բ․ Աւետարանիչին կողմէ արձանագրուած Յիսուսի պատասխանը, այս տեսակցութենէն բխած՝ «ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ», վստահաբար պէտք չէ աշխարհիկ իմացումով բացատրուի, որպէս թէ իր համբաւը Սուրբ Երկրէն դուրս պիտի տարածուի, այլ պէտք է հասկնանք Փրկագործութեան Խորհուրդի շրջագծէն ներս։ Այս մօտեցումի բանալին կը գտնենք նոյնինքն այս խօսքին յաջորդող հաստատումին մէջ, թէ «վստահ գիտցէք, որ եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ չիյնայ եւ չմեռնի, ինք որպէս առանձին հատիկ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի՝ բազմաթիւ հատիկներ կու տայ» (12.24)։ Արդարեւ, երբ մեր Տիրոջ երկրաւոր առաքելութեան ժամանակագրութեան հետեւինք, կը նկատենք որ այս դէպքը տեղի կ՛ունենայ երկրորդ Զատկուան տօնէն ետք, ինչպէս Յովհաննէս Աւետարանիչ կը յիշէ (6.14), երբ Քրիստոս կը մօտենար երրորդ Զատկուան տօնին եւ Ի՛նք պիտի դառնար յաւերժական Զատիկը՝ զոհաբերուելով որպէս անարատ Գառն Աստուծոյ, Խաչի Սեղանին վրայ մարդկութեան մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան համար։ Հետեւաբար, ցորենի հատիկի առակին ընդմէջէն ակնարկութիւնը՝ Ի՛ր իսկ փրկագործական մահուան եւ Յարութեան կը վերաբերէր, որուն պիտի յաջորդէր Բարի Լուրին տարածումը ազգերու մէջ, որ կը ներառնէ նաեւ աւանդաբար մեզի հասած Տէրունական խոստումին կատարումը, թէ Աշակերտ մը պիտի ղրկուի Աբգար թագաւորին։ Այսպիսով, մենք կը տեսնենք, թէ բերանացի եւ գրաւոր Աւանդութիւնները ոչ թէ կը հակասեն իրարու, այլ կ՚ողջունեն զիրար որպէս մէկ ամբողջութիւն Ճշմարտութեան։
գ․ Վերեւ ըսինք, թէ այս Կիրակին կը կոչուի երկրորդ Ծաղկազարդ, եւ ըստ այնմ կը կարդանք Յիսուսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, հիմնուելով դարձեա՛լ հայկական գողտրիկ աւանդութեան մը վրայ, ըստ որում Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Խոր Վիրապի մէջ զրկուած ըլլալով կեանք բաշխող արեւու վայելքէն ու մարդկային ընկերութենէն, ամէն օր այցելութիւնը կ՚ընդունէր հրեշտակի մը որ, ի զարմանս մեծ սուրբին, Համբարձման տօնի չորրորդ օրը կը բացակայի։ Յաջորդ օր, հրեշտակը դարձեալ այցելելով կը յայտնէ, թէ Երկնային Զօրքերը, իւրաքանչիւր օր իրենց Դասուն համաձայն կը տօնախմբէին Քրիստոսի յաղթական առաքելութիւնը ի խնդիր մարդկութեան փրկութեան եւ Անոր մուտքը երկնային Երուսաղէմ։ Եւ որովհետեւ այցելու հրեշտակը կը պատկանէր Հրեշտակներու չորրորդ դասուն, չէր կրնար բացակայիլ ցնծութեան այդ բացառիկ առիթէն։
Մեծ Սուրբին կեանքին ընդմէջէն մեզի փոխանցուած այս հարուստ աւանդը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս որ Ամենակարող Աստուծոյ հրեշտակը զօրացուց Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Յիսուսը, նոյնպէս հրեշտակ մը Սուրբին հաւատքը անխախտ պահեց Խոր Վիրապ կեցութեան ամբողջ շրջանին։ Հրեշտակներու մասին երբ խօսակցութեան նիւթ ըլլայ, յաճախ սկեպտիկ մօտեցումով կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ միայն անցեալին՝ Աստուածաշնչական պատումներու մէջ կամ Սուրբերու կեանքին մէջ հրեշտակներ կ՚երեւին եւ ո՛չ ներկային։ Հաւատքը անցեալի ապրողներուն սեփականատիրութիւնը չէ, այլ առատագութ Աստուծոյ կողմէ բոլոր ժամանակներու մարդկութեան շնորհուած բարիք մըն է, որպէսզի վայելենք Աստուծոյ ներկայութիւնը, նաեւ երկրաւոր բարիքները գերազանցող յաւերժական օրհնութիւնները։
Այս ճշմարտութիւնը հաստատելու համար, թոյլ թող տրուի ինծի որ անգամուան մը համար դիմեմ ո՛չ թէ Աստուածաշունչ մատեանին կամ եկեղեցւոյ Հայրերուն, այլ ՝ համեստ, բայց հերոս ուսուցչուհիի մը կեանքին մէջ վերջերս պատահած փորձառութեան։ Դժբախտաբար, ծանօթ է որ անցեալ տասնամեակէն ի վեր դպրոցները դարձած են ահաբեկչութեան թիրախ։ Վերջինը տեղի ունեցաւ Մայիս եօթին՝ Այտահօ նահանգի միջնակարգ վարժարանի մը մէջ։ Երբ աշակերտուհի մը զէնքով երեք հոգի վիրաւորեց, ահ ու դողի մատնելով ամբողջ դպրոցը, համայնքը, նաեւ ազգը, թուաբանութեան ուսուցչուհի՝ Krista Gneitingը, իր դասարանի աշակերտները ապահով դպրոցէն դուրս առաջնորդելէ եւ իր կեանքը վտանգելու աստիճան վիրաւորուած աշակերտ մը ապահով անկիւն մը տանելէ ետք, արիւնաթաթախ վիճակով միջանցքին մէջէն կը քալէ ահաբեկիչ աշակերտուհիին ուղղութեամբ, եւ մօտենալով անոր քաղցրութեամբ կը խօսի հետը, թէ ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ։ Երբ աւելի կը մօտենայ, ձեռքը անոր ուսին կը դնէ, աղջնակը զէնքը կը յանձնէ եւ ապա վրայ հասնող զինուորներուն կը յանձնուի։ Այս անհաւատալի դէպքին հրաշալին այս չէ միայն, այլ այն՝ որ ուսուցչուհին կը պատմէ իր ընտանիքի անդամներուն, թէ «երբ ուղիղ քալեցի դէպի աշակերտը, զգացի որ հրեշտակ մը ուսիս վրայ՝ ինծի կ՚ըսէր ի՛նչ պէտք է ըսեմ եւ ի՛նչ ընեմ»։
Չեմ կարծեր, թէ որեւէ մեկնաբանութեան կը կարօտի սարսափի եւ անորոշութեան մէջ պատահած մերօրեայ այս դէպքը։ Թերահաւատութեամբ մօտենալու պարագային, անցեալ Կիրակի օրուան Տէրունական պատգամը մեզ կը զգաստացնէ որ հոգեպէս կոյր չըլլանք, այլապէս մենք մեզ յաւիտենական դատապարտութեան կ՚ենթարկենք։ Ուստի, այսօրուան Աւետարանի պատգամէն առաջնորդուած, կրնանք եզրակացնել թէ Յիսուս կը փառաւորուի ո՛չ միայն Խաչին վրայ Իր փրկագործական զոհագործութեամբ, այլ նաեւ իր հետեւորդներուն հաւատքի, սիրոյ եւ հոգածութեան արարքներուն ընդմէջէն։ Ուստի, փառաւորենք Զինք մեր մտածումներով, խօսքերով ու գործերով, որոնք մեզի աւելի կը մօտեցնեն Աստուծոյ եւ գոհութեամբ օրհնաբանենք ամենայն բարեաց Պարգեւատուն։ Ամէն։