ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱՐՑԱԽԻ 100 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին շարունակեց գարնանային ուրախութիւն եւ յոյս պարգեւել Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի եւ Գեղարքունիկի մարզերուն մէջ ժամանակաւորապէս հաստատուած Արցախի 100 ընտանիքներու, շնորհիւ մեր ծխականներուն եւ բարեկամներուն աջակցութեան:
Բաշխումը կատարուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան (Հայաստան) միջոցով։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կամ անհատ ստացաւ 100 ամերիկեան տոլար:
Մայր Եկեղեցին պիտի շարունակէ հովանաւորել նմանօրինակ ծրագիրներ 2021ի ընթացքին, որուն մասին պիտի տեղեկացնենք պարբերաբար։ Արցախի հազարաւոր գաղթականներ անորոշ ապագայի մատնուած են եւ, դժբախտաբար, նման ծրագիրներու անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի յառաջիկայ ամիսներուն եւ թերեւս տարիներուն։