Մայիս 28, 1918ին, հայ ժողովուրդի վճռակամութիւնն ու հերոսական ոգին կերտեց անոր հրաշալի յարութիւնը` Աստուծոյ հովանաւորութեամբ եւ խիզախ ու նուիրեալ առաջնորդներու շնորհիւ։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հրահանգով, այս Կիրակի, 30 Մայիսին, Արեւելեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գոհաբանական մաղթանք եւ դրօշակի օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ: Հոգեհանգիստ պիտի մատուցուի Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ինկած հերոսներուն եւ Արցախի պայքարի մերօրեայ նահատակներուն համար։ Նկատի ունենալով պսակաձեւ ժահրի համավարակին պայմանները, աղօթք պիտի ըլլայ նաեւ ի խնդիր Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ համայն աշխարհի ժողովուրդներու առողջութեան ու միասնականութեան։
«Օրհնէ՛, Տէ՛ր, այս եռագոյն դրօշը։ Եւ այնպէս ինչպէս ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան վրայ ծիրանի գօտիով քու եւ մարդկութեան միջեւ ուխտ հաստատեցիր, հիմա ալ, սուրբ եւ հերոսական արիւնի հեղումէ ետք այս գեղեցիկ գոյներով դրօշը քեզի հետ կնքուած մեր ուխտին թող նշանը ըլլայ։
Օրհնէ՛, ո՜վ Տէր, մեր երկիրը, մեր Հայրենի երկիրը, ուր երանութեան դրախտը հաստատեցիր աշխարհի ստեղծագործութեան ժամանակ։ Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուցիր զայն։ Մեր եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները եւ բարեսիրական հաստատութիւնները զարդարէ՛ յառաջդիմութեամբ եւ սրբութեամբ, եւ պահպանէ՛ զանոնք թշնամիներէն։ Օրհնէ՛ ինչ որ բարի է հոն, յատկապէս անուններուն առաջինը՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ անունը» (Գոհաբանական մաղթանք Հայաստանի Հանրապետութեան համար, հատուած)։